2009-11-11 12:31:50

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Լուրերուն։


 
Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Լուրերուն։
ԴԻՏԱՐԿՈՒՄ՝ ՂԱՐԱԲԱՂ - ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ՃԱԿԱՏԻՆ ՎՐԱՅ։
Ըստ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն հետ նախօրօք ձեռք բերուած համաձայնութեան, երէկ ԵԱՀԿ-ի առաքելութիւնը դիտարկում կատարած է Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու շփման գիծին վրայ՝ Հորատիզ բնակավայրին մերձակայքը։Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը յայտնէ, որ դիտարկումին ընթացքին զինադադարի դրութեան խախտումներ չեն արձանագրուած։ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակի դիրքերէն դիտարկման խումբը գլխաւորած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփրչիք։ Խումբին մաս կը կազմէին նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի դաշտային օգնականներ Փիթըր Քին (Մեծն Բրիտանիա), Իրժի Ապերլեն (Չեխիա) եւ Ժասլան Նուրթազին (Ղազախստան)։Դիտարկման առաքելութեան ղարաբաղեան կողմէն ուղեկցած են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններու ներկայացուցիչները։
ՓԻԹԸՐ ՍԵՄՆԵՊԻ ՝՝ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՆԵՐԿԱՅ ՍԹԱԹԻՔՈՆ ՉԻ ԲԽԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՇԱՀԵՐԷՆ։ ՝՝Քոմերսանթ՝՝ թերթին տրուած հարցազրոյցի ընթացքին Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Փիթըր Սեմնեպի նշած է, որ հայ-թրքական սահմանի բացումը պիտի ըլլայ այն ոչ բնական կացութեան յաղթահարման ուղղուած առաջին քայլը, երբ շրջանի ամէնէն երկար սահմաններէն երեքը՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի, Ռուսիոյ եւ Վրաստանի միջեւ, փակ են։ Այս երեւոյթը կը խոչընդոտէ շրջանի բնականոն զարգացումը։ Ըստ անոր, այսօր հայ-թրքական յարաբերութիւնները հասած են սահմանագիծի մը, որմէ ետք առաջընթացը կարելի է։ Հայաստան - Թուրքիա արձանագրութիւններուն վաւերացման գործընթացը բարդ պիտի ըլլայ։ Սակայն ատիկա կը բխի թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Թուրքիոյ շահերէն։ Ես վստահ եմ, որ երկար շունչի վրայ անիկա ձեռնտու է նաեւ Ազրպէյճանի համար, քանի որ ան նոյնպէս շահագրգռուած է, որ շրջանին մէջ սահմանները բաց ըլլան(ըսած է Սեմնեպի)։ Ըստ անոր, Վրաստանի մէջ պատերազմը ցոյց տուաւ, որ Հարաւային Կովկասի երկիրները խոցելի են, եւ վիճակը կարելի է շտկել՝ լուծելով գոյութիւն ունեցող խնդիրները։ ՝՝Համոզուած եմ, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնն ալ այդպէս կը մտածէ, եւ որ Ղարաբաղի ներկայ սթաթիքոն չի բխիր Հայաստանի շահերէն անիկա չի կրնար յաւերժ անորոշ վիճակի մէջ գտնուիլ(ըսած է Սեմնեպի)։ Ան նաեւ ընդգծած է, որ յաջողութեան գրաւականներէն է երրորդ կողմին՝ օրինակ՝ Ռուսիոյ կամ Եւրոպական Միութեան աշխուժութիւնը։
ՔԼԻՆԹԸՆ ՝՝ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՆ ՈՒ ՌՈՒՍԻԱՆ ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ՈԼՈՐՏԻՆ ՄԷՋ ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ՝՝։ Ռուսական ՝՝ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ՝՝ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն գոհ է ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններու զարգացման ընթացքէն։ Քլինթըն յայտնած է, որ մենք կը փափաքինք ռուսերուն հետ աշխատիլ բոլոր մարզերուն մէջ, ուր կարելի է փոքրացնել տարակարծութեանց շրջանակը։ Մենք միասին կաշխատինք բոլոր հարցերու շուրջ՝ սկսելով Հիւսիսային Քորէայէն, հասնելով մինչեւ Հայաստան ու Թուրքիա։
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊՆԴՈՒՄՆԵՐԸ ՀԻՄՆԱՒՈՐՈՒԱԾ ԵՆ ՓԱՍՏԵՐՈՎ (ԿԸՍԷ ՃՈՆ ՄՔՔԷՅՆ)։ Թրքական Էն.Թի.Վի պատկերասփիւռի կայանը՝ վկայակոչելով ՝՝Ամերիկայի Ձայն՝՝ ձայնասփիւռի կայանը, կը յայտնէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախորդ նախագահական ընտրութիւններու հանրապետական թեկնածու Ճոն ՄքՔէյն յայտարարած է, որ կը հաւատայ Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութեան։ ՝՝Ամերիկայի Ձայնին՝՝ հետ կատարած հարցազրոյցի ընթացքին ՄքՔէյն յայտնած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան պնդումները հիմնաւորուած են փաստերով։ Ես կը հաւատամ, թէ հայերու դէմ ցեղասպանութիւն կատարուած է եւ կը կարծեմ, որ ատոր հետ կապուած բաւական շատ փաստեր կան։ Իրադարձութիւնները հայ եւ թուրք ժողովուրդները ու անոնց պետութիւնները չեն կրնար մոռնալ, եւ այդ պատճառով ալ կը մտածեն յարաբերութիւնները բազմակողմանի կերպով զարգացնելու մասին։ Առաջին անգամ կողմերը յառաջընթացի քայլեր կը կատարեն, ինչ որ ողջունելի է(ըսած է հանրապետական ծերակուտականը)։







All the contents on this site are copyrighted ©.