2009-11-12 14:20:34

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

Էդուարդ Նալբանդեան կամրապնդէ հայ-զուիցերիական կապերը։
Նոյեմբեր 10-ին, ՀՀ նախագահի Հունգարիա պետական այցելութեան աւարտէն յետոյ, ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը Պուտափեշտէն ուղեւորուեցաւ Զուիցերիա։ Պեռնի մէջ Էդուարդ Նալբանդեանը հանդիպում ունեցաւ Զուիցերիոյ արտաքին յարաբերութիւններու դաշնային բաժանմունքի ղեկավար Միշլին Քալմի-Ռէյի հետ։ Հանդիպման օրակարգին վրայ երկկողմ գործակցութեան տարբեր ոլորտներու վերաբերող մի քանի հարցեր կային, տարածաշըրջանային եւ միջազգային խնդիրներ։ Նախարարները արձանագրեցին, որ երկկողմ յարաբերութիւնները զարգացում կապրին, որու վկայութիւնն են Հայաստանի եւ Զուիցերիոյ նախագահներու հանդիպումը, արտաքին գործոց նա-խարարներու տասնեակ բանակցութիւնները եւ Զուիցերիոյ միջնորդութիւնը հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ։ Էդուարդ Նալբանդեանը երախտագիտութիւն յայտնած է այս գործընթացին մէջ Զուիցերիոյ միջնորդական ջանքերուն համար։ Նախարարի բնորոշմամբ՝ Զուիցերիան ստանձնած էր առաքելութիւն մը, որը կը պահանջէր միաժամանակ հաստատակամութիւն եւ զսպուածութիւն, երեւակայութիւն, զգուշութիւն, ինչպէս նաեւ համբերութիւն։ Միջնորդ պետութիւնը պատիւով կատարեց այդ առաքելութիւնը։ Այցելութեան շրջանակներու ծիրէն ներս, Էդուարդ Նալբանդեան ու Միշլին Քալմի-Ռէյը ստորագրեցին Հայաստանի կառավարութեան եւ Զուիցերիոյ դաշնային խորհուրդի միջեւ կանոնաւոր օդային հաղորդակցութիւններու մասին, Հայաստանի կառավարութեան եւ Զուիցերիոյ դաշնային խորհուրդի միջեւ դիւանագիտական անձնագրեր ունեցող անձերուն համար մուտքի արտօնագրի պահանջը վերացնելու մասին համաձայնագրերը։
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՒ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՔՆՆԱՐԿԵՆ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿԻ ՀԱՐՑԸ (ԿԸՍԷ ԷԼՄԱՐ ՄԱՄԵՏԵԱՐՈՎ)։ Ազրպէյճանական ՝՝1.news.az՝՝ կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով երէկ լրագրողներուն յայտնած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ նոյեմբերի վերջաւորութեան տեղի ունենալիք հանդիպումին արդիւնքներով երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւնները 1-2 դեկտեմբերին խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակեն Աթէնքի մէջ՝ ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարութիւններու ղեկավարներու հանդիպման ծիրին մէջ։
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՀԱՐԻՐԻ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ՍՏԱՆՁՆԵՑ ԻՐ ՊԱՇՏՕՆԸ։ Լիբանանի Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրին հասաւ վարչապետարան, ուր ան դիմաւորուեցաւ պաշտօնական եւ հանդիսաւոր արարողութեամբ։ Վարչապետ Հարիրի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց նախարարաց խորհուրդի դիւանը, որուն հետ ունեցաւ հանդիպում մը։
Ամերիկահայ Բեմադրիչի Նոր Շարժապատկերը Հայկական-Պատմական Նիւթով։ ԵՐԵՒԱՆ «Ռադիօլուր».- Ամերիկահայ արուեստագէտ՝ տեսողական իրագործումներու վարպետ ՌոՃըր Գուբելեան, վերջերս կ՛աշխատի իր «Բիւզանդիայի արեւելքը» գեղարուեստական շարժապատկերին վրայ, որ կը պատմէ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան ընդունման մասին եւ կ՛ընդգրկէ Գրիգոր Լուսաւորիչէն մինչեւ Աւարայրի ճակատամարտը երկարող ժամանակաշրջանը: ՝՝Բիւզանդիայի արեւելքը» գրեթէ աւարտած ֆիլմ է, բայց՝ հոլիվուտեան գործադիրներու հետ տակաւին ճշգրտումներու փուլին մէջ:՝՝Բիւզանդիայի արեւելքը» ծրագրի շեշտադրած կէտերէն մէկը կիներու դերն է 3րդ-5րդ դարերու հայոց պատմութեան մէջ, ու յատկապէս, Աւարայրի շրջանին. թէ ինչպէս «տիկնայք փափկասունք հայոց աշխարհի», երբ մարտերու մէջ իրենց ամուսինները զոհուեցան, ըմբոստացան եւ դուրս եկան պաշտպանելու հայրենիքը:ՌոՃըր Գուբելեանի անունը շարժապատկերի աշխարհին մէջ յայտնի դարձաւ 1996ին։ Ան մասնակցած էր հիմա արդէն դասական դարձած՝ «Սփէյս Ճէմ» ֆիլմի ստեղծման աշխատանքին, որու գլխաւոր դերակատարն էր Մայքըլ Ճորտըն: Ապա, անհամար այլ ֆիլմեր՝ «Մեր հայրերու դրօշները», «Չառլի Ուիլսընի պատերազմը», «Ռիտտիքի ժամանակագրութիւնը», «Գարապեան ծովահէնները», վերջերս նկարահանուած՝ «Թերմինէյթըր. փրկութիւն»ը: Ամենածանօթ գործը, որուն վրայ աշխատած է ՌոՃըր Գուբելեան, «Մատանիներու տիրակալ» (“The Lord of the Ring”) օսքարակիր եռամաս ֆիլմն է: Ան կ՛աշխատի նաեւ հեռատեսիլի ծրագիրներու վրայ:







All the contents on this site are copyrighted ©.