2009-11-06 13:41:21

Էջ կը հայ երաժշտութենէն

Այսօր պիտի խօսինք Հայ երաժշտութեան մեծագոյն երախտաւոր Պապա Համբարձումի մասին։


Հայ երաժշտութեան մեծագոյն դէմքերէն Համբարձում Լիմոնճեան, աւելի ծանօթ՝ Պապա Համբարձում անունով, երաժիշտ, աշուղ, տեսաբան, քերթող եւ մանկավարժ էր , ան նոր դարագլուխ բացաւ հայ երգին եւ երգարուեստին համար, մաքրեց զայն օտար, գլխաւորաբար՝ թրքական ազդեցութիւններէն, հեղինակեց շարք մը ստեղծագործութիւններ, տաղեր, եւ եղաւ հայկական նոր ձայնագրութեան հիմնադիրը, պահպանելով այդպէս ազգային ժողովրդական եւ հոգեւոր երաժշտութեան ժառանգութիւնը։

Համբարձում Լիմոնճեան ծնած է 1768-ին, Պոլիս։ Չքաւոր ընտանիքի զաւակ էր եւ աղքատ մանկութիւն մը անցուցած։ Ան հազիւ գրել-կարդալ սորված, դերձակի մը մօտ աշկերտ մտնելով կը հմտանայ արհեստին մէջ եւ կը նետուի դերձակութեան ասպարէզ։

Ի ծնէ երգի եւ երաժշտութեան սիրահար, գործէն ազատ ժամերուն կը զբաղէր երաժշտական գիտելիքներով, եւ այդպէսով բաւական յառաջդիմեց երաժշտագիտութեան մէջ։ Ժամանակ մը ետք Զեննէ Պօղոսին աշակերտելով հմտացաւ հայկական հոգեւոր երաժշտութեան մէջ։ Միաժամանակ աշակերտեց Ոնոփրիոս Թաթաւլացիին, անկէ սորվելով յունական փլասթիքան եւ տեսութիւնը։ Այդ ժամանակ Արեւելքի մէջ բաւական տարածուած էին թափառական տերվիշները եւ աշուղները, որոնք արուեստագէտներ, բանաստեղծներ, երգիչներ եւ երաժիշտներ էին, երգելով կը մատուցէին իրենց ստեղծագործութիւնները՝ զայն զուգորդելով աւանդական կամ ինքնաստեղծ մեղեդիի հետ, քնարի կամ երաժշտական այլ գործիքի նուագակցութեամբ։ Ծանօթանալով թուրք տերվիշներու՝(տերվիշ պարսկերէն կը նշանակէ չքաւոր -այս հասկացողութիւնը ընդհանրապէս նկատի կառնուի իբրեւ բնութագրում սուֆի խորհրդապաշտ կրօնաւորներու), Համբարձում հոգեւին փարեցաւ անոնց աւանդներուն եւ կարճ ժամանակի ընթացքին իւրացուց անոնց կատարած դասական երգերու ոճը։ Անոր վրայ մեծ ազդեցութիւն գործեց տերվիշներուն միսթիք ուսմունքը, լռելեայն հայեցողութիւնը, ինքնախորասուզումը, երգերով, երաժշտութեամբ ու ծիսական պարերով կատարուող աղօթքները, ինչպէս նաեւ ինքնամոռաց կենցաղը, որոնք եղբայրութիւններու, համայնքներու եւ միաբանութիւններու շուրջ խմբուած՝ կապրէի աղքատիկ, ինքնազրկումով եւ օգնելով բոլորին, միաժամանակ զբաղելով հեքիմութեամբ, գուշակութեամբ, եւ մասամբ նաեւ կախարդութեամբ։ Տերվիշներուն ուսմունքը եւ երաժշտական աւանդները իւրացնելէն ետք Համբարձում Լիմոնճեան, որ այլեւս ծանօթ դարձած էր Պապա Համբարձում անունով, ուսումնասիրեց նաեւ եւրոպական երաժշտութեան տեսութիւնը։ Պապա Համբարձումին համար անկիւնադարձային եղաւ Յովհաննէս չէլէպի Տիւզեանի հետ ծանօթացումը։ Յովհաննէս չէլէպի, որ երաժշտութեան սիրահար էր, նկատելով անոր բացառիկ ընդունակութիւնները, զայն Մխիթարեաններու վարժարանին մէջ երաժշտութեան ուսուցիչ նշանակել տուաւ։ Համբարձում միաժամանակ գրագիրի պաշտօն ստանձնեց արքունի ճարտարապետներ Պալեաններուն մօտ։ Երբ այլեւս նիւթապէս բաւական ապահովուած էր եւ ապրուստի մտահոգութիւն չունէր, աշխատեցաւ աւելի կատարելագործել երաժշտական իր ուսմունքը։ Յոյն անուանի երաժիշտներէ դասեր առաւ, միաժամանակ պահպանելով տերվիշներու հետ մօտիկ կապերը։ Ուսումնասիրեց նաեւ հայ հին հոգեւոր երգերը եւ աշխատեցաւ ձայնագրել զանոնք։ Եւրոպական նօթաները ձեռնտու չեղան իրեն, եւ յամառ աշխատանքի լծուեցաւ շարականներու խազերուն նմանցնելով հայկական նօթաներ հնարելու համար, եւ ամէն մէկ նշանի անուն մը տուաւ (փօ, է, վէ, բէ, խօ, նէ, պա), որոնք կը համապատասխանէին եւրոպական (ռէ, մի ֆա, սօլ, լա, սի, տօ) նօթաներուն։ Այնուհետեւ ան որոշեց եւ դասակարգեց ամանակները եւ չափերը։ Հայկական նոր ձայնագրութեան ստեղծման համար ան աշխատեցաւ մինչեւ 1815։ Այսպէսով ան յաջողեցաւ հին խազերէն անցնիլ դէպի գծային նօթագրութիւն։ Գծային նօթագրութեան շնորհիւ պահպանուեցաւ ազգային ժողովրդական եւ հոգեւոր երաժշտութեան ժառանգութիւնը։ Ինք էր որ հեղինակեց Տիրածին կոյսը, Ո՜վ ամենապայծառը, Համեմատ քեզ ոչ գոյ նմանը, Վեհ Հմայեակը, Զարթիր, զարթիրը, Զօրեղ բազուկն Վահանայն եւ Շուշանագեղը։ Ան գրած է Խասգիւղի մէջ 14 սեպտ. 1837-ին իր ինքնակենսագրութիւնը, թրքերէն, անոր մէջ անդրադառնալով ՜՜Հայ ձայնագրութեան ստեղծման դրդապատճառներուն՝՝ ։

Պապա Համբարձում հոյլ մը աշակերտներ պատրաստեց, որոնք կոչուած էին շարունակելու անոր սկսած գործը։ Անոնց գլխաւորները եղան Թամպուրի Ալեքսան (1815 - 1864), Աբիսողոմ Իւթիւճեան (1818-1847), Արիստակէս Յովհաննէսեան (1812 - 1878), Պետրոս Չէօմլէկեան (1785 - 1840), Յովհաննէս Միւհէնտիսեան (1810-1891) եւ իր զաւակը՝ Նէզէն (նէյ նուագողի իմաստով) Զենոբ (1810-1866)։

Համբարձում Լիմոնճեան մահացաւ 29 յունիս 1839-ին, 71 տարեկան հասակին, Պոլսոյ մէջ։ Իր մահէն տասնամեակներ ետք, Գէորգ Դ. ամենայն հայոց կաթողիկոսին նախաձեռնութեամբ եւ Կարապետ Պաղտատլեանի ու Նիկողոս Թաշճեանի միջոցով, կազմակերպուեցաւ Պապա Համբարձումի ստեղծած հայկական ձայնագրութեան համակարգին ուսուցումն ու տարածումը ։ Այսպէսով, հայ հոգեւոր երգարուեստը կանոնաւորելու աշխատանքին մէջ, սկսած՝ Մովսէս Տաթեւացի կաթողիկոսին օրով (1629 - 1632), որ շարունակուեցաւ հետագային, հիմնական եւ երախտարժան դերակատարութիւնը, կը պատկանի Համբարձում Լիմոնճեանին ։







All the contents on this site are copyrighted ©.