2009-11-11 12:47:28

Հունգար Գնչուներու Rajkò նուագախումբի արտակարգ ելոյթը Ռատիօ Վատիկանի մէջ։

՝՝Երաժշտութիւնը սահման չի ճանչնար՝՝


Հունգար Գնչուներու Rajkò նուագախումբի արտակարգ ելոյթը Ռատիօ Վատիկանի մէջ։

՝՝Երաժշտութիւնը սահման չի ճանչնար՝՝։



Երէկ Չորեքշաբթի 4 Նոյեմբեր 2009-ին, Վատիկանի Ձայնասփիւռի բազմալեզու ու բազմազգային անձնակազմը մեծ ուրախութեամբ Ռատիոյի՝ Սալա Մարգոնի սրահին մէջ ունկնդրեց Հունգարիոյ Գնչուներէ բաղկացած՝ որակաւոր երաժիշտներուն մաս առած ՌԱԺԳՕ-Rajkò(որ կը նշանակէ երիտասարդ գնչու) նուագախումբի ելոյթը։ Խումբը Վատիկանի Ռատիոկայանի պաշտօնեաներուն հրամցուց մեծ երաժիշտներուն գործերէն կտորներ ապրեցնելով զանոնք անմոռանալի լրիւ մէկ ժամ մը։ Հունգար ծագումով գնչու երաժիշտներու 20 հոգինոց խումբը նախ քան նուագած էր, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին։ Այս առիթէն օգտուելով Ռատիօ Վատիկանի Հունգարական Հաղորդումներու բաժինը Ռատիոկայան հրաւիրեց զանոնք որպէսզի Վատիկանի Ռատիոկայանի անձնակազմն ալ կարենար վայելել այս արժէքաւոր երաժիշտներու ելոյթը։ Ռատիօ Վատիկանի անձնակազմը հանդիսութեան աւարտին յոտնկայս ծափահարութիւններով գնահատեց հունգարացի արուեստագէտները ,անգամ մը եւս համոզուելով թէ ՝՝երաժշտութիւնը իսկապէս սահման չի ճանչնար՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.