2009-11-04 14:05:09

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը

Չորեքշաբթի 4 Նոյեմբեր 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն, Ս. Պետրոս հրապարակը։

Սրբազան Հայրը, այսօրուան խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց 12-րդ դարու վանական աստուածաբանութեան ծաղկումի վրայ։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Այսօր, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, կ'ուզեմ իմ խորհրդածութիւնը շարունակել եւ խօսիլ 12-րդ դարու վանական աստուածաբանութեան ծաղկումի մասին։

Վանական աստուածաբանութեան ու դասական աստուածաբանութեան միջեւ մեծ բանավէճ մը յառաջ եկաւ, որ խորհրդանշականօրէն ներկայացուած է Սուրբ Պերնարտոսի եւ Ապելարտի հակաճառութեամբ։

Արդարեւ, աստուածաբանութիւնը փնտռտուքն է տրամաբանական հասկացողութեան ՜՜Յայտնութեան խորհուրդներուն՝՝, որ հաւատքով ընդունուած են։

Ընդունուած սահմանումի մը համաձայն, հաւատքն է որ հասկացողութիւն կը փնտռէ։

Սուրբ Պերնարտոս շեշտը կը դնէր այս սահմանումի առաջին մասին վրայ՝ ՜՜ հաւատքի վրայ՝՝։ Իսկ Ապելարտը շեշտը կը դնէր սահմանումի երկրորդ մասին վրայ՝ ՜՜հասկացողութեան վրայ՝՝ հասկացողութիւնը տրամաբանութեան միջոցաւ։

Պերնարտոսին համար, ըսաւ Սրբազան Հայրը, աստուածաբանութիւնը ունի մէկ նպատակ., ՜՜զարգացնել ողջ փորձառութիւնը ու սերտ կապը Աստուծոյ հետ՝՝։ Ասկէ մղուած՝ ան կը մերժէր Ապելարտի շատ տրամաբանական մեթոտը, ըստ որու Ապելարտը ՜՜հաւատքը կը վերածէ լոկ գաղափարի մը անջատուած՝ յայտնուած ճշմարտութենէն՝՝։

Վերջապէս, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, աստուածաբանական առճակատումը եզրափակուեցաւ կատարեալ հաշտութեամբ երկու աստուածաբաններու միջեւ, շնորհիւ երկուքին բարեկամի մը միջնորդութեան՜՜Յարգարժան Պետրոսի միջնորդութեան՝՝։

Այս վիճաբանութիւնը, եզրակացուց Սրբազան Քահանայապետը իր խորհրդածութիւնը,, ցոյց կու տայ առողջ հակաճառութեան օգտակարութիւնն ու հարկաւորութիւնը Եկեղեցւոյ մէջ, յատկապէս երբ ծեծուած հարցերը Եկեղեցիէն սահմանուած չեն։

Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները մաղթելով որ Հռոմ իրենց ուխտագնացութիւնը ըլլայ առիթ՝ ՜՜հաւատքի ամրապնդումին՝՝, որպէսզի Քրիստոսը ըլլայ ձեր կեանքին կեդրոնը ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ։

Եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը, Սրբազան Քահանայապետը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն յիշեցնելով որ այսօր եկեղեցին կը մեծարէ սուրբ Գարլոս Պոռոմէօն, որ եղած է առաջնորդը Միլանօ թեմին։ Ան Քրիստոսի սէրէն տոգորուած, դարձաւ անխոնջ վարդապետ մը եւ ճշմարիտ հովիւը իր հօտին։ Անոր օրինակը թող խրախուսէ ամէնքդ հետեւելու Քրիստոսին ու ապրելու Աւետարանի ցուցմունքին համաձայն։








All the contents on this site are copyrighted ©.