2009-11-13 12:33:14

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը
Ուրբաթ, նոյեմբեր 13, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեց
Տիար Կորտոն Պաժնայ` Հունգարիոյ վարչապետը եւ անոր ընկերացող շքախումբը։
Պրազիլի եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ` կանոնական հնգամեայ այցելութիւն։
''Մէկ Սիրտ'' կոչուած Քահանայապետական Խորհուրդի բարեգործական մարմնի անդամները։
Իսկ յետմիջօրէին Նորին Սրբութիւնը ընդունեց կարտինալ Ուիլիամ Ժոզէֆ Լեվատան` կառավարիչը հաւատոյ Ժողովի։

Սրբազան Քահանայապետին հանդիպումը Լումսայի համալսարանի հետ։
Հինգշաբթի օրը Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Հռոմի Լումսա կաթողիկէ համալսարանի անձնակազմն եւ ուսանողութիւնը, Համալսարանի հիմնարկութեան 70րդ տարեդարձին առթիւ։ Անոնց ուղղած խօսքին մէջ Սրբազան հայրը ըսաւ կաթողիկէ համալսարանները կարիքը ունի ճշմարիտ դասատուներու, կարող հաղորդելու ոչ միայն գիտնական գիտելիքները այլեւ քրիստոնեական արժէքները։ Լուսման, երկար տարիներու հոլովոյթին գիտցաւ հաւատարիմ մնալ իր կոչումին ու սերտ կապ պահել Ս. Աթոռին հետ։ Ներկայ աշխարհի տնտեսական խոր տագնապը, ի յայտ բերաւ կարեւորութիւնը վճռական ու յանդուգն ներդրումի գիտութեան ու դաստիարակութեան մարզերէն ներս համապատասխանելու ժամանակակից մարտահրաւէրներու եւ պատրաստելու նոր սերունդը լաւագոյն ապագայի մը կերտումին։

Սրբազան Հօր հանդիպումը Խրուաթիայի հանրապետութեան նախագահին հետ։ Հինգշաբթի օրը Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Խրուաթիայի հանրապետութեան նախագահը։ Խօսակցութեան նիւթերը եղան. քրիստոնեական ինքնութեան յարգանքը, շրջանի կայունութեան նպաստը եւ խաղաղութեան հզօրացումը։ Նոյնպէս հարկաւորութիւնը պահպանել ու զարգացնել հասարակաց բարիքը շինիչ երկխօսութեան միջոցաւ իշխանութիւններու ու ընկերութեան բաղկացուցիչ մարմիններու հետ։







All the contents on this site are copyrighted ©.