2009-11-10 13:18:42

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ԿՐԱԿ ԿԸ ԲԱՆԱՅ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴԻՐՔԵՐՈՒՆ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՄԲ։
Անցեալ շաբթուան ընթացքին ազրպէյճանական զինեալ ուժերը բազմիցս խախտած են զինադադարի դրութիւնը՝ ճակատի տարբեր հատուածներուն վրայ կրակ բանալով Լեռնային Ղարաբաղի բանակի դիրքերուն ուղղութեամբ։ Մասնաւորաբար, 6 նոյեմբերին հակառակորդը գնդացիրներով եւ արձակազէններով կրակ բացած է Լեռնային Ղարաբաղի Հատրութի, Մարտունիի, Ասկերանի եւ Մարտակերտի դիրքերուն վրայ։ Անկէ զատ , 7 - 8 նոյեմբերին զինադադարը խախտած է Լեռնային Ղարաբաղի ու Ազրպէյճանի միջեւ ռազմաճակատի հարաւային, հարաւ-արեւելեան, արեւելեան եւ հիւսիս արեւելեան ուղղութեամբ։ Բոլոր այդ պարագաներուն, Լեռնային Ղարաբաղի բանակի ստորաբաժանումներուն կողմէ համապատասխան գործողութիւններ կատարուած են։ Իսկ ԵԱՀԿ-ի առաքելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ռազմաճակատին վրայ այսօր հերթական դիտարկում պիտի կատարէ Ֆիզուլի-Հորատիզ շրջաններու մերձակայքը։ Դիտարկումին պիտի մասնակցի ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք՝ իր օգնականներուն հետ։
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Օպամային Ուղղուած Դիմումներու Արշաւի Մը Կը Ձեռնարկէ։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 9ին կը տեղեկացնէ, թէ Դեկտեմբեր 7ին կայանալիք Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանի Ուաշինկթըն այցելութեան առիթով մէկ ամսուան արշաւ մը նախաձեռնուած է, Քոնկրէսին, լրատուական գործակալութիւններուն եւ Սպիտակ Տան, համոզելու համար, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու համար պէտք է յաւելեալ ճնշում բանեցուի Էրտողանին վրայ:Աշխատանք պիտի տարուի նաեւ լուսարձակի տակ առնելու Տարֆուրի մէջ շարունակուող ցեղասպանութիւնը: Այս նպատակով համացանցային յատուկ կայքէջ մը կազմուած է, ուր կարելի է գտնել այս նախաձեռնութիւններուն մասին վերջին նորութիւնները: Կայքէջին հասցէն է՝ anca.org/countdown: Արշաւին առաջին շաբթուան ընթացքին շեշտը պիտի դրուի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին վրայ, իսկ երկրորդ շաբթուան ընթացքին թիրախը պիտի ըլլայ Ներկայացուցիչներու Տունը: Երրորդ եւ չորրորդ շաբաթներուն, աշխատանքը յաջորդաբար պիտի կեդրոնանայ լրատուական գործակալութեանց եւ Սպիտակ Տան վրայ։ Միւս կողմէ նշենք որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կիրակի օր յայտարարած է, որ ինք չի կրնար Սուտանի ՝՝Տարֆուր՝՝ նահանգին մէջ տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն կոչել(քննադատութիւններու ու նաեւ ծիծաղի թիրախ դառնալով նոյնիսկ իր երկրի մէջ)։ Ան այս յայտարարութիւնը կատարած է ի պատասխան Իսլամական երկիրներու կազմակերպութեան տնտեսական ընդհանուր ժողովին մասնակցելու համար Սուտանի նախագահ Օմար Հասան Պաշիրը Պոլիս հրաւիրելու իրողութեան առնչութեամբ արեւմտեան երկիրներու արտայայտած դժոհութիւններուն։ Մինչ այդ Պաշիր Պոլիս չգնաց։
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ։ Աբրահամ Տէտէեան՝ ճարտարարուեստի նախարար։
Երէկ երեկոյեան Սաատ Հարիրի կազմեց Լիբանանի ազային միասնականութեան կառավարութիւնը։Կառավարութեան կազմութեան գործընթացը, որ ենթարկուեցաւ տեղական, շրջանային եւ միջազգային ճնշումներու, արդիւնաւորուեցաւ այդ կառավարութեան ծնունդով՝ հանրապետութեան նախագահ զօր Միշել Սլէյմանի ստորագրութեամբ։ Նշենք, որ կառավարութիւնը այսօր Պաապտայի մէջ պիտի ստանայ խմբային իր լուսանկարը եւ հանրապետութեան նախագահին գլխաւորութեամբ պիտի գումարէ իր անդրանիկ նիստը, որուն ընթացքին պիտի կազմէ նախարարական յանձնախումբ մը՝ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը մշակելու համար։ Հարկ է, որ առաւելագոյնը 30 օրէն կառավարութիւնը վաւերացնէ իր ծրագիրը եւ ներկայանայ խորհրդարան՝ ստանալու համար անոր վստահութեան քուէն։ Լիբանանի Ճարտարարուեստի Նախարար Աբրահամ Կարապետ Տէտէեան ծնած է 28 հոկտեմբեր 1939-ին, Պէյրութ։ Ամուսնացած է եւ ունի չորս զաւակ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է հայ աւետարանական Կենաց վարժարանին մէջ։ Երկրորդական ուսումը ստացած է Էշրեֆիէի Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրաոյն Վարժարանին մէջ։ Բարձրագոյն ուսումը ստացած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1961-ին՝ քաղաքացիական ճարտարապետութեան մարզին մէջ մասնագիտանալէ ետք։ Ան անդամ է Պէյրութի ճարտարապետներու սենտիքային։Ներկայիս ան ընդհանուր տնօրէնն է Լիբանանի Տէտէեան բարգաւաճման ընկերութեան, որ հիմնուած է 1993-ին՝ հիմնական կեդրոնատեղի ունենալով Պէյրութը։Նախարար Աբրահամ Տէտէեան հայկական երեսփոխանական պլոքի քաղաքական խորհուրդի անդամ է։
Հայաստանի մէջ Խոզի Կրիփի Կասկածելի Երեք Դէպք Արձանագրուած։
Հայաստանի մէջ( H1N1) այսպէս կոչուած խոզի կրիփի վարակի կասկածելի դէպք մը յայտնաբերուեցաւ։ Հետազօտական փորձարկման համար անհրաժեշտ նմուշը երէկ ուղարկուեցաւ Լոնտոնի գիտաշխատանոց, հաստատելու կամ հերքելու համար վարակի գոյութիւնը Հայաստանէն ներս։ ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան պետական հակա-համաճարակային տեսչութեան գլխաւոր մասնագէտ Լիանա Թորոսեանյ յայտնած է թէ դեռ կասկածելի է դէպքը, որը պէտք է հաստատման ուղարկուի Լոնտոնի մէջ Առողջապահութեան Համաշխարհային կազմակերպութեան գիտաշխատանոց։ Մինչ այդ, ուշ երեկոյեան, յստակացաւ թէ հիւանդութեան երեք դէպքեր արձանագրուած են, հիւանդներէն մէկը Իրանի քաղաքացի մըն է, որ արդէն բուժուած եւ դուրս եկած է հիւանդանոցէն։ Մնացեալ հիւանդները տեղափոխուած են Նորքի հիւանդանոց։ Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան Լոնտոնի գիտաշխատանոցէն պատասխանը կը սպասուի 25 օրէն։ Ըստ Լիանա Թորոսեանի, ձեռնարկուած են նախազգուշական միջոցառումներ, բուժումը կազմակերպելու համար։ Ներկայիս անձը լիովին առողջ վիճակի մէջ է։ Անհանգստանալու եւ խուճապի մատնուելու անհրաժեշտութիւն չկայ։ Դեռ եւս 2009ի Ապրիլէն ձեռնարկուած բոլոր միջոցառումները կը կրեն շարունակական բնոյթ, աւելին՝ ՝՝խստացուած համակարգով կը կատարուի նախազգուշութիւնը՝՝ վստահեցուցած է գլխաւոր մասնագէտ բժշկուհին։







All the contents on this site are copyrighted ©.