2009-11-08 14:18:12

Կիրակնօրեան աւետարանական ընթերցում


Կիրակնօրեան աւետարանական ընթերցում

Կիրակի 8 Նոյեմբեր, Թ. կիրակի զկնի Խաչի։

Ընթերցում Սուրբ Ղուկաս Աւետարանէն գլուխ 8, թիւ 49-57 համարները

Յարոսի մեռած աղջիկը կը վերակենդանանայ։

49Մինչ (Յիսուս) կը խօսէր տակաւին, մէկը եկաւ ժողովարանի պետի տունէն եւ ըսաւ անոր Մեռա՛ւ աղջիկդ, զինք մի՛ յոնեցներ այլեւս։

50Երբ (այդ) լսեց Յիսուս, (Յայրոսին) ուղղեց իր խօսքը եւ ըսաւ Մի՛ վախնար, հաւատա՛ միայն եւ պիտի ապրի։

51Ապա տունը մտնելով, ոչ մէկուն թողուց որ ներս մտնէ, բայց միայն Պետրոսի, Յակոբոսի, Յովհաննէսի եւ այդ մանուկի հօրն ու մօր։

52(Մինչ) կու լայի՛ն բոլորը եւ կողբային անոր վրայ՝ (Յիսուս) ը-սաւ Մի՛ լաք, որովհետեւ մեռած չէ, այլ կը քնանայ։

53Անոնք ծաղրելու սկսան զինք, որովհետեւ իտէի՛ն, թէ մեռաւ։

54Ան՝ դուրս հանելով բոլորը,

55բռնե՛ց անոր ձեռքէն, ոչեց եւ ըսաւ Ոտքի՛ ել, կաննէ՛, ո՜վ մանուկ։

56Վերադարձա՛ւ անոր շունչը, ոտքի ելաւ մէկէն եւ հրամայեց, որ կերակուր տան անոր։

57Զարմացա՛ւ անոր ծնողքը եւ (Յիսուս) պատուիրեց, որ ոչ մէկուն ըսեն, թէ ինչ պատահեցաւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.