2009-11-12 14:42:56

կրօնաբարոյական հարցեր - Աստուած Մեզ Անկատա՞ր Ստեղծեց


կրօնաբարոյական հարցեր - Աստուած Մեզ Անկատա՞ր Ստեղծեց

Ֆիզիքական մեր կեանքի թերութիւններէն շա՜տ շատերը, բժշկութեան ու գիտական տարբեր ուսումնասիրութիւններու ճամբով իրենց բացատրութիւնները ստացած են արդէն: Բայց մենք, իբրեւ մարդիկ, կը սիրենք մեր հին ըմբռնումներուն կառչիլ: Գիտութեան բերած բարիքներէն մէկը եղաւ նաեւ բացատրութիւն տալ բնութեան թէ մարդու կեանքին վերաբերող շատ մը խորհրդաւոր հարցումներու: Այսպէս, ո՞վ գիտէր անցեալին, թէ երկիրը կլոր է, եւ կարծուածին պէս՝ տափարակ ու սիւնազարդ կապոյտին ներքեւ հաստատուած չէ: Կամ ո՞վ գիտէր թէ առաւօտուն ծագող արեւը, որ միջօրէին կը զօրանար ու ապա տկարանալով կը կորսուէր՝ չի՛ կորսուիր, այլ ինչպէս որ է՝ այդպէս լուսաւոր կը մնայ, եւ երկիրն է որ անոր շուրջ կը դառնայ: Բայց մարդիկ միշտ ալ կը շարունակեն ըսել՝ արեւը մար կը մտնէ, կամ՝ հիացումով իրարու կ՛ըսեն. Մայրամուտը դիտեցէ՛ք. ինչքա՜ն հրաշալի է ու գեղեցիկ: Այսպէս ըսողներ գիտեն այլեւս թէ արեւը մար չի՛ մտներ, սակայն չեն հրաժարիր այդ ըսելաձեւէն:

Նոյնն է պարագան մեր ֆիզիքական շատ մը թերութիւններուն ու հիւանդութիւններուն: Թէ՛ բժիշկներ եւ թէ մենք ինքներս կը գիտակցինք երբեմն թէ ուրկէ՞ եկած է այդ հիւանդութիւնը մեր վրայ, կամ թէ ի՞նչ պատճառաւ մեր զաւակը «անկատար» ծնաւ, սակայն, բոլոր պարագաներուն, ամենէն դիւրին ու համոզիչ բացատրութիւնը կը սիրենք ուրիշին փոխանցել, ըսելով թէ՝ Աստուա՛ծ այսպէս ուզեց: Ոմանք այսքան համեստութիւն ալ չեն ունենար, եւ ընդհակառակը նոյն արտայայտութիւնը բողոքի վերածելով, զԱստուած միակ պատասխանատուն կը նկատեն այդ ձախորդութեան:

Իսկ ինչ կը վերաբերի արկածներուն ու պատահարներուն, հաստատապէս պէտք է ըսել, թէ Աստուած մեր չարիքը չի՛ ցանկար բնաւ, այլապէս արդէն մեզ չէր ստեղծեր: Իր անճառելի սիրոյ ծնունդն ենք մենք: Բայց Աստուած չի՛ միջամտեր մարդուն կեանքի ներքին անցուդարձերուն, երբեմն ցաւով կը հետեւի ատոնց, սակայն ինչ որ պիտի պատահի՝ կը պատահի կեանքի մէջ, ու արկածներու բերումով ինչքա՜ն չարիք ի յայտ կու գան, որոնք կը վշտացնեն մարդկային սիրտն ու հոգին:

«Աստուած մարդը անկատար ստեղծեց» ըսելը, պարզապէս իրականութենէն փախուստ տալու պատուհան մըն է: Աստուծոյ ստեղծագործութիւնը միշտ բարի է: Մեր հաւատքի գիրքին առաջին էջերուն մէջ ներկայացուած ստեղծագործութեան պատմութեան մէջ, իւրաքանչիւր օրուան մէջ տեղի ունեցած արարչութեան աւարտին, գրուած է. «Աստուած տեսաւ որ բարի է»: Այդ բարութեան մէջ կայ նաեւ կատարելութիւնը: Իսկ եթէ կեանքի պայմաններուն բերումով, դէպքեր ու պատահարներ, ինչպէս նաեւ մեղքը պատճառ կը դառնան սխալանքներու գոյառման եւ այն տպաւորութիւնը կը թողուն որ մարդը «անկատար» ստեղծուած է, վերադարձի ճամբայ մըն ալ նշուած է անոր դիմաց: Աստուածորդին կատարելութեան ձգտելու պատգամ մը տուաւ իր հետեւորդներուն. «Կատարեալ եղէք, ինչպէս որ ձեր երկնաւոր Հայրը կատարեալ է,» ըսաւ Ան: Այս առումով, ինչպէս ալ ըմբռնուին մարդուն թերութիւններն ու տկարութիւնները, ան չի՛ դադրիր Աստուծոյ ստեղծագործութեան փառքն ու պսակը հանդիսանալէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.