2009-11-11 13:45:37

Ֆրանսահայութեան պատմական ՜՜Յառաջ՝՝ թերթի դադրեցումէն ետք

27 հոկտեմբեր 2009-ին լոյս տեսաւ ՜՜ Նոր Յառաջ՝՝ը Շնորհաւոր ըլլայ ու Բարի երթ՝ հայ մամուլի կերտած ճանապարհին վրայ։


Ֆրանսահայութեան պատմական ՜՜Յառաջ՝՝ թերթի դադրեցումէն ետք

27 հոկտեմբեր 2009-ին լոյս տեսաւ ՜՜ Նոր Յառաջ՝՝ը Շնորհաւոր ըլլայ ու Բարի երթ՝ հայ մամուլի կերտած ճանապարհին վրայ։



Ֆրանսայի մէջ 27 հոկտեմբեր 2009-ին լոյս տեսաւ ՜՜ Նոր Յառաջ՝՝ թերթի առաջին թիւը։ Ֆրանսահայութեան պատմական ՜՜Յառաջ՝՝ թերթի դադրեցումէն ետք, ահա՝ չորս ամիս ետք Նոր Յառաջը կուգայ միանալու հայ մամուլի դաշտէն ներս, կանոնաւոր իր հերթականութեամբ, ամուր հիմերու վրայ խարսխելով իր գոյատեւումը։ Նոր Յառաջի հրատարակութեան քայլը մեծապէս ողջունելի, անհրաժեշտ նախաձեռնութիւն մըն է, որ միայն ֆրանսահայութեան ուղղուած պէտք չէ մնայ։ Որովհետեւ Սփիւռքի մէջ հրատարակուող սակաւաթիւ թերթերը միայն իրենց գաղութներուն ուղղուած թերթեր չեն, այլ անոնք ամբողջ հայութեան առջեւ բացուող լայն հորիզոններ են, որ կոչուած են համայն հայութեան զարկերակը հանդիսանալու։

Շնորհաւոր ըլլայ Նոր Յառաջի հրատարակումը։ Բարի երթ՝ հայ մամուլի կերտած ճանապարհին վրայ։

Նոր Յառաջի խմբագրական կազմը կը բաղկանայ ՜՜Յարութիւն Կոպէլեանէ, Ժիրայր Չոլաքեանէ, Նորա Պարութճեանէ եւ Արամ Քերովբեանէ՝՝։ Թերթը առաջին շրջանին շաբաթական երկու թիւ պիտի հրատարակէ (Երեքշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը), ապա երեք, իսկ մօտ ժամանակէն արդէն օրաթերթ պիտի դառնայ։

Տարեկան սակը ճշդուած է 220 եւրօ (Ֆրանսայի մէջ) եւ 270 եւրօ (Եւրոպայի տարածքին)։

Անդրանիկ թիւի հրատարակութեան պարունակութիւնը անշուշտ տրամադրուած է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու զարգացումներուն։

Նոր Յառաջին հետ կապ պահելու համար կարելի է օգտագործել contact@norharatchcom ելեկտրոնային նամակի հասցէն։ Նոր Յառաջ կը վայելէ հովանաւորութիւնը Եւրոպայի մէջ հայատառ մամուլի գոյութեան անհրաժեշտութեան գիտակից անձերու։ Անցեալ Մայիսին այս տրամադրութեամբ հանդէս եկան խումբ մը մտաւորականներ։ Այսօր, լոյս կը տեսնէ Նոր Յառաջի անդրանիկ թիւը։ Կիրականանայ հայատառ մամուլին ի սրտէ հաւատացողներու ցանկութիւնը։ Սփիւռքի պայքարը երկմշակութայնութեան, երկլեզւութեան պայքարն է։ Թերթին նպատակն է զարկ տալ հայկական մշակութային հաւաքական կեանքին։ Բոլոր այն նախաձեռնութիւնները որոնք կը տարուին երկլեզւութեան, երկմշակութայնութեան ծիրէն ներս եւ զարկ կուտան հայերէնի զարգացման, կը պայքարին մոռացումին, ուրացումին, ժխտումին դէմ, Նոր Յառաջի էջերուն մէջ իրենց բնական տեղը պիտի գտնեն, իրենց արձագանգը պիտի ունենան։



 








All the contents on this site are copyrighted ©.