2009-11-06 13:40:28

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը


Ուրբաթ 6 նոյեմբեր 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց

Խազախիստանի հանրապետութեան նախագահը` Տիար Նուրսուլթան Նազարպայեւ։

Ապա Սրբազան Հայրը ընդունեց Պրազիլի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի հարաւային եկեղեցական գաւառի խումբ մը եպիսկոպոսներ` հնգամեայ կանոնական այցելութիւն։

Իսկ յետմիջօրէին Նորին Սրբութիւնը ընդունեց կարտինալ Ուլիամ Ժոզէֆ Լեվատան` կառավարիչը հաւատոյ ժողովին, եւ կարտինալ Քասբեր նախագահը Քրիստոնեաներու Միութեան Քահանայապետական Խորհուրդին։



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հանդիպումը գեղարուեստի աշխարհին հետ։

Հինգշաբթի 5 նոյեմբեր 2009-ին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի մէջ տեղի ունեցաւ ներկայացումը՝ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի հանդիպումին, գեղարուեստի աշխարհին հետ, յառաջիկայ 21 նոյեմբերին Վատիկանի Սիքստեան մատրան մէջ ։

Այս հանդիպումը տեղի կ'ունենայ նախաձեռնութեամբ գերապայծառ Ճանֆրանքօ Ռավազիի` նախագահը մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդին։

Հանդիպումին նպատակն է վերահաստատել բարեկամութիւնը եւ երկխօսութիւնը Եկեղեցւոյ ու գեղարուեստի աշխարհին հետ, եւ յարուցանել համագործակցութեան նոր առիթներ ։ Հանդիպումին կը մասնակցին հինգ ցամաքամասերու հանրահռչակ շուրջ 500 գեղարուեստագէտներ։

Հրաւիրեալներու թիւը սահմանափակ է, Սքիստեան մատրան ընդունելու կարողութեան չափով։ Սրբազան Քահանայապետին հետ հանդիպումէն առաջ, հրաւիրեալ գեղարուեստագէտները կ'այցելեն Վատիկանի թանգարանի արդի ու ժամանակակից գեղարուեստի բաժինը։ Նախատեսուած է երաժշտական կարճ գործադրութիւններ Սրբազան Քահանայապետի հանդիպումէն անմիջապէս առաջ ու վերջը։

Գերապայծառ Ճանֆրանքօ Ռավազի` յանուն բոլոր գեղարուեստագէտներուն, բարի գալուստի խօսքը կ'ուղղէ Սրբազան Քահանայապետին։ Ապա հատուածներ կը կարդացուի երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին 10 տարի առաջ գեղարուեստագէտներուն ուղղած՝ առաքելական թուղթէն, որմէ ետք Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր ճառը կ'ուղղէ գեղարուեստի աշխարհին։

Այս հանդիպումէն ետք Նորին Սրբութիւնը բոլոր ներկաներուն կը յանձնէ յատուկէն պատրաստուած յիշատակի մետալ մը։

Նշենք թէ հանդիպումին մասնակցող շուրջ 500 գեղարուեստագէտները ստորաբաժնուած են հինգ դասակարգերու. Առաջին դասակարգը ՝ գեղանկարիչ եւ արձանագործ, երկրորդը` ճարտարարուեստ, երրորդը՝ գրագէտ եւ բանաստեղծ, չորրորդը՝ երաժիշտ ու երգիչ, հինգերորդը` կինօ, թատրոն, պար եւ լուսանկարչութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.