2009-11-08 14:17:36

Ճանչնանք Քրիստոնեայ Ափրիկէն։


Ճանչնանք Քրիստոնեայ Ափրիկէն։



ՄԱՈՒՐԻԹԻՈՒՍ ԿՂԶԻՆԵՐԸ։ Երկրի Սահմանադրութիւնը կ՝երաշխաւորէ կրօնական ազատութիւն։ Հնօրեայ աւանդութեան տէր կրօնաւորական խումբերը կը ճանչցուին խորհրդարանական հրամանագիրով մը եւ կը ստանան հանրային ֆինանսաւորում։ Իսկ կրօնաւորական նոր խումբերը հարկ է որ արձանագրուին, մինչ միսիոնարներու համար անհրաժեշտ է արտօնագիր մը։ Մէկ միլիոնէն քիչ մը աւելի բնակիչներու հարիւրէն 44 տոկոսը ինտուիսթ, հարիւրէն 32,6 տոկոսը քրիստոնեայ,հարիւրէն 16,9 տոկոսը իսլամ ապա հարիւրէն 6,5 տոկոսը այլ դաւանանքներու պատկանողներ։ Մաուրիթիուս Կղզիներու կաթողիկէները կը հաշուէն 314.000 ,անոնք ունին եկեղեցական 2 գաւառներ եւ 3 Եպիսկոպոսներ։ Իսկ տեղաբնակ մէկ վարդապետով ժողովրդապետութիւններու ընդհանուր թիւը 42 է։







All the contents on this site are copyrighted ©.