2009-11-07 13:37:40

Ակնարկ Մը Ազգային ու Միջազգային Դէպքերուն։


 
Ակնարկ Մը Ազգային ու Միջազգային Դէպքերուն։
ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Եուրի Մերզլեակով (Ռուսիա), Պեռնար Ֆասիէ (Ֆրանսա), Ռոպըրթ Պրատքէ (Միացեալ Նահաններ) եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք երէկ այցելած են Հայաստան։ Անոնք հանդիպում ունեցած են Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ, ներկայ եղած է նաեւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան։ Քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային գործընթացին առնչուող շարք մը հարցեր։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները Հայաստանի նախագահին տեղեկացուցած են նաեւ Պաքու կատարած իրենց հանդիպումներուն արդիւնքներուն մասին։
՝՝ՕԹԱՆ՝՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻՆ ՄԷՋ ԿՈՂՄԵՐԷՆ ՈՐԵՒԷ ՄԷԿՈՒՆ ՉԱՋԱԿՑԻՐ (ԿԸՍԷ ՍԻՄԸՆԶ)։
ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ռոպըրթ Սիմընզ յայտարարեց, որ ՕԹԱՆ կ՝ողջունէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը։ Ըստ անոր, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորումը նախ եւ առաջ տնտեսական օգուտ պիտի ունենայ երկու երկիրներու համար։ Հակառակ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմաններու փակ ըլլալու փաստին՝ առեւտրա-շրջանառութիւն կընթանայ, իսկ անոնց բացումէն ետք երկիրները կրնան իրենց համար նոր շուկաներ տնել(նշեց ան)։ Սիմընզ ընդգծեց, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորումը կը նպաստէ իրավիճակի կայունացման՝ Հարաւային Կովկասի նման բարդ շրջանի մը մէջ, ուր բազմաթիւ սառեցուած տագնապներ կան, ինչպէս՝ ղարաբաղեան եւ ռուս-վրացական։Ան շեշտեց, որ ՕԹԱՆ չի կրնար մասնակից դառնալ Հայաստան-Թուրքիա մերձեցման, կամ պաշտպանել կողմերէն որեւէ մէկը։ Ես միայն յոյս ունիմ, որ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները վաւերացուին, որովհետեւ անոնք շաղկապուած չեն միւս հարցերուն հետ։
Ատանայի Ջարդերուն Նուիրուած Գիտաժողով Պոլսոյ Մէջ
ՊՈԼԻՍ.- Սապանճը համալսարանին մէջ Ուրբաթ, Նոյեմբեր 6ին սկսաւ երկօրեայ գիտաժողով մը, նուիրուած Ատանայի ջարդերու հարիւրամեակին՝ «Ատանա 1909. Պատմութիւն, յիշողութիւն եւ ինքնութիւն հարիւր տարիներու պրիսմակէն»:
 Գիտաժողովը կազմակերպուած էՊոլսոյ Պողազիչի համալսարանին, Պիլկի համալսարանի պատմութեան բաժանումին, ՝՝Կոմիտաս» հիմնարկի, Հրանդ Տինքի անուան միջազգային հիմնարկին ու Սապանճը համալսարանին համագործակցութեամբ: Նիւթերը կը ներկայացուին անգլերէնով եւ թրքերէնով:
 Կազմակերպիչ յանձնախումբին անդամներն են՝ Հիւլիա Ատաք, Ֆիքրէթ Ատանըր, Ճէնկիզ Աքթար, Այշէ Կիւլ Ալթընայ, Ահմէտ Էրսոյ, Արա Սարաֆեան, Մելթէմ Թոքսէօզ եւ Մէթէ Թունճայ:
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԵՐՐՈՐԴ ԱՆԳԱՄ ԸԼԼԱԼՈՎ ԱՆԱԽՈՐԺ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ ԱՌՋԵՒ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻ։
Թրքական ՝՝Ռատիքալ՝՝ օրաթերթը կը տեղեկացնէ որ Թուրքիոյ մէջ Իսրայէլի դեսպանի շրջագայութեան երրորդ օրը դարձեալ անախորժ կացութիւն մը ստեղծուած է։ Իսրայէլի դեսպան Կապի Լեւի 5 նոյեմբերին հանդիպում ունեցած է Կիւմիւշհանլըի նահանգապետին հետ, ապա՝ թրքական Ազգայնական Շարժում կուսակցութեան անդամ, Կիրեսունի քաղաքապետ Մուսթաֆա Ճանլըի հետ։ Այս հանդիպումները նախորդ երկու օրուան անախորժ հանդիպումներուն նման անցած են։ Կիրեսունի քաղաքային խորհուրդի, ինչպէս նաեւ իշխող Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ Էօմեր Աքընճը Իսրայէլի դեսպանին հարցուցած է, թէ ՝՝իսրայէլացի պատասխանատուները ի՞նչ կը մտածեն իրենց գործած ցեղասպանութեան վերաբերեալ՝՝։ Այդ հարցումէն ետք Աքընճըն սրահէն հեռացուցած են։ Երբ Իսրայէլի դեսպանը Կիւմիւշի պանդոկին մէջ էր, անոր վրայ գոռալով յարձակած է Հասարակական Կրթութեան միութեան Կիւմիւշհանլըի մասնաճիւղի տնօրէնը՝ հարցնելով թէ ՝՝Իսրայէլի դեսպանը իրենց մօտ ի՞նչ գործ ունի՝՝։ Միութեան ղեկավարը նոյնպէս հեռացուցած են սրահէն։ Մինչ այդ, դուրսը Իսրայէլի դեսպանին այցելութեան դէմ բողոքողները հակա-իսրայէլեան լոզունգներ արձակած են։ Բողոքողներուն բարձրացուցած պաստառներուն վրայ գրուած են ՝՝Մարդասպան Իսրայէլ, հեռացի՛ր Պաղեստինէն՝՝ ՝՝ Բոլորս պաղեստինցի ենք՝՝ եւ նմանօրինակ այլ լոզունգներ։







All the contents on this site are copyrighted ©.