2009-11-10 16:23:36

Սարկաւագական ձեռնադրութիւն Զմմառու մէջ-Լիբանան


Սարկաւագական ձեռնադրութիւն Զմմառու մէջ-Լիբանան

Շաբաթ, 7 Նոյեմբեր 2009-ին, Ս. Միքայէլ նորընծայարանի պաշտպան հրեշտակապետին տօնին, Զմմառու միաբանութեան վարչութեան հրաւէրով, տեղի ունեցաւ սարկաւագական ձեռնադրութիւնը՝ կիսարկաւագներ Գէորգ Պահէի եւ Ռաֆֆի Պէրպէրեանի, ձեռամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին, Զմմառու վանական եկեղեցւոյ մէջ: Արարողութեան մասնակցեցան լիբանանաբնակ հայ կաթողիկէ կղերականներ, հաւատացեալներ եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ ձեռնադրեալներուն հարազատներն ու բարեկամները:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ հրեշտակներու գոյութեան, որպէս ՜՜պաշտպան եւ օգնական երկնային անձեր, մարդոց ծառայութեան համար՝՝: Ապա ան պարզեց սարկաւագութեան կարգի կարեւորութիւնը Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս առաքեալներու ժամանակէն սկսեալ մինչեւ այսօր, յիշելով որ առաջին սարկաւագը եղաւ Ս. Ստեփանոս Նախավկան՝ Քրիստոսի եւ սուրբ Եկեղեցւոյ: Հոգեւոր Տէրը նաեւ անդրադարձաւ մնայուն սարկաւագութեան դրութեան, Արեւելեան Եկեղեցիներուն մօտ, յայտնաբերելով անոր զանազան պաշտօնները եւ պարտաւորութիւնները ժողովրդապետութիւններէն ներս, ծառայելու հաւատացեալներուն եւ ճոխացնելու հովուական աշխատանքը: Հուսկ՝ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ընդգծեց թէ սարկաւագութեան պաշտօնը նախապատրաստութիւնն է երիցութեան կարգին, քահանայական կեանքի կազմաւորման մէջ: Պատարագէն ետք ներկաները հաւաքուեցան սեղանի շուրջ եւ ճոխ հանդիսութեամբ շնորհաւորեցին նոր ձեռնադրեալները :

 








All the contents on this site are copyrighted ©.