2009-11-06 13:11:45

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ԿԸ ՏԵՍԱԿՑԻ ԼԻՆՍԻ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ։ Երէկ սկսաւ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութեան աշխատանքային այցելութիւնը Միացեալ Նահանգներ։ Այս ծիրին մէջ Տիգրան Սարգսեան Լոս Անճելըսի մէջ հանդիպում ունեցաւ Լինսի հիմնադրամի նախաահ Ճէյ Ռաքոուիի եւ առաջին փոխնախագահ Յարութ Սասունեանի հետ։ Քննարկուեցան Հայաստանի եւ հիմնադրամի միջեւ համագործակցութեան առնչուող հարցեր։
ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԷՆ ԵՏՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԱՅՑԵԼԵՆ։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Եուրի Մերզլեակով (Ռուսիա), Պեռնար Ֆասիէ (Ֆրանսա), Ռոպըրթ Պրատքէ (Միացեալ Նահանգներ) եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք երէկ այցելած են Պաքու, ուր հանդիպումներ ունեցած են նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ։ Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկումի նիւթ եղած են ղարաբաղեան տագնապի լուծման առնչուող հարցեր։ Սկզբունքով համանախագահները այսօր կամ վաղը պիտի մեկնին Երեւան ։ Մինչ այդ, ֆրանսացի համանախագահը յայտարարած էր, որ ժամանակի սահմանափակ ըլլալուն պատճառով կարելի պիտի չըլլայ Լեռնային Ղարաբաղ այցելել։Նշենք, որ նոյեմբերի սկիզբը շրջան այցելելու մասին հաղորդագրութիւն մը հրապարակուած էր (26 հոկտեմբերին)Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ տեղի ունեցած հանդիպումներէն ետք։ 8 հոկտեմբերին Քիշինեւի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք ճշդուած էր, որ անոնք կրկին հանդիպին ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին, որ տեղի պիտի ունենայ Աթէնքի մէջ՝ 1-2 դեկտեմբերին։
ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԻՍ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿՈՒԻ ՄԻԱՅՆ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿԻՆ ՀԱՐՑԸ։ Երէկ Հայաստանի խորհրդարանին մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան յայտարարած է, թէ այսօր Ղարաբաղեան տագնապի լուծման բանակցութիւններուն ընթացքին կը քննարկուի միայն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կարգավիճակին հարցը։ Ըստ անոր, այլ հարցեր չեն քննարկուիր, որովհետեւ հայկական կողմին համար առաջնահերթ են Լեռնային Ղարաբաղի կարավիճակն ու անվտանգութիւնը։ Նալբանդեան ընդգծած է, որ այդ հարցը պէտք է լուծուի բանակցութիւններու հիման վրայ, իսկ քննարկումները կ՝ընթանան Մատրիտեան սկզբունքներուն ծիրին մէջ։ Ան նկատել տուած է, որ պէտք չէ ակնկալել, որ յառաջիկայ 3-4 ամիսներուն ընթացքին այս հարցը լուծուի, որովհետեւ անիկա բաւական երկարատեւ գործընթաց է։
ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՄԱՍԻՆ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՊԱՏՐԱՍՏԱԾ ԶԵԿՈՒՑՈՒՄԸ ՊԻՏԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԻ ՄԱԿ-ԻՆ։ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Արազ Ազիմով Ուաշինկթընէն յայտարարած է, որ ազրպէյճանցի դիւանագէտներ Ղարաբաղեան տագնապին վերաբերող զեկուցում մը կը պատրաստեն, որպէսզի մօտիկ ապագային զայն ներկայացնեն ՄԱԿ-ին։Ըստ անոր, հայկական կողմը միջազգային հանրութիւնը շփոթի կը մատնէ, տագնապին մասին իրականութեան չհամապատասխանող տեղեկութիւններ ներկայացնելով։ Մենք Հայաստանի կը պատասխանենք ՄԱԿ-ի մէջ(դիտել տուած է Ազիմով)։
ՍԱՆ ֆՐԱՆՍԻՍՔՕ- Կրթաթոշակ՝ Հայազգի Ուսանողներու Համար։ Ամերիկահայ քաղաքացիներու միութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ 2010-2011 ուսումնական տարեշրջանին համար կրթաթոշակներու դիմումնագիրներ սկսած է ընդունիլ հայազգի համալսարանական ուսանողներէ:Միութիւնը կը տեղեկացնէ նաեւ, թէ 2009-2010 տարեշրջանին 16,000 տոլար կրթաթոշակ տրամադրած է հայ ուսանողներու:
 Հետաքրքրուողները կրնան դիմել /a> համացանցային կայքին միջոցաւ Յակոբ Գուճաքեանին՝ /a> , կամ Scholarship Awards Chair, P.O. Box 12569, San Francisco, CA 94112 հասցէով:







All the contents on this site are copyrighted ©.