2009-11-09 15:01:46

Ծիսական Ժամանակացոյց


Ծիսական Ժամանակացոյց

Երկուշաբթի 9 Նոյեմբերէն Կիրակի 15 Նոյեմբեր 2009։

Երկուշաբթի 9 Նոյեմբերին տօնն է Մելիտիոս Անտիոքի հայրապետին, Մինաս եգիպտացի զինուորի, Մելէս եպիսկոպոսի, Եփորէ քահանայի եւ Շէն սարկաւագի։

Մելիտիոս ծնած է Փոքր հայքի Մալաթիա քայաքը։ 358ին եպիսկոպոս կարգուած է Սեբաստիոյ իր սրբակենցաղի ու քաղցրաբարութեան համար պատրիարք ընտրուած էր 360ին։ 378ին աքսորուած է հակաարիոսական ըլլալուն համար եւ ետ իր աթոռը վերադարձած Գրատիանոսի օրով։ Մելիտիոս Կ.Պոլսոյ Տիեզերական ժողովի 150 հայրապետներէն մէկն էր։ Իր մահէն առաջ Ս. Գր. Նազիանցին եպիսկոպոս բազմեցուց կայսերական քաղաքին վրայ։ Յովհաննէս Ոսկեբերան եւ Գրիգոր Նիւսացին ներբողականներ խօսած են իր վրայ։

Մելիտիոսի քրիստոսաբանութենէն. Հաւատալ Քրիստոսի՝ կը նշանակէ հաւատալ որ Որդին նման է Հօր. Անոր պատկերն է. որ ամէն բանի մէջ է. ամէն բանի Արարիչն է։ Որդին Հօր պատկերն է ոչ թէ անկատար ձեւով, այլ՝ կատարեալ կերպով. ինչպէս որ արդիւնքը համապատասխան կ՝ըլլայ պատճառի, այնպէս ալ Որդին համապատասխան է Հօրը։ Միածին Որդիին ծնունդը որ տեղի ունեցաւ ՜՜ յառաջ քան զամենայն ժամանակս՝՝ իր մէջ կը պարունակէ Հօրը հետ գոյակցութեան գաղափարը։

Իսկ Մինաս եգիպտացին զինուորական մըն էր որ Մաքսիմիանոսի օրով կը պաշտօնավարէր Փռիւգիայի Կուտինա քաղաքին մէջ։ Գաղտնի ընդունած էր քրիստոնէութիւնը եւ թողելով պաշտօն ու դիրք անապատ քաշուած է ճգնողական կեանք ապրելու։ Սակայն Դիոկղետիանոսի հալածանքներուն չուզելով հեռու մնալ իր հաւատակիցներէն, ան քաղաք գնաց նորէն, եւ հրապարակաւ յայտնեց իր քրիստոնեայ ըլլալը, եւ այդ ապատճառաւ ալ ենթարկուեցաւ ծանրագոյն չարչարանքներու, ու ի վերջոյ գլխատուեցաւ եւ մարմինը կրակ նետուեցաւ 303-ին։

Գալով Մելես եպիսկոպոսի, Բուրաս քահանայի եւ Շէն սարկաւագի որոնց տօնը կը յիշատակուի նոյն օրը, Մելես զինուորական մըն էր պարսից Շապուհի օրով, բայց հրաժարելով այս կարգէն ինքզինք հոգեւոր կեանքի նուիրեց Խօխ կամ Ասպահան քաղաքին մէջ, յետոյ Բեթրազան քաղաքի հովիւ ձեռնադրուեցաւ։ Ձերբակալուեցաւ Գերդա քաղաքի իշխանէն որ զինքը, իր Բուրա քահանան եւ Շէն սարկաւագը սաստիկ տանջեց ստիպելով անոնց զոհ մատուցել արեւին եւ կրակին. երբ սուրբը կշտամբեց զինք իր մոլար կրօնքին համար, իշխանն ու եղբայրը հատու զէնքով ու մահացու կերպով վիրաւորեցին զայն իսկ քահանան եւ սարկաւագը մերցուցին քարկոծելով։

Երեքշաբթի 10 Նոյեմբերին տօնն է Ս. Յովհաննէս Ոսկեբերան հայրապետին

Ս. Յովհաննէս Ոսկեբերան եղաւ պատրիարք Կ.Պոլսոյ, հայր եւ վարդապետ եկեղեցւոյ։

Ան ծնած էր 347ին Անտիոքի մէջ եւ վախճանած Կոմանայի մէջ 404ին Սեպտեմբեր 14-ին։ Ան եղած էր բարի եւ առաքինութեամբ լեցուն հայրապետ մը ։ Բարեկարգեց կղերը, հոգաց աղքատները եւ կառուցել տուաւ հիւանդանոցներ։ Ուժգնօրէն ծառացաւ մեծամեծերու ագահութեան, ամբարտաւանութեան ու ցոփ կենցաղին դէմ։ Արկադիոսի եւ Եւդոքսիա կայսրուհիին որոշումով աքսորուեցաւ։ Սուրբ Բասիլիկոսի վկայարանին մօտ վախճանեցաւ։ Իր գրականութիւնը՝ եկեղեցւոյ հայրերուն ամէնէն մեծարժէք գործերը կը ներկայացնէն։

Հինգշաբթի 12 Նոյեմբերին տօնն է Գուրիաս ու Սամոնաս քահանաներու, Աբիբաս սարկաւագի, Ռոմանոս Մենակեացի, Մանուկ Բարուլա խոստովանողի եւ Հիւսիքոս զինուորին։

Գուրիաս, Սամոնաս եւ Աբիբաս երեքն ալ եդեսացի քրիստոնեաներ, Ասորի ազգով։

Գուրիաս եւ Սամոնաս քահանաներ էին։ Դիոկղետիանոսի հալածանքներուն, Անտիոքով դուքսը զիրենք բանտարկեց ու բռնադատեց ուրանալ իրենց հաւատքը ու երբ չհամակերպեցան, զիրենք նախ իրենց մէկ ձեռքէն ապա մէկ ոտքէն կախեցին որմէ ետք Խոր Վիրապի մէջ երեք օրեր անօթի ծարաւ պահեցին հուսկ գիշեր ատեն լեռ տանելով գլխատուեցան Դ. դարուն սկիզբը։ Ժամանակ մը ետք Աբիբաս սարկաւագը եւս կը ձերբակալուի ուսուցիժ եւ քաջալերող քրիստոնէութեան ամբաստանութեամբ։ Կայսրը հրամայեց որ զինք այրեն եւ չգտնելով զինք իր ազգականները բանտարկեցին այն ատեն Աբիբաս ինքզինք յայտնեց եւ խիստ չարչարանքներէ ետք զինք այրեցին կրակի մէջ։ Գուրիասի հետ կը յիշատակուի տօնը Ռոմանոսի եւ մանուկ Բարուլայի տօնը. Դիոկղետիանոսի հալածանքներու շրջանին Ռոմանոս կրօնաւորը ձերբակալուած էր եւ երբ կը դատուէր իր հաւատքին համար ան ըսաւ դատաւորին. ՜՜Մինչեւ իսկ մանուկի մը եթէ հարց տաք թէ որն է շիտակը, պաշտել երկնքի ու երկրի արարիչը ու միակ Աստուած կամ շատ մը աստուածներ ձեզի պիտի տայ շիտակ պատասխանը՝՝։ Այն ատեն կանաչեցին պատահականօրէն մանուկ մը որ եղաւ նոյնինքն Բարուլան ,որ պատասխանեց անոնց ըսելով. ՜՜մարդոց Աստուած կոչուածը մէկ պէտք է ըլլայ, մեր պաշտած Աստուածը Միածին Որդի մը ունի, որ Հօրը հետ մէկ է։ Շատ աստուածներ պէտք չէ ունենալ, մանուկներ անգամ չեն հաւատար անոնց...՝՝ Դատաւորը կատղեցաւ այս պատասխանին համար ու անմիջապէս սպաննել տուաւ անմեղ մանուկը. իսկ Ռոմանոսը գիշեր ատեն խեղդամահ սպաննեցին բանտին մէջ։

Իսկ Հիւսիքոս որ հռոմայեցի զինուոր էր Մաքսիմիանոս կայսեր առջեւ յայտարարեց իր քրիստոնեայ ըլլալը եւ այս պատճառաւ անարժան յայտարարուեցաւ պալատական մագիստրոսի աստիճանին եւ զրկուելով այդ պաշտօնէն զինք անարդարաբար դրին աշխատաւոր կիներու խումբին մէջ։ Եւ երբ տեսնուեցաւ որ ինք այս վիճակը նախապատիւ կը սեպէր քան իր նախկին դիրքը, բռնաւորը կը հրամայէ որ զինք երկնաքարի կապելով նետեն Որոնդէս գետը։

Շաբաթ 14 Նոյեմբերին տօնն է Անդրէաս եւ Փիլիպպոս առաքեալներուն։

Անդրէաս առաքեալը Ս. Պետրոսի կրտսեր եղբայրն է, ան նախապէս աշակերտած է Յովհաննէս Մկրտչին։ Յիսուսի առաջին ծանօթ հետեւողը ըլլալուն համար կոչուած է նախակոչ։ Ըստ աւանդութեան եղած է քարոզիչ Սկիւտարցիներուն եւ հիւսիսային Յունաստանի բնակչութեան։ Նահատակուած է Բաթրաս քաղաքը, բազմապատկութեան նշանին նման խաչի մը վրայ եւ այդ իսկ պատճառաւ կը կոչուի Ս. Անդրէասի խաչ։ Սկովտիոյ եկեղեցին եւ յոյներու տիեզերական պատրիարքութիւնը կը նկատեն Ս. Անդրէասը իրենց պաշտպան սուրբը։

Իսկ Փիլիպպոս առաքեալ, առաջին կանչուած առաքեալներէն մէկն է հաւանաբար ինք եւս Յովհաննէս Մկրտիչի աշակերտներէն որ ապա հետեւեցաւ Յիսուսի։

Բազմաթիւ անգամներ Փիլիպպոս յիշուած է Յովհաննէսի Աւետարանին մէջ, զանազան միջադէպերու կապակցութեամբ եւ առհասարակ Անդրէասի հետ միասնաբար։ Աւանդութիւնը կ՝ըսէ թէ ան քարոզած է Փոքր Ասիոյ մէջ եւ նահատակուած խաչելութեամբ Հերոպոլիս քաղաքին մէջ։

Կիրակի 15 Նոյեմբեր, Խաչի Ժ. Կիրակին է։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.