2009-11-08 14:17:19

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի հովուական այցելութիւնը Իտլաիոյ Պրեշեա թեմին։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի հովուական այցելութիւնը Իտլաիոյ Պրեշեա թեմին։

Կիրակի նոյեմբեր 8, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայպետը հովուական այցելութիւն կը կատարէ Պրեշեա թեմին եւ Գոնչեզիօ վայրը, ուր ծնունդ առաւ ու հասակ նետեց Աստուծոյ ծառայ Պօղոս Զ Քահանայապետը։

Պօղոս Զ անուան հրապարակի վրայ, Նորին Սրբութիւնը բացօդեայ պատարագ մատուցեց թեմի բոլոր կղերին հետ եւ իր արտասանած քարոզին մէջ վեր հանեց Աստուծոյ ծառայ Պօղոս Զ Քահանայապետի սրբութիւնը ու սէրը հանդէպ Եկեղեցւոյ, որուն համար անվերապահօրէն իր բոլոր կեանքը տուաւ։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, ըսաւ Նորին Սրբութիւթնը խօսքը ուղղելով բազմահազար հաւատացեալներու, իմ ուրախութիւնը մեծ է ձեզի հետ պատարագը մատուցանելու ու Աստուծոյ խօսքը ապրելու, Պրեշիայի թեմին սիրտը, ուր ծնաւ ու կազմուեցաւ Աստուծոյ ծառան Ճիովաննի Պաթիսդա Մոնթինի` Պօղոս Զ Քահանայապետը։ Ձեզ ամէնքդ կ'ողջունեմ եւ երախտապարտ եմ ինծի վերապահած ջերմ ընդունելութեան համար։

Այսօրուան Աւետարանը կը խօսի Այրի Կնոջ Նուէրին մասին։ ''Անիկա իր չքաւորութեան մէջ, դրաւ` ինչ որ ունէր իր ապրուստին համար'' Այրիին ներգործութիւնը կը ներփակէ մեծ նշանակութիւն, անիկա կը դրսեւորէ իւրայատուկ նկարիգիրը անոնց որոնք ''ողջ քարեր են'' նոր տաճարի, այսինքն նուիրեալ հոգիներու պարգեւը Տիրոջ։ հարուստը իր ունեցածին աւելորդէն կու տայ մինչ Այրին` նուիրեալ հոգին կու տայ ինչ որ ունի իր ապրուստին համար։

Աւետարանի այս պատկերէն, ըսաւ Սրբազան Հայրը, կ'ուզեմ ձեզի հետ պահ մը խորհրդածել Եկեղեցւոյ խորհուրդին մասին եւ այսպէսով մեծարել յիշատակը Պօղոս Զ մեծ Քահանայապետին, որ իր բոլոր կեանքը նուիրեց Եկեղեցւոյ։ Եկեղեցին դրական ողջ հոգեւոր մարմին մըն է, որ կը շարունակէ գործել ու ոգեկոչել Աստուծոյ Որդիին զոհաբերումը անջրպետի ու ժամանակի մէջ, Զոհաբերում մը որ երեւութապէս աննշան է յաջս աշխարհին ու պատմութեան իրադարձութիւններու սակայն վճռական յաչս Աստուծոյ։ Ինչպէս կը կարդանք Եբրայեցիներու թուղթին մէջ. ''Քրիստոս մէկ անգամ յայտնեց ինքզինք եւ իր Զոհով բազմութեան մեղքերը ջնջեց։ Այդ մէկ զոհաբերումին մէջ խտացուած է աստուածային Սէրը, Այրի կնոջ նման իր այդ նուիրումով խտացուած էր իր ունեցած սէրը Աստուծոյ հանդէպ։ Եկեղեցին որ միշտապէս կը ծնանի ս. Պատարագով, շարունակութիւնն է այս պարգեւին։ Պօղոս Զ իր կտակին մէջ կը յայտնէ իր սէրը հանդէպ Եկեղեցւոյ ու խորհրդաւոր մարմնի բոլոր անդամներուն եւ կը հայցէ Աստուծոյ օրհնութիւնները Անոր վրայ։ Ան շատ սիրած է Եկեղեցւոյ բազմազանութեան գեղեցկութիւնը եւ այդ բազմազանութեան մէջ տեսաւ Աստուծոյ անհուն գեղեցկութեան ցոլքը, որ յայտնի եղաւ Քրիստոսի մէջ։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց ներկաներէն խնդրելով որ աղօթեն որպէսզի Աստուծոյ Գեղեցկութեան հրապոյրը ցոլայ բոլոր համայնքներու մէջ ու Եկեղեցին ըլլայ լուսաւոր յոյսի նշան համայն մարդկութեան համար։ Թող Ամենասուրբ Կոյս Մարիամը ընդունի մեզի այս շնորհքը, որ Պօղոս Զ Վատիկանեան Բ Տիեզերական Ժողովի աւարտին ուզեց Մարիամը հռչակել Եկեղեցւոյ Մայրը։

Նշենք թէ իր այս միօրեայ հովուական այցելութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը կանգ առաւ Վալվերտէ Պոթիչինի Սսերա կոչուած սրբավայրը, ուր պահուած են Սուրբ Արգանճելօ Թատինիի աճիւնները եւ օրհնեց աւագ խորհան զետեղուած նոր սրբանկարը` գործ աշխարհառչակ հայազգի զաւակ Եուրոզի, Եուրի Գէւորգեանի։

ՆԿԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԻՄ ՆԵՐԱՇԽԱՐՀԻՍ ՀԵՏ ԿԱՊՈՒԵԼՈՒ ՄԻՋՈՑ Է, Կ'ԸՍԷ ԵՈՒՐՈԶ

Եուրոզի՝ Եուրի Գէորգեան նկարիչ-արուեստագէտի կեանքը, ամբողջ պատմութիւն մըն է՝ թէ ինչպէս ՜՜կարելի է յամառ աշխատանքի, կամքի եւ իւրայատուկ փիլիսոփայութեան շնորհիւ հասնիլ փառքի, յաջողութեան, ինչու ոչ նաեւ՝ հարստութեան՝՝։ Հայաստան ծնած 1956–ին, արդէն ընդգրկուած է ԱՄՆ-ի լաւագոյն նկարիչներու ցանկին մէջ։ Վերջերս ալ, Միացեալ Նահանգներու մէջ, լոյս տեսած ՜՜Միացեալ Նահանգներ 60 լաւագոյն նկարիչները՝՝ պատկերագրքի կողքն ալ, նկարազարդուած է Եուրոզի մէկ նկարով ։

Խորհրդային Հայաստանի մէջ ապրելու տարիներուն Եուրոզ քաղաքական զանազան հարցեր ունեցած է,ազգային-ազատագրական գաղափարներ ունենալու եւ տարածելու համար։Ան անմիջականօրէն բախած է մարդկային իրաւունքներու խախտման, տեսած է բազմաթիւ անարդարութիւններ, եւ թերեւս նաեւ ատոնց դէմ պայքարելու անկարողութիւնը Եուրային ստիպած է հեռանալ Հայաստանէն։ Ան յայտնուած է Միացեալ Նահանգներու մէջ անորոշ ու անհեռանկար։ Միակ յոյսը ամուր ֆիզիքական իր վիճակն էր (ժամանակին եոկայով զբաղած է) եւ անգլերէնը (որ սորված էր Երեւան)։1980-ականներու վերջերուն Միացեալ Նահանգներու մէջ բարեհամբոյր տրամադրուածութիւն կար Խորհրդային Միութենէն գաղթածներու հանդէպ, եւ Եուրի Գէորգեան, օգտուելով ատկէ, դռնէ դուռ աշխատանք փնտռած (Բարեւ, ես Ռուսաստանէն եմ, իմ անունս Եուրի է, աշխատող կուզէ՞ք, ըսելով) եւ չէ մերժուած։ Նոր ու անծանօթ երկրին մէջ (ոտքի կենալու եւ շտկուելու համար) կատարած է ամէն տեսակի գործ՝ ինքնաշարժ ալ լուացած է, փիցցայի ապսպրանք ալ տեղ հասցուցած է, ատաղձագործութիւն ալ ըրած է ։ Չէ խորշած որեւէ աշխատանքէ, որովհետեւ (ըսած է ան) գիտեր, որ երեկոյեան իրեն կը սպասէր ինքն իրեն հետ, իր աշխարհին հետ առանձին մնալու, նկարելու եւ ստեղծագործելու բերկրանքը։

Նկարած է ինքնամոռաց, խելայեղ, սկզբնական այդ շրջանին ոչ թէ վաճառելու, այլ՝ ինքնարտայայտուելու, իր ներքին զգացողութիւնները կտաւին յանձնելու եւ այդ միջոցով ձեւով մը պարպուելու համար։ Միացեալ Նահանգներու մէջ Եուրոզ ապրած է նաեւ տնանկի կեանքով։ Ատոնք եղած են իր կեանքի ամէնէն դժուար տարիները, եւ թերեւս չարժեր ալ այդ մասին խօսիլ եւ ատիկա անընդհատ յիշել, եթէ չըլլար այն հանգամանքը, որ փողոցային կեանքի փորձառութիւնը մեծ ազդեցութիւն ունեցած է Եուրոզի թէ՛ արուեստին, թէ՛ իր՝ իբրեւ մարդու կայացման մէջ։ Տեպի անունով հրեայ կին մը գտած-յայտնաբերած է Եուրոզը (իր այդ անտուն, անորոշ վիճակին մէջ) եւ սեփականացուցած՝ տաղանդաւոր մարդը՝ անոր տաղանդի ուժը զգալով առաջին իսկ պահուն։ Անոնք ամուսնացած են, եւ սկսած է Եուրոզի կեանքի երկրորդ շրջանը Տեպին իր կապերուն միջոցով օգնած է գեղանկարիչին՝ ցուցադրուելու, ճանչցուելու եւ ա՛լ աւելի յառաջ երթալու։ Դժուար է ըսել, թէ այս պատմութեան մէջ որքանով դեր խաղացած են պատահականութիւնը, ճակատագիրը եւ տաղանդը, բայց բան մը հաստատ է, որ Եուրոզ ինքն ալ թախտին նստող, բախտին սպասող մէկը չէ եղած, այլ ինքն ալ իր ձեռքով օգնած է կերտելու իր ճակատագիրը։

Տարիներ ետք Եուրոզը Լոս Անճելըսի մէջ (Ցուցասրահատիրոջ իր սուր հոտառութեամբ) գտած է լիբանանահայ արուեստաբան Մովսէս Հերկելեանը՝ Նոազ արք ցուցասրահի տնօրէնը ։ Մովսէս գիրք պիտի գրէ Եուրոզին մասին այդ առիթով այցելած է Ամերիկայի անոր տունը, ծանօթացած է նկարիչի կեանքին, շրջած է այն վայրերը, ուր ժամանակին, իբրեւ տնազուրկ, գիշերած է Եուրոզ։ Եուրոզ ալ, իր կարգին, վերջերս այցելած է Լիբանան՝ առաջին անգամ ըլլալով, վայելած է Պէյրութը եւ շատ սիրած է։

Հայազգի արուեստագէտ Եուրոզ երեք տարի առաջ Իտալիա կատարած իր այցելութեան ընթացքին, այցելեց նաեւ Վատիկանի Ռատիոն եւ հայկական բաժինը, այս առթիւ նաեւ հարցազրոյց մը ունեցանք իրեն հետ ան խօսեցաւ իր գործին եւ ծրագիրներուն մասին եւ յայտնեց իր ՜՜արուեստագէտի՝՝ անունին ԵՈՒՐՈԶի մասին, ըսաւ որ՝ անիկա միութիւնն է իր անունի առաջին մասին ԵՈՒ եւ իրեն շատ սիրելի անձի մը ՐՈԶ ին։

Սէրը մեծ տեղ եւ մեծ դեր ունեցած է ՜՜նկարիչ եւ մարդ Եուրոզի՝՝ կեանքին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.