2009-11-05 13:39:16

կրօնաբարոյական հարցեր - Աստուած Մեզ Անկատա՞ր Ստեղծեց 1


կրօնաբարոյական հարցեր - Աստուած Մեզ Անկատա՞ր Ստեղծեց 1



Մարդկային մեր կեանքին մասին մտածած ժամանակ, կը խորհինք թէ ինչո՞ւ համար կան հիւանդութիւններ, որոնք ամենէն ցցուն արտայայտութիւններն են մեր ֆիզիքական տկարութեան: Առ հասարակ «մարդկային տկարութիւն» ըսած ժամանակ, կը հասկնանք մեր թերութիւնները, որոնց հետեւանքով սխալներ կը գործենք, փոխ-յարաբերական մեր կեանքը դժուարութիւններու մատնելով:

Արդարօրէն շատերու միտքը տագնապեցնող հարցումը բնական կերպով մարդուն անկատարութեան մասին պիտի ըլլայ: Արդեօ՞ք Աստուած մարդը անկատար ստեղծեց: Եթէ այո՝, ինչո՞ւ, եթէ ոչ՝ հապա ուրկէ՞ են մեր ֆիզիքական թէ իմացական կեանքին անկանոնութիւնները, որոնք իրենց կարգին անկանոն կը դարձնեն մեր շրջապատին կեանքը: Այո՛, անկարելի է անջատուիլ շրջապատէն: Կրնայ ընտանիքի մը մէկ անդամը հիւանդութեամբ տառապիլ, սակայն ամբողջ ընտանիքը անոր հետ կը տագնապի, կը ցաւի, կը տնքայ, կը հառաչէ, եւ ի վերջոյ անոր մահուամբ՝ խոր սուգի կը մատնուի: Ահա պարագայ մը, երբ շատ սեղմ շրջանակ մը՝ ընտանիքը, իր մէկ անդամին հետ կը տառապի: Հապա եթէ պատահի որ աւելի լայն շրջանակ ունեցող, կամ հանրային կեանքին մէջ կարեւոր պատասխանատուութիւն ու հանգամանք ունեցող անձ մը ըլլայ ան, շատ աւելի թիւով մարդիկ անոր հետ միասին կը մտահոգուին ու կը տառապին, նաեւ մտածելով ապագային մասին, թէ ո՞վ պիտի փոխարինէ այդ ծանր պարտականութիւնները ստանձնած անձին դերը:

Յաճախ լսած ու միշտ ալ ըսած ենք. Մարդ ենք՝ կը սխալինք: Սա՝ մեր գործած սխալներուն պարագային: Իսկ եթէ ներողամիտ ոգիով նաեւ ուրիշներուն սխալները տեսնենք, անոնց համար ալ կ՛ըսենք. Սխալակա՛ն է մարդը: Իսկ եթէ միեւնոյն ներողամտութիւնը, զոր մեր անձին նկատմամբ յաճախ կ՛ունենանք, նաեւ ուրիշներու գործած սխալին պարագային չունենանք՝ արդէն մեծ խանգարում ու անկանոնութիւն կը ստեղծուի ընկերային կեանքին մէջ:

Ի վերջոյ քանի՞ հոգի օրուան մը ընթացքին ամբողջական սրտով կ՛ընդունի իր կատարած սխալը ու ներողութիւն կը խնդրէ դիմացինէն: Առ հասարակ յանցանքը ուրիշին վրայ բարդելու կողմնակից ենք, Բայց սխալական մարդը անկատա՞ր ստեղծուած է ուրեմն: Դարձեալ նոյն հարցումը կը դառնայ ոմանց մտքին մէջ: Այս գաղափարին կողմնակիցները անկատարութեան ու մարդուն շնորհուած ազատ կամքին տարբերութիւնը չեն կրցած իմանալ տակաւին: Մարդը իր ճակատագրին նախասահմանուած էակ մը չէ: Սա հակառակ է քրիստոնէական վարդապետութեան։ Աստուած մարդուն ազատ կամք շնորհելով, ուղղակիօրէն իրեն գործակից կարգեց զայն: Մարդը Աստուծոյ ստեղծագործութեան շարունակողն է այս տիեզերքի վրայ: Եթէ նախասահմանուած, կամ բնազդով կառավարուող էակ մը ըլլար, վստահաբար պիտի չկարենար կատարել այն սքանչելիքները, զորս այսօր աստուածապարգեւ իր բանականութեան ճամբով կը կատարէ, գիտութեան անունին տակ:

Բայց ի՞նչ ըսել ֆիզիքական մեր թերութիւններուն մասին, որոնք թէ՛ ի ծնէ, եւ թէ յետագային կ'երեւին մեր կեանքին մէջ: Այսպէս՝ հաշմանդամ ու թերաճ ծնունդներ, ի ծնէ կամ աւելի ուշ յայտնուող անդամալուծութիւններ, արկածներ, ժառանգական, տարանցիկ թէ յանկարծ ի յայտ եկող հիւանդութիւններ եւ բազմաթիւ այլ երեւոյթներ, մտածել կու տան, թէ Աստուած մարդը անկատար ստեղծած է ուրեմն:








All the contents on this site are copyrighted ©.