2009-11-10 16:24:55

Լուրեր հայկական կեանքէն


Հայագիտական ամպիոնի բացում Լոնտոնի համալսարանին մէջ

Լոնտոնի համալսարանին մէջ, վերջերս, հայագիտական ամպիոնի բացում կատարուեցաւ որուն ներկայ էէին Լոնտոնի հայկական համայնքէն ներկայացուցիչներ. սոյն հհանդիսութեան ներկայ գտնուեցան աւելի քան 350 հոգի ի շարս որոնց, Վահէ Գաբրիէլեան՝ դեսպան Հայաստանի Հանրապետութեան, դոկտ Վրէժ քհնյ Ներսէսեան՝ մասնագէտ՝ հայկական ձեռագիրներու, այժմ գործավար բրիտանական գրադարանի քրիստոնեայ արեւելք բաժանմունքին, նաեւ Արա Սարաֆեան՝ տնօրէն Լոնտոնի Կոմիտաս ուսումնարանին, նոյնպէս ներկայ էին Փոլ Կիւլպենկեան՝ նախագահ Ս Սարգիս աղքատախնամ հոգաբարձութեան եւ դոկտ Զաւէն Եկաւեան՝ տնօրէն Կիւլպենկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի, այս առիթով Լիզպոնէն յատուկ ժամանած։

Բացման խօսքը կատարեց Միքայէլ Հիութ՝ տնօրէն արեւելեան գիտութիւններու ամպիոնին, յիշեցնելով դրդապատճառները ՍՕԱՍ-ի մէջ հայոց լեզուի եւ մշակոյթի դասաւանդման (40 տարի բացակայութենէ ետք)՝ շեշտելով Գալուստ Կիւլպենկեան հիմնարկութեան նախաձեռնութեան կարեւորութիւնը՝ իբրեւ ամպիոնի հովանաւոր, առանց որուն այս օրուան իրագործումը պիտի չիրականանար։

Այս առիթով Մարթին Եսայեանը՝ տեսուչ Գալուստ Կիւլպենկեան հիմնարկութեան, ինչպէս նաեւ թոռը հիմնարկողին, իր ելոյթի ընթացքին ներկայացուց հաստատութեան իրագործումները յատկապէս սփիւռքի մէջ հայկական մշակոյթը տարածելու եւ հայոց լեզուն ուսուցանելու առնչութեամբ։ 1956-ին հիմնարկութեան հաստատումէն ի վեր (որուն գրասենեակները զետեղուած են Լիզպոնի, Լոնտոնի եւ Փարիզի տարածքին), անիկա յատկանշական օգնութիւններով օժտած է աշխարհի տարածքին գտնուող տասնեակ մը հայագիտական ամպիոններ՝ յատկացնելով կրթաթօշակներ աւելի քան 25 հազար համալսարանական հայ ուսանողներու, նաեւ 400 հազար դպրոցական կրթաթօշակներ սփիւռքի հայ դպրոցներու աշակերտութեանց։ Զուգահեռաբար հիմնարկութիւնը հրատարակած է մօտաւորապէս 1000 գիտաշխատութիւններ որոնք կը վերաբերին հայկական ուսումնասիրութիւններու, օժանդակութիւններ տրամադրած է երկու հարիւր հետազօտողներու, ըլլան անոնք Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ։

1916-ին հիմնադրուած արեւելեան լեզուներու հին դպրոցը պատրաստած է սերունդներ արեւելագէտներու եւ անգլիացի դիւանագէտներու ։ Անիկա այսօր կընդունի մօտ 4600 ուսանողներ, որոնցմէ 45 առ հարիւրը օտարերկրացիներ են, ուր հայոց լեզուն դասաւանդուած էր փրոֆեսէօր Քարսուելի կողմէ մինչեւ 1960 թուական, որմէ ետք հայագիտական ամպիոնը փոխանցուեցաւ Օքսֆորտ, ուր կը գործէ մինչեւ օրս։

Այսօր փրոֆեսէօր Գրիգոր Մոսքոֆեանը (արեւմտահայ եւ արդի գրականութեան դասախօս, նաեւ հայերէնի դասատու ՍՕԱՍ-ի մէջ), փրոֆեսէօր Իկոր Լազարեֆ Տոֆմանի (ԻՆԱԼՔՕ-էն վկայեալ եւ մասնագէտ միջնադարեան հայոց պատմութեան) կողքին կը վերականգնեն Լոնտոնի ամպիոնը։

Հայկական ծրագիրը կընդգրկէ արդէն իսկ տասնեակ մը ուսանողներ, որոնք արձանագրուած են հետեւեալ նիւթերուն

- Մուտք արեւմտահայերէնի։ - Մուտք հայոց պատմութեան։ - Մուտք հայոց գրականութեան։ թարգմանութիւններու ընդմէջէն - Մուտք հայկական արուեստի և մշակոյթին։



ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ Է ՀԱՅ-ԱՒՍՏՐԻԱԿԱՆ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆ

Երեւանի Կոմիտասի անուան սենեկային երաժշտութեան տան մէջ,տեղի ունեցած է հայ-աւստրիական երաժշտութեան փառատօն՝ Վիեննան կողջունէ Երեւանը խորագրով։

Փառատօնի համերգներուն հնչած են՝ հայ եւ աւստրիացի երգահաններու՝ Տիգրան Մանսուրեանի, Մոցարթի, Շուպերթի, Պերկի ստեղծագործութիւնները, իսկ հանդէս եկած են երգչուհիներ՝ Աննա Մարիա Փամեր եւ Գայիանէ Գեղամեան, դաշնակահարներ՝ Կոթլիպ Վալլիշ, Աննա Մանտալեան, ինչպէս նաեւ՝ քլարինեթահար Սուրէն Խորոզեան։ Փառատօնը տեղի ունեցած է Վիեննայի քաղաքապետին հովանաւորութեան տակ եւ աջակցութեամբը՝ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան ։





 








All the contents on this site are copyrighted ©.