2009-11-14 12:52:27

Լուրեր հայկական կեանքէն

Արցախի ձայներ համոյթի ելոյթները Գերմանիոյ մէջ։


Լուրեր հայկական կեանքէն

Արցախի ձայներ համոյթի ելոյթները Գերմանիոյ մէջ։

Գերմանիոյ Հանագու եւ Կէօփինկեն քաղաքներու մէջ, կազմակերպութեամբ տեղւոյն եկեղեցական հայ համայնքներու եւ աջակցութեամբ Գերմանիոյ մէջ Լեռնային Ղարաբաղի մշտական ներկայացուցչութեան, տեղի ունեցան Արցախի ձայներ համոյթի համերգները։ Մինչ այդ խումբը համերգներով հանդէս եկած էր նաեւ Ֆրանսայի հայաշատ մի քանի քաղաքներու մէջ։ Այս համերգներու կազմակերպման համար իր կազմակերպչական աջակցութիւնը բերած էր նաեւ՝ Ֆրանսայի մէջ ապրող եւ ստեղծագործող հայ դերասան Նարեկ Դուրեան։ Համոյթի հիւրախաղերը հնարաւոր դարձած էր մոսկուաբնակ արցախցի բարերար Էդուարդ Ղուլեանի, ինչպէս անեւ Արմաւիա օդանաւային ընկերութեան նիւթական աջակցութեամբ ու հովանաւորութեամբ։

Երիտասարդ երգիչ-երգչուհիները համոյթի ղեկավար Լիրա Քոչարեանի ղեկավարութեամբ, ներկայացուցին հայկական, մանաւանդ արցախեան երգերու սքանչելի շարք մը՝ համեմուած թատերական բեմականացումներով։ Ժամանակակից յօրինողներու երգերու կողքին հնչեցին նաեւ Արցախի աւանդական երգեր անոնց հարազատ բարբառով։



ՀՀ դեսպան Ռ Կարապետեանի այցելութիւնը Միլանօ։

Իտալիոյ մօտ Հ Հ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիար Ռուբէն Կարապետեան, 6-7 նոյեմբեր 2009, այցելեց Միլանօ եւ այնտեղ հանդիպումներ ունեցաւ նահանգային և քաղաքային իշխանութիւններու , Միլանոյի առևտրաարդիւնաբերական պալատի, ինչպէս նաև Միլանահայ համայնքի ներկայացուցիչնեուն հետ։Միլանոյի նահանգապետ՝ Guido Podesta-ի հետ հանդիպման ընթացքին Տիար Կարապետեան գնահատեց նահանգապետարանի հայանպաստ գործունէութիւնը և հայ ժողովուրդի նկատմամբ ցուցաբերած մշտական ուշադրութիւնը ու նաեւ 2006-ի հոկտեմբերի 26-ին նահանգային խորհուրդի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցելու վերաբերեալ որոշման համար։ Այս առթիւ ՀՀ դեսպանը քննարկեց Միլանոյի նահանգին և ՀՀ Շիրակի մարզի հետ համագործակցութեան հեռանկարները, ինչպէս նաև Միլանոյի գործարար շրջանակներու կողմէ ՀՀ-ի մէջ համատեղ ներդրումային ծրագրեր իրականացնելու հնարաւորութիւնները։ Guido Podesta-ի հետ համայաձանութիւն ձեռք բերուեցաւ նահանգապետարանի հովանաւորութեամբ գործարար համաժողով կազմակերպելու, ինչպէս նաև երկու երկիրներու նահանգ-մարզ մակարդակով Բարեկամութեան և համագործակցութեան համաձայնագիր կնքելու վերաբերեալ։ Նաեւ դեսպան Կարապետեան Միլանոյի նահանգային խորհուրդի նախագահ Bruno Dapei-ի հետ խօսեցաւ որպէսզի խորհուրդի անդամները այցելեն Հայաստան՝` տեղւոյն վրայ ծանօթանալու համար և այնուհետև փոխշահաւէտ համագործակցութեան գործնական ծրագրեր մշակուին հայ գործընկերներու հետ։ Հայաստանի դեսպանը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Միլանոյի քաղաքապետ Letizia Moratti-ի հետ որուն հետ համագործակցութիւն հաստատելու համայաձնութիւն գոյացաւ հայաստանեան որևէ քաղաքի հետ, Letizia Moratti հրաւիրեց Հայաստանը մասնակցելու՝ Միլանոյի մէջ 2015-ին կայանալիք Milano Expo 2015 միջազգային ցուցահանդէսին։ Նաեւ համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ որպէսզի յաջորդ տարի Միլանոյի մէջ քաղաքապետարանի հովանաւորութեամբ տեղի ունենայ Հայաստանի օր, որու ընթացքին կը կազմակերպուին գործարար համաժողով, մշակութային և հասարակական-քարոզչական բնոյթի բազմաթիւ միջոցառումներ։ Այս առթիւ դեսպանը հանդիպում ունեցաւ միլանահայութեան հետ Միլանոյի Հայ Տան տան մէջ եւ մասնակցեցաւ Սբ Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Սբ Պատարագին։







All the contents on this site are copyrighted ©.