2009-11-06 13:41:00

Քահանայական տարի, - Քահանան խորհուրդները կը մատակարարէ


Քահանայական տարի, - Քահանան խորհուրդները կը մատակարարէ



Ամէնքն ալ գիտեն որ ուղղափառ քահանայութիւնը միացած է ուրիշ բարոյական բարձր իշխանութեան մը։ Այդ իշխնութիւնն միեւնոյն արդիւնքն չունի ամէն քահանայական պաշտօն կատարողներու համար։



Յաճախ կը տեսնուին քահանաներ, որոնք գիտութեան եւ լուսամիտ ծանօթութեանց գանձեր ժառանգութիւն ունենալով ` կը կարծուին թէ Եկեղեցւոյ օգտակար ըլլալու ամենանպաստաւոր պարագաներուն մէջ կը գտնուին, բայց եւ այնպէս իրենց կեանքը կ'անցնեն առանց մասնաւոր դիտողութեան արժանի գործ մը ըրած ըլլալու։

Զանազան դարերու մէջ եղան ոմանք, որ զուրկ մարդկային ոեւէ միջոցներէ` զօրաւոր եւ ազդու եղանակաւ կը գործէին, ժոովուրդները կը յուզէին եւ քիչ ժամանակուան մէջ թեմեր, քաղաքներ եւ ամբողջ գաւառներ կը վերածնէին։



Ուսկի՞ց առաջ կու գայ այս տարբերութիւնը, պատասխանը դիւրին է։ Ըըսենք ուրեմն, որ մեր մէջ տիրող ոգին է, որ մեր գործոց որպիսութիւնը եւ արժէքը կ'որոշէ։

Բանական մարդ ըլլալու համար` պէտք է բանականութիւնն առաջնորդէ եւ կառավարէ։ Ճշմարիտ քրիստոնեայ ըլլալու համար` պէտք է Յիսուսի Քրիստոսի ոգին առաջնորդ եւ կառավար ունենալ։ Աստուծոյ փառաց եւ հոգւոց փրկութեան օգտակար ըլլալոու համար ալ աւելի շարժելու եւ կառավարելու է այս աստուածային հոգւոյ ազդեցութեամբը։



Ճշմարիտ քրիստոնեայ ըլլալու համար` պէտք է Յիսուսի Քրիստոսի ոգին առաջնորդ եւ կառավար ունենալ։

Քրսիտոնեան գերբնական մարդ մ'է, իր կեանքով, իր ծագումով ու իր վախճանով աւելի վսեմ ու կատարեալ քան թէ բանական կեանքը։

Ո՞րն է բանական կեանքի սկզբունքը. Բանականութեան լոյսն ու խղճի ներքին ձանը։

Ո՞րն է քրիստոնեական կենաքի սկզբունքը։ Շնորհքը, որ իմացականութեան գերբնական լոյս մը եւ կամքի բնութիւնէ վեր զօրութիւն կը հաղորդէ։

Ո՞րն է բանական կաենքի նպատակն ու վախճանը ։ -Ստորադասութիւն եւ ուղղութիւն կրքերու, որմէ առաջ կու գայ այն բարոյական առաքինութեան կապակցութիւնը որ իմաստութիւն կը կոչուի։

Ո՞րն է քրիստոնեական կեանքի նպատակն ու վախճանը








All the contents on this site are copyrighted ©.