2009-11-10 16:21:59

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին խօսքը գաղթականներու ու փախստականներու ժողովին մասնակցողներուն.

՜՜Օտարականները հարստութիւն են եւ ոչ թէ հարց, հիւրընկալող երկրին համար՝՝։


Երկուշաբթի օրը, կէսօրին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց շուրջ 300 ժողովականներ, որոնք մասնակցած են գաղթականներու ու փախստականներու

Զ. համաշխարհային հաւաքին։ Անոնց ուղղած ճառին մէջ Սրբազան հայրը անգամ մը եւս ընդգծեց որ հիւրընկալող երկրին համար գաղթականը հարստութիւն մըն է եւ ոչ թէ հարց մը, եւ ամէն քրիստոնեայ կանչուած է վկայութիւն տալու հիւրըկալութեան ու զօրակցութեան արժէքներուն։

Նախապէս, Ս. Աթոռի պետական քարտուղարը, կարտինալ Պերթոնէ, պատարագ մատուցեց ժողովականներուն Ս. Պետրոս տաճարին մէջ։ Հաւաքը կը կազմակերպէ գաղթականներու ու փախստականներու հովուութեան քահանայապետական խորհուրդը, ունենալով որպէս նիւթ.'' հովուական պատասխան գաղթականութեան երեւոյթին համաշխարհականացումի այս շրջանին'' Հաւաքին աշխատանքները կ'եզրափակուին հինգշաբթի օրը։

Սրբազան Քահանայապետին խօսքը մարտահրաւէր մըն է պետութիւններուն ու կառավարութիւններուն, որոնք յաճախ օրինական պարիսպներ կը բարձրացնեն սահմանափակելու կամ արգիլելու գաղթականութեան հոսքը։ Սրբազան Հայրը իր ճառին մէջ հարց տուաւ թէ ինչո՞ւ չգնահատել ներկայ գաղթականութեան համաշխարհային երեւոյթը, որպէս ՜՜ նպաստաւոր կացութիւն մը ,ժողովուրդներու միջեւ հասկացողութեան եւ խաղաղութեան կերտումին ու բարգաւաճման բարեպատեհ առիթ մը՝՝։

Ամէնքս ականատես ենք, թէ համաշխարականացումը օրէ օր պետութիւնները կը սեղմէ իր ցանցին մէջ, յարեց Նորին Սրբութիւնը, եւ համաշխարհային տագնապը ,ընդհակառակն, տնտեսական վիհը կը լայնցնէ հարուստ եւ աղքատ ազգերու միջեւ, ինչպէս կարելի է պատասխանել գաղթականութեան երեւոյթին։ Սրբազան հայրը մատնանշեց զօրակցութեան արժէքը, յիշեցնելով ներկաներուն որ գաղթականութիւնը ի յայտ կը դնէ մարդկային ազգին միութիւնը, արժէքը հիւրընկալութեան, հիւրասիրութեան ու եղբայրօգնութեան։ Ասիկա կ'ենթադրէ ՜՜բաժնեկցութեան, մասնակցութեան ու հոգատարութեան ոգին՝՝ հանդէպ մերձաւորին, եւ մասնաւորապէս կարօտեալին։ Ահա թէ ինչո՞ւ Եկեղեցին կը հրաւիրէ հաւատացեալները որ բանան իրենց սիրտերը գաղթականներուն, ընտանիքներուն, որովհետեւ գիտէ թէ գաղթականը ինքնին հարց մը չէ, այլ ընդհակառակն հարստութիւն մըն է, որ պէտք է գիտնանք արժէքաւորել։

Ապա Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ համաշխարհային տնտեսական տագնապին մասին եւ որուն հետեւանքով շատեր աշխատանքէն զրկուեցան, ուրիշներ պարտադրուեցան հեռանալ իրենց տունէն ու հայրենիքէն որպէսզի կարենան իրենց օրուան հացը ճարել, եւ ատիկա ամէնէն վատ պայմաններու մէջ։

Ի տես այս բարդ կացութեան, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը եզրափակելով, մենք բոլորս կանչուած ենք՜՜յարմար պատասխաններ տալու աշխարհի մը ուր անխուսափելի է ժողովուրդներու միջեւ հանդիպումը, մշակոյթներու միջեւ երկխօսութիւնը ու նաեւ յարգանքը օրինաւոր տարբերութիւններու։







 








All the contents on this site are copyrighted ©.