2009-11-13 12:23:48

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՄԱԿ-Ի ՄԷՋ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ՍՈՒՏ ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՐԶԱԲԱՆՈՒՄ։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութեան ղեկավար Տիգրան Բալայեան կը հաղորդէ որ 11 նոյեմբերին ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդին մէջ քննարկումներ կայացած են ՝՝քաղաքացիական բնակչութեան պաշտպանութիւնը՝ զինեալ հակամարտութիւններուն ընթացքին՝՝ նիւթով։ Նիստի ընթացքին ելոյթներ ունեցած են ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Պան Քի Մուն, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի 47 անդամ պետութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնց կարգին՝ Հայաստան։ Ազրպէյճանի դեսպան Մեհտիեւ իր խօսքին ընթացքին ներկայացուցած է Խոճալուի դէպքերու ազրպէյճանական մեկնաբանութիւնը։ Անոր յայտարարութիւններէն ետք խօսք առած է ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի դեսպան Կարէն Նազարեան, որ մասնաւորաբար նշած է, որ քննարկումներուն իր մասնակցութիւնը առնչուած է՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան նախորդած շրջանին Ազրպէյճանի կողմէ հայերու նկատմամբ ծրագրաւորուած եւ գործադրուած ցեղային զտումներն ու սպանութիւնները լուսարձակի տակ բերելու անհրաժեշտութեան։ Դեսպան Նազարեան հակադարձած է Խոճալուի մասին Անվտանգութեան Խորհուրդին մէջ ազրպէյճանական յայտարարութեան, նշելով, որ այդ տարիներու Ազրպէյճանի նախագահ Մութալիբովի համաձայն, Խոճալուի սպանդը կազմակերպած էր ազրպէյճանական ընդդիմութիւնը, որուն նպատակն էր իր իսկ բնակչութեան սպանութեան ամբողջ ծանրութիւնը նետել Պաքուի իշխանութիւններուն վրայ ու յեղաշրջում մը կազմակերպել։ Հայաստանի դեսպանը դատապարտած է Ազրպէյճանը՝ մարդկային իրաւունքներու ոտնահարման յանցանքով ու նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը զինեալ հակամարտութեան ճանապարհով լուծելու Պաքուի արկածախնդրութիւնն է, որ հասցուց անկանխատեսելի ու ծանր հետեւանքներու, եւ միայն Հայաստանի միջամտութեամբ կարելի եղաւ կասեցնել իրենց իսկ հայրենիքին մէջ արցախցիներու բնաջնջումը եւ առհասարակ ազրպէյճանական յարձակումը։
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՃԱՆԱՉՈՒՄԸ ԱՆՆՊԱՏԱԿԱՅԱՐՄԱՐ ՆԿԱՏԵՑ։ Հայաստանի կառավարութիւնը կրկին դէմ գտնուած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման մասին օրինագիծին։ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան յայտնած է, թէ ներկայ դրութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչումը աննպատակայարմար է մեզի համար։ Նշենք, որ նախագիծը ներկայացուցած են Ժառանգութիւն կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան պատգամաւորները։
ՇՈՒԷՏԻ ԸՆԿԵՐՎԱՐ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՃԱՆՉՑԱՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ։ ՝՝Գերմանիոյ ձայնը՝՝ ձայնասփիւռի կայանը Նոյեմբեր 11ին հաղորդեց, թէ Շուէտի Ընկերվար ժողովրդավար կուսակցութիւնը իր համագումարի ընթացքին վաւերացուցած է այն բանաձեւը, որ կը շեշտէ, թէ հայերու եւ ասորիներու դէմ ցեղասպանութիւն գործադրուած է Թուրքիոյ իշխանութեանց կողմէ։
 Կուսակցութիւնը Շուէտի խորհրդարանին մէջ ամենէն մեծ երեսփոխանական խմբակը ունի, եւ համախոհական կառավարութիւն մը կազմած է աջակողմեան կուսակցութիւններու հետ: Հայկական ու ասորական համայնքներուն ջանքերով, կուսակցութիւնը երկու ցեղասպանութիւններուն մասին այս որոշումը վաւերացուց, հակառակ այն իրողութեան, որ Շուէտի մէջ գործող թրքական հաստատութիւնները բողոքի հեռագիրներ ու նամակներ տեղացուցած էին կուսակցութեան ղեկավարութեան վրայ։ Թրքական միութիւնները յայտարարած են, թէ ասկէ ետք պիտի չքուէարկեն Շուէտի Ընկերվար ժողովրդավար կուսակցութեան ի նպաստ: Սոյն կուսակցութեան կողմէ վաւերացուած որոշումը պարտաւորիչ հանգամանք ունի, եւ անիկա ասկէ ետք պարտաւոր է ցեղասպանութեան մասին միջազգային համագումարներ կազմակերպել ու հարցը դնել Եւրոմիութեան կամ ՄԱԿի օրակարգերուն վրայ։  Հաւանական է, որ մօտ օրէն երկու ցեղասպանութիւններու մասին բանաձեւ մը յղուի Շուէտի Խորհրդարանին, ինչպէս կը յղուի ամէն տարի։ Անցեալ տարուան բանաձեւը մերժուած էր։
ԹՐՔԱԿԱՆ ԹԵՐԹԵՐԷՆ։
Թրքական ՝՝ՀԻՒՐՐԻՅԷԹ՝՝ օրաթերթը կը հաղորդէ որ թուրքիոյ ծովուժի գնդապետ Տուրսուն Չիչեք, որուն ստորագրութիւնը կը գտնուի ահաբեկչութեան դէմ պայքարի դաւադրական ծրագիրին վրայ, չորս ամիս 11 օր ետք երկրորդ անգամ ըլլալով ձերբակալուեցաւ։ Նախ եւ առաջ ան հարցաքննուեցաւ ծանօթ դատախազ Զեքերիա Էօզի կողմէ, ապա դատարան ուղարկուեցաւ։ Գնդապետ Չիչեք դատաւորին յայտնեց, որ ինք երբեք փաստաթուղթը չէ տեսած եւ ստորագրութիւնը իրեն չի պատկանիր։
Քրէական հարցերու տարրալուծարանները վկայեցին, թէ խորհրդաւոր լրտեսի մը կողմէ դատախազներուն ուղարկուած փաստաթուղթին տակ գտնուող ստորագրութիւնը գնդապետ Չիչեքինն է։ Նշենք որ անցեալ յուլիսին նոյն գնդապետը նոյն բանտին մէջ արգելափակուած էր, սակայն 18 ժամ ետք ազատ կ՝արձակուէր։







All the contents on this site are copyrighted ©.