2009-11-09 15:01:31

Ճանչնանք Քրիստոնեայ Ափրիկէն։


Ճանչնանք Քրիստոնեայ Ափրիկէն։



ՄՈԶԱՄՊԻԿ։ Երկրի Սահմանադրութիւնը կը հաստատէ Պետութեան աշխարհական նկարագիրը,եւ կը նախատեսէ կրօնական ազատութիւն, տալով կրօնաւորական դաւանանքներուն իրաւունքը՝ հետապնդելու իրենց նպատակները։ Մոզամպիքի բնակչութիւնը կը հաշուէ շուրջ 23 միլիոն,որու հարիւրէն 50,4 տոկոսը ափրիկեան աւանդական կրօններու հետեւորդներ, հարիւրէն 38,4 տոկոսը քրիստոնեաներ,հարիւրէն 10,5 տոկոսը մահմէտականներ իսկ հարիւրէն 0,7 տոկոսը ալյ կրօններու հաւատացողներ։ Մոզամպիքի կաթողիկէներու թիւը 4.594.000 է, անոնք ունին եկեղեցական 12 գաւառներ եւ 17 Եպիսկոպոսներ։ Տեղաբնակ մէկ քահանայով ժողովրդապետութիւններու ընդհանուր թիւը 225 է, ապա կան այլ 74 ժողովրդապետութիւններ առանց քահանայի։








All the contents on this site are copyrighted ©.