2009-11-11 13:40:28

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը
Չորեքշաբթի 12 նոյեմբեր 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներու, Պօղոս Զ.ի անուան սրահը։
Սրբազան Հայրը, այսօրուան խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց ՜՜ԺԲ. դարու վանական աստուածաբանութեան ծաղկումի վրայ՝՝ մասնաւորապէս խօսելով Գլէնի վանական միաբանութեան մասին։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
Գլէնի վանական միաբանութիւնը, ԺԲ. դարուն սկիզբը, վերարծարծելով Սուրբ Պենետիկտոսի կանոնագիրքը, նպաստեց վանական կեանքի բարենորոգումին, երաշխաւորելով կեդրոնական դերը ծիսակատարութեան ու լռութեան անհրաժեշտութեան նպաստելով ամփոփումին ու աղօթքի մթնոլորտին։ Բազմաթիւ վանքեր կապուեցան Գլընի աբբայարանին եւ այսպէս զարկ տրուեցաւ հոգեւոր վերազարթօնքին։
Ապա Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց թէ այդ միաբանութեան յաջողութիւնը պտուղն է բարձր հոգեւորականութեան ու Քահանայապետներու քաջալերանքին եւ վանական կեանքի մաքրազտումին ու վերազարթօնքի գաղափարականութեան։
Վանական այս բարենորոգումը մեծապէս բարեբեր եղաւ քահանայական կեանքի բարենորոգումին Եկեղեցւոյ մէջ։ Նոյնպէս սատարեց բարեգործական մարմիններու ստեղծումին։ Ինչպէս՝ բռնութիւններով յատկանշուած աշխարհի մը մէջ, սատարեց ''Աստուծոյ զինադադար'' եւ ''Աստուծոյ խաղաղութիւնը'' կոչուած շարժումներուն։
Եւրոպայի ժողովուրդներու գիտակցութեան մէջ, Գլընի աբբայարանի բարենորոգումը առիթ ընծայեց լաւագոյնս ճանչնալու մարդկային էակի արժէքը եւ խաղաղութեան բարիքները։ Գլընեան աբբայարանները օժանդակեցին նաեւ տնտեսութեան ու մշակոյթի զարգացման։
Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց ըսելով. բոլոր անոնք որոնք շահագրգռուած են մարդաբանութեամբ ու Եւրոպայի ապագայով, թող գիտնան ճանչնալ, գնահատել ու պաշտպանել ներկայ Եւրոպայի մշակութային ու կրօնական հարուստ ժառանգութիւնը։
Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները հրաւիրելով բոլոր քրիստոնեաները խորացնելու հաւատքի խորհուրդներու նշանակութիւնը եւ որ այդ խորացումը բխի ու լուսաւորուի Աստուծոյ սէրէն։
Եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը , Սրբազան Քահանայապետը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն յիշեցնելով թէ այսօր եկեղեցի կը մեծարէ ՜՜Ս. Մարթինօ՝՝ն։ Ան, ըսաւ Սրբազան Հայրը,եղաւ աւետարանական վեհանձնութեան ճշմարիտ վկան, անոր աւետարանական վկայութիւնը թող նեցուկ ըլլայ բոլորիս, հաւատարմօրէն ապրելու Աստուծոյ պատուիրաններուն համաձայն։
Ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը կոչ ըրաւ Սրի լանքայի իշխանութիւններուն որպէսզի վերջ դնէ զինեալ ընդհարումին եւ արտօնէ արտահաններուն տուն վերադարձը։ Եւ միաժամանակ միջազգային հասարակութենէն խնդրեց որ օգնէ Սրիլանքայի մարդկայնական ու տնտեսական կարիքներուն եւ Մատուի Սուրբ կոյս Մարիամէն խնդրեց որ շարունակէ հսկել այս սիրեցեալ հողի զաւակներու վրայ։







All the contents on this site are copyrighted ©.