2009-11-14 13:27:27

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՄԱԿ-ի ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԾՐԱԳՐԻ ՄՆԱՅՈՒՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՒՉ ՔՈՆՍՈՒԷԼՕ ՎԻՏԱԼ-ի ՀՐԱԺԵՇՏԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆԻՆ։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունեց Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի մնայուն համակարգող, ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիրի մնայուն ներկայացուցիչ Քոնսուելօ Վիտալը՝ Հայաստանի մէջ անոր առաքելութեան աւարտին առիթով։ Նախարար Նալբանդեան բարձր գնահատեց պաշտօնավարման չորս տարիներուն ընթացքին Վիտալի կատարած աշխատանքը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի զարգացման ծրագիրներուն օժանդակելու համար։ Է. Նալբանդեան նաեւ կարեւոր նկատեց Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի տարբեր գործակալութիւններուն կողմէ իրականացուող ծրագիրները։ Վիտալ իր կարգին երախտագիտութիւն յայտնեց ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիր - Հայաստան գերազանց գործակցութեան համար։ Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի մնայուն համակարգողի առաքելութեան աւարտին առիթով Նալբանդեան Վիտալը պարգեւատրեց արտաքին գործոց նախարարութեան յուշամետալով։
ԵԱՀԿ ՊԷՏՔ Է ՊԱՀՊԱՆԷ ԻՐ ՅԱՌԱՋԱՏԱՐ ԴԵՐԸ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ՄԷՋ(ԿԸՍԷ ՄԱԿ-Ի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԻ ՏԵՂԱԿԱԼԸ)։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի մարդասիրական հարցերով տեղակալ Ճոն Հոլմզ յայտնեց, որ ԵԱՀԿ պէտք է պահպանէ իր յառաջատար դիրքը Հարաւային Կովկասի մէջ, յատկապէս Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ։ Ես կենթադրեմ, որ որեւէ բանակցութեան երկարատեւ սառեցումը դիւրին գործընթաց չէ, սակայն Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ վերջերս որոշակի աշխուժացում կը նկատուի, ինչ որ յոյս կը ներշնչէ, ըսաւ ան։ Ըստ անոր, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը պէտք է դառնայ աւելի արդիւնաւէտ։ Հակառակ անոր որ այդ գործընթացը դժուար պիտի ըլլայ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ազրպէյճանի համար, բայց եւ այնպէս տագնապին լուծումը կը բխի երկու երկիրներու շահերէն(նշեց Հոլմզ)։
ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐ ԱՌԱՆՑ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐՈՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԸ։ ՝՝Ազատութիւն՝՝ ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Փարիզի մէջ գործող Առանց Սահմաններու Լրագրողներ՝՝ միջազգային կազմակերպութիւնը խստիւ քննադատած է ազրպէյճանցի երկու պլոկըրներու՝ Ատնան Հաճիզատէի եւ Էմին Մելիի ազատազրկման դատավճիռը։ Պլոկըրները համացանցին վրայ զետեղած էին մամլոյ ասուլիս տուող աւանակի մասին տեսանիւթ մը։ Կայացած դատավարութեան միակ նպատակը իշխանութիւնները քննադատելու յանդգնութիւն ունեցած երկու պլոկըրները գրաքննելն ու պատժելն էր՝ իրենց քաղաքական կարծիքներուն համար(կըսուի կազմակերպութեան տարածած յայտարարութեան մէջ)։ Դատարանը Էմին Մելին դատապարտած էր 2,5 իսկ Ատնան Հաճիզատէն՝ 2 տարուան բանտարկութեան։ Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս այս հարցով քննադատած էր Ազրպէյճանի իշխանութիւնները։
ԹՈՒՐՔ ԱԿԱՆԱՒՈՐ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՄԸ ԿԱՌԱՋԱՐԿԷ ՔՐՏԱԿԱՆ ՀԱՐՑԸ ԼՈՒԾԵԼ ՔՐՏԱԿԱՆ ԿՈՏՈՐԱԾՆԵՐՈՒՆ ԿՐԿՆՈՒԹԵԱՄԲ։ 12 նոյեմբերին թրքական խորհրդարանին մէջ Ժողովրդավարական Նախաձեռնութեան քննարկումները դարձեալ անցած են կոշտ յայտարարութիւններով։ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան փոխնախագահ Էօնիւր Էօյմեն, որ յայտնի է իր հակաքրտական խիստ կեցուածքներով, իր ելոյթով զայրացուցած է Տերսիմի բնակչութիւնը։ Էօյմենի ելոյթին պատճառով Տերսիմի պատերուն վրայ արդէն իսկ փակցուած են անոր նկարները՝ Հիթլերի նմանութեամբ։ Իսկ թրքական ՝՝Սթար՝՝ օրաթերթի աշխատակիցը Էրկիւն Պապահան իր հրապարակումին մէջ կը նշէ Հանրապետական Ժողովուրդի կուսակցութեան անդամ Էօնիւր Էօյմեն երէկ խորհրդարանին մէջ ամօթալի ելոյթ ունեցաւ։ Քրտական հարցի լուծման համար իբրեւ օրինակ ան մատնանշեց Տերսիմի 1937-1938-ի քրտական կոտորածներուն։ Էօյմեն իր ելոյթին ընթացքին հարցուց, որ Տերսիմի մէջ մայրերը լացի՞ն։ Չեն լացած, որովհետեւ մայր չմնաց։ Մայրերը իրենց գրկին մէջ եղած երեխաներուն հետ միասին կոտորեցին։ Յստակ չէ, թէ Տերսիմի մէջ 1937-1938-ին քանի՛ հոգի կոտորեցին։ Էօնիւր Էօյմեն, որ այդ դէպքերը իբրեւ օրինակ կը բերէ՝ ինչո՞ւ դպրոցական գիրքերուն մէջ ալ չի քարոզեր։ ՝՝Պատմեցէ՛ք, հայկական տեղահանութիւնը, Տերսիմը։ Դուք պետութեան մի՛ սպասէք, պատրաստեցէք զանոնք ինչպէս ձեր կուսակցութեան սեփականութիւնը, որովհետեւ անոնք ձեր կուսակցութեան պատմութեան կարեւոր մասերն են՝՝ (կը նշէ Սթար օրաթերթի աշխատակիցը)։







All the contents on this site are copyrighted ©.