2009-11-04 14:06:26

Լուրեր հայկական կեանքէն

Հայաստանի հողերը պէտք է վերադարձուին հայերուն ըսած է հայազգի աշխարահռչակ երգիչ եւ Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Շարլ Ազնաւուր։


Աշխարհահռչակ երգիչ, Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Շարլ Ազնաւուր իտալական RAI 3 պատկերասփիւռի կայանին տուած իր հարցազրոյցին մէջ նշած է, որ Արեւմտեան Հայաստանի հողերը պէտք է վերադարձուին հայերուն։

Երբ ես ծնայ 1924 թուականին, ըսած է Շարլ Ազնաւուր, Հայաստանին խոստացան, որ հողերը պիտի վերադարձնեն։ Ես արդէն 85 տարեկան եմ, եւ նոյնքան ալ սպասել չեմ կրնար։ 1924-ին Ստալինը հայերուն խոստացաւ վերադարձնել Էրզրումը, Երզնկան, Սեբաստիան, Խարբերդը, Տիգրանակերտը, Պիթլիսը, Վանը, Մուշը Ուիլսընեան Հայաստանը նոյնպէս կը ներառէր Տրապիզոնի, Էրզրումի, Վանի եւ Պիթլիսի նահանգները, ըսած է Ազնաւուր։

Նշենք որ հայազգի հռչակաւոր երգիչը 30 հոգտեմբերէն ի վեր (եւ մինչեւ նոյեմբերի կէսերը) կը շրջի Իտալիոյ զանազան քաղաքները եւ ամենաորակաւոր բեմերու վրայ համերգներով հանդէս գալով։ Այս շրջապտոյտին ծիրին մէջ, նաեւ՝ այսօր Չորեքշաբթի 4 Նոյեմբեր 2009-ին երեկոյեան Հռոմի երաժշտական համալիրին մէջ (AUDITORIUM PARCO DELLA MUSICA) ի մէջ Ազնաւուր ելոյթ պիտի ունենայ։ Երգահանդէսին տոմսերը արդէն երկու ամիս առաջ սպառած էին։ Յայտնենք նաեւ որ հայազգի Ազաւուրի նախորդ հանդիպումը իտալացի երաժշտասէրներուն հետ տեղի ունեցած էր 26 տարիներ առաջ, 1983-ին։

 

Մուսա լերան 40 օրերը Հայաստանի մէջ։

Վերջերս Երեւանի Սունդուկեանի անուան պետական ակադեմական թատերասրահին մէջ ցուցադրուած է Ֆրանց Վերֆելի՝ Մուսա լերան 40 օրերը խորագիրով ներկայացումը Հ Հ մշակոյթի նախարարութեան նիւթական օժանդակութեամբ։

Ներկայացման բեմադրիչ Արմէն Էլբակեան յայտնած է, որ այս գործը հիմնականօրէն պատրաստած է, այն պատճառով, որ այնպէս ինչպէս ռուսերը կրնան հպարտանալ Պատերազմ եւ խաղաղութիւն վէպով, նոյնպէս մենք կրնանք հպարտանալ Ֆ Վերֆելի գրած հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան մասին։Նշենք, որ ներկայացման հիմնական նիւթը գլխաւոր հերոսին՝ Բագրատեանին հարազատներուն երկրին մէջ ջարդ սկսելուն մասին տեղեակ չըլլալն է։ Հերոսը որոշած է, պատերազմին պատճառով, ընտանիքը արտասահման ուղարկել, սակայն կնոջ սէրն ու հաւատքը՝ միասնականութեան հանդէպ, հերոսին նոր ուժ կու տայ։










All the contents on this site are copyrighted ©.