2009-11-09 15:01:10

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը

Երկուշաբթի, 9 նոյեմբեր 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին, ընդունեց գաղթականներու ու փախստականներու հովուութեան համաշխարհային Զ. ժողովին մասնակցողները, շուրջ 300 հոգի։



Վերջ գտաւ Սրբազան Քահանայապետի հովուական այցելութիւնը Իտալիոյ Պրեշիա քաղաքը։

Կիրակի, 8 նոյեմբեր 2009-ին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հովուական այցելութիւն կատարեց Պրեշայ թեմին մեծարելու երանելի Արքանճելօ Թատինին ու Աստուծոյ ծառայ Պօղոս Զ Քահանայապետը, որ 30 տարի առաջ վախճանած էր։

Պրեշեայ թեմին համար Հռոմի Պապի այցելութիւնը եղաւ մեծ տօնակատարութիւն։ Տասնեակ հազարաւոր հաւատացեալներ ճանապարհներու երկայնքին կեցած էին, հակառակ անձրեւին, ողջունելու համար ան որ կու գայ Քրիստոսի անունով։ Նորին Սրբութիւնը պահ մը Պոթիչինօ Սերա սրբավայրը կեցաւ ուր կը գտնուին երանելի Թատիին աճիւնները։ Պահ մը աղօթելէ ետք ողջունեց հաւատացեալները հրաւիրելով զանոնք որ Աստուած սիրեն ու գործեն եղբայրական աշխարհի մը համար ուր ամէն անհատ ոչ թէ ինքնիրեն համար կ'ապրի այլ ուրիշներուն համար։ Սիրելիներ, ըսաւ Սրբազան Հայրը, երանելի Թատինիի նման սիրեցէք Քրիստոսը, սիրեցէք Տիրամյրը եւ այդ սէրը հաղորդեցէք ձեր շրջապատին։

Ապա Նորին Սրբութիւնը ուղղուեցաւ Պրեշեա, ուր բացօդեայ պատարագ մատուցեց եւ որուն ընթացքին վերակոչեց երջ. Պօղոս Զ . Քահանայապետը ու անոր անվերապահ սէրը հանդէպ Եկեղեցւոյ։ Պօղոս Զ Քահանայապետը աշխատեցաւ հզօր Եկեղեցւոյ մը համար, արմատացած Քրիստոսի մէջ եւ հետեւաբար մօտ է մարդուն, տիպար երկխօսութեան ժամանակակից աշխարհին հետ։

Պատարագին աւարտին,Կէսօրին, Նորին Սրբութիւնը Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց եւ հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց. ՜՜Այս Ս. Զոհին աւարտին կ'ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր անոնց որոնք պատրաստեցին ու ոգեւորեցին ծիսակատարութիւնը ու իմ հովուական այցելութիւնս Պրեշիա։ Հոս կ'ուզեմ մատնանշել Աստուծոյ ծառայ Պօղոս Զ.ի ապրած խոր բարեպաշտութիւնը ու ջերմեռանդութիւնը հանդէպ Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին։ Ան իր առաջին պատարագը մատուցեց ձեր քաղաքի Տիրամայր Շնորհաց սրբավայրին մէջ եւ այդպէսով իր քահանայութիւնը դրաւ Յիսուսի Մօր հովանիին ներքեւ, եւ այդ որդիական կապով ապրեցաւ ամբողջ իր կեանքը։ Անոր եկեղեցական պատասխանատուութիւնները հետզհետէ աճելով անոր կապը Տիրամօր հետ եւս միշտ աւելի հասուն կը դառնար ու կ'ամրապնդուէր։ Այդ հեռանկարով, յիշատակելի է Պօղոս Զ Քահանայապետին եզրափակիչ ճառը Եկեղեցւոյ սահմանադրութեան վաւերացման առթիւ, 21 նոյեմբեր 1964ին։ Աստուծոյ ծառան դիտել կու տար թէ այս սահմանադրութեան մէջ յատուկ գլուխ մը վերապահուած է Ս. Կոյս Մարիամին մասին, որ կարելի է նկատել համառօտ ներկայացումը մարեմեան աստուածաբանութեան։ Եւ այդ առթիւ Մարիամը հռչակեց մայրը Եկեղեցւոյ, ընդգծելով թէ մարեմեան ջերմեռանդութեան նպատակն է հոգիները ուղղել դէպի Քրիստոս։ Մենք մեր կարգին , ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ.,արձագանգելով Պօղոս Զ.ի խօսքին աղօթենք. ՜՜Ով Ս. Կոյս Մարիամ, Մայր Եկեղեցւոյ, քեզի կը յանձնարարենք Պրեշիայի եկեղեցին, ու այս մարզի բոլոր բնակիչները։ Յիշէ բոլոր զաւակներդ ու անոնց աղօթքը ներկայացուր Աստուծոյ , հաստատ պահէ զանոնք հաւատքին մէջ, զօրացուր անոնց յոյսը, աճեցուր անոնց սէրը։ Ով գթած, ով բարեգութ, ով քաղցր Կոյս մարիամ՝՝ գոչեց Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով իր առօթքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.