2009-11-10 16:23:51

Քահանայական տարի - Ժան Մարի Վիաննէ - Հրաշքվներ


Քահանայական տարի - Ժան Մարի Վիաննէ - Հրաշքվներ



Կրօնի դասեր սկսելէ առաջ Տէր Վիաննէ այլեւս տաք կերակուր մը կ'ուտէ, որովհետեւ 1827ի ամառը հիւանդացաւ եւ բժիշկը իրեն մասնաւոր դեղեր չտուաւ, այլ պատուիրեց, որ կանոնաւոր կերպով ճաշէ։ Թէեւ ճշգրիտ չի հետեւիր այս հրամանին, բայց նախախնամութեան տան մէջ երբեմն կ'ուտէ տաք ճաշեր, միշտ ոտքի վրայ եւ աճապարանքով։

Սակայն ամէ բան վարդագոյն չէ այս հիմնարկին մէջ։ Բազամթիւ աղջիկներ, որ հիւանդ հասած են նախախնամութեան տունը, կը մեռնին։ Աւելի ցաւալի կ'ըլլա Պենուաթ Լարտէի պարագան, առաջին երկու օրիորդներէն մէկը, որ կը հիւանդանայ.

-Ի՜նչ երջանկութիւն, - կը բացակակնչէ, -Աստուած պիտի տեսնեմ։

Կը վախճանի 1830ին, հազիւ 26 տարեկան։ Կարելի է երեւակայել Ժան Մարիի ցաւը եւ զինքը մանկամարդ մօր մը պէս սիրող որբուհիներուն։

Այդ տարիները 1830-1832 խեղճ ժողովրդապետը դժուարութիւննեը կը քաշէ կանգուն պահելու համար Նախախնամութեան տունը։ Յուլիսի Յեղափոխութիւնը եւ խռովութիւնները, թոյլ չեն տար, որ Լիոնի մեծահարուստները կարենան իրենց սովորական նպաստները տրամադրել Տէր Վիաննէի։

Սակայն այդ ցաւալի դէպքերու առթիւ սքանչելի տեսարաններ երեւան կու գան։ Երկու անգամ արդէն պարպուած ցորեննոցը, լեփ լեցունը կը գտնուի։ Ուրիշ անգամ ափ մը ալիւրը մեծ քանակութեամբ հաց կ'արտադրէ... Արսի ժողովուրդը ուրբուհիներէն կը լսէ այս պատահարները եւ կը սկսի հրաշքներու մասին խօսիլ։ Ժան Մարի հազար շնորհակալութիւն կը յայտնէ Աստուծոյ եւ կը հաւատայ Աստուծոյ գործօն միջամտութեան եւ բարութեան։ Բայց զգոյշ է եւ այս նիւթին մասին իրեն խօսողներուն պարզօրէն կը պատասխանէ.

-Աստուած հայրիկը շատ բարի է։, մեծ խնամք ունի աղքատներուն վրայ։

Հազարաւոր ուխտաւորներ, որ Արս կը վազեն, կ'իմանան այս արտակարգ լուրերը եւ կը տարածեն իրենց քաղաքներուն մէջ։ Հետեւանքը այն կ'ըլլայ, որ աւելի շատեր կու գան, ոչ միայն խոստովանելու, այլ նաեւ բժշկութիւններ եւ բացառիկ շնորհքներ ընդունելու, միջնորդութեամբ Տէր Վիաննէի։ Եւ այս սքանչելի պատումները կը տարածուին հակառակ իր փափաքին։ Բայց ''ամէն չարիքի տակ բարիք մը կայ'', կ'ըսէ առածը։ Այս ուխտաւորներէն շատեր Նախախնամութեան տունը կ'այցելեն եւ առատաձեռն նուէրներ կ'ընեն, կը դիւրացնեն կեանքը եւ կը թեթեւցնեն ժողովրդապետի նիւթական հոգերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.