2009-11-12 14:42:42

Պենետիկոտս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը եւՎատիկանեան տեղեկութիւններ


Հինգշաբթի նոյեմբեր 12 Պենետիկոտս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց Խրուաթիոյ հանրապետութեան նախագահը տիար Մեզիչ եւ անոր ընկերացող շքախումբը։ Ապա Խրուաթիոյ նախագահը տեսակցութիւն ունլեցաւ Ս. Աթոռի պետական քարտուղարի եւ արդգործ նախարարի հետ։
Ապա Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Հռոմի Լումսա համալսարանի անձնակազմը եւ ուսանողութիւնը անոր հիմնարկութեան 70րդ տարեդարձին առթիւ։

Վատիկանեան -
Նոյմբեր 12-15 Եւրոպայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի ընկերային հաղորդակցութեան յանձնախումբը իր լիագումար ժողովը կը գումարէ Վատիկան, ունենալով որպէս բնաբան. ''ցանցի մշակոյթը ու Եկեղեցւոյ հաղորդակցութիւնը''։ Բացման խօսքը կը կատարեն Զակապրիայի թեմի առաջնորդը կարտինալ Պոզանիչ եւ գերապայծառ Չելլի` նախագահը ընկերային հաղորդակցութեան քահանայապետական խորհուրդի։

Նոյեմբեր 12-14 Հռոմի մէջ տեղի կ'ունենայ ''Մէկ Սիրտ'' կոչուած վատիկանի բարեսիրական մարմնի լիակատար նիստը, ունենալով որպէս նիւթ ''եղբայրօգնութեան կամաւորներու կազմաւորում''։

Մասնակցութեամբ Ս. Աթոռի` ֆրանսա-անգլիական նախաձեռնութիւն զէնքի վաճառքի համաձայնագրին մասին։
Մեր ժամանակի մեծագոյն ողբերգութիւններէն մէկը զէնքերու ապօրէնի ծաւալումը, որուն հետեւանքով աւելի քան հազար անհատներ օրական կը սպաննուին այդ ապօրէնի զէնքերէն։ 2006էն ի վեր Ֆրանսան եւ Անգլիան միասնաբար կը համագործակցին համաձայնագիր մը պատրաստելու զէնքի վաճառքին համար ՄԱԿէն ներս։
Անցեալ յուլիսէն սկսեալ կարգ մը երկիրներ շահագրգռութիւն ցոյց տուին հանդէպ այս դաշնագրին։ 30 հոկտեմբերին ջաղջախիչ մեծամասնութիւն մը ի նպաստ արտայայտուեցաւ օրինաւոր զէնքերու միջազգային վաճառքի դաշնագրին։ Յայտնենք թէ այս առաջին անգամն է որ ԱՄՆը կը յարի նման դաշնագրի մը։ 2012ին կը նախատեսուի ստորագրութիւնը դաշնագրին։ Այդ ուղղութեամբ Ֆրանսան եւ Անգլիան սերտ համագործակցութիւն մը հաստատած են ոչ կառավարական ու եկեղեցական մարմիններու հետ։ Ս. Աթոռը կենսական դեր մը ունեցած է միատեղ բերելու ու համոզելու ՄԱԿի 174 պետութիւնները այդ դաշնագրին յաջողութեան համար







All the contents on this site are copyrighted ©.