2009-11-04 14:19:13

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


ԸՍՏ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՏԱՐԱԾՔՆԵՐԷՆ ԶԻՋԻԼԸ ԲԱՑԱՌՈՒԱԾ Է ։ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ, Ազատ Հայրենիք կուսակցութեան նախագահ Արա Յարութիւնեան յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքային ամբողջականութիւնը հաստատուած է երկրի
սահմանադրութեամբ, ուստի տարածքային որեւէ զիջում բացառուած է։ Անոր համաձայն, այդ տարածքներուն մէջ ներառուած են Արցախի ներկայ շրջանները։ Ասիկա մեր դիրքորոշումն է, որով կառաջնորդուինք(հաստատեց ան)։ Ինչ կը վերաբերի ղարաբաղեան տագնապի լուծման Մատրիտեան սկզբունքներուն, Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետը նշեց, որ նման փաստաթուղթ տակաւին պաշտօնապէս չէ փոխանցուած։ Մենք այդ մասին տեղեկացանք թերթերէն եւ տեղեկատուական միջոցներէն, որոնք չեն կրնար փաստաթուղթի համարժէք ըլլալ, (յայտնեց ան)աւելցնելով, որ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահները հաւաստիացուցած են, որ երկու երկիրներուն կողմէ որեւէ փաստաթուղթ պիտի ընդունուի միայն եթէ անիկա արժանանայ ժողովուրդին հաւանութեան։ Վերջի՛ն խօսքը ժողովուրդին կը պատկանի(հաստատեց Յարութիւնեան)։ Անդրադառնալով հայ-թրքական հաշտեցման գործընթացին,Արա Յարութիւնեան նշեց, որ թէեւ անիկա կրնայ նպաստել Լեռնային Ղարաբաղի տնտեսական զարգացման, սակայն պէտք է ընթանայ առանց նախապայմաններու։

ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԾԵՐԱԿՈՅՏԻ ՄԵԾԱՄԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐԸ ՔԼԻՆԹԸՆԻՆ ԿՈՉ ԿՈՒՂՂԷ ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՆԱԼՈՒ։
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտին մէջ մեծամասնութեան ղեկավար Հերի Ռիտ (դեմոկրատական-Նեւատա) Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն վերաբերեալ Նեւատայի հայ համայնքի վերապահութիւնները պաշտօնապէս փոխանցեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի։ 30 հոկտեմբերին Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Նեւատայի մասնաճիւղի գործիչներէն Ռազմիկ Լիպարեանին ուղղուած նամակի մը մէջ ծերակոյտի մեծամասնութեան ղեկավարը յայտնեց, թէ ինք վերջերս Քլինթընին նամակ մը գրած է ներկայացնելու համար իր նահանգի հայկական ծագումով քաղաքացիներու մտահոգութիւնները եւ զինք քաջալերելու Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն հարցով ուղղակի հանդիպում ունենալու ամերիկահայ համայնքի ղեկավարութեան հետ։
ԹՈՒՐՔԻԱ ՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԱՐԽԻՒՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՀԱՄԱԽՄԲԷ ՆՈՐ ԿԵԴՐՈՆԻ ՄԸ ՄԷՋ։
՝՝Անատոլու՝՝ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիա Պոլսոյ մէջ Օսմանեան արխիւներու յատուկ նոր կեդրոն մը պիտի կառուցէ։ Արխիւներու պահեստանոցները պաշտպանուած պիտի ըլլան ջուրի ողողումներէն, երկրաշարժներէն, ինչպէս նաեւ քիմիական եւ կենսաբանական զէնքերով յարձակումներէն։ Լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ պետական արխիւներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ հաղորդած է, թէ օսմանեան արխիւները, որոնք ներկայիս չորս տարբեր վայրերու մէջ կը գտնուին, պիտի հաւաքուին Պոլսոյ Քաղիթհանէ շրջանի Օսմանեան արխիւներու կեդրոնին մէջ։ Նոր կեդրոնը պիտի ունենայ շուրջ հարիւր միլիոն փաստաթուղթեր եւ 370 հազար նօթարութիւններ։ Կեդրոնը պիտի ներառէ վարչական շէնք մը, 350 մասնագէտներու համար հետազօտման սրահ մը, հետազօտման հիմնարկ մը, մատենադարան մը, թանգարան մը, թուայնացած արխիւներու յատուկ բաժանմունք մը, ընկերային դիւրութիւններ եւ 2500 աթոռներով օժտուած սրահ մը։ Նոր կեդրոնի բացումը պիտի կատարուի 2012-ին։

ԿԵՍԱՐԻՈՅ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԱԾ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԻՏԻ ԲԱՑՈՒԻ ՆՈՅԵՄԲԵՐ 8-ԻՆ։
Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 2-ին թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթը իր առաջին եւ ներքին էջերուն մէջ լայնածաւալ տեղ տուած է Թուրքիա-Հայաստան լուրերուն,թերթը գրած է որ ՝՝թուրքերը կը պատրաստուին 8 Նոյեմբերին բացումը կատարել վերանորոգուած Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցիին՝՝։Միւս կողմէ թերթը անդրադարձած է որ՝՝հողային պահանջի մասին խօսած է ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրը եւ Արամ Ա. կաթողիկոսը, Ատանայի ջարդերու 100 ամեակի հանդիսութիւններուն ընթացքին՝՝: Նկատելով, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ Կեսարիա ծնած է, կը կարծուի, որ եկեղեցւոյ բացումը վերջին տարիներու ամէնէն մեծահանդէս արարողութիւնը պիտի ըլլայ։ Թերթը կը գրէ, որ Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին հիմնուած է 1191ին եւ «Անատոլուի մէջ հայապատկան եօթը եկեղեցիներէն մէկն է»։ Եկեղեցւոյ նորոգութիւնը տեւեց երեք տարի։ Օծման արարողութիւնը պիտի կատարուի Կրօնական ժողովի ատենապետ Արամ Սրբազանի կողմէ եւ Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի։ Բացման ներկայ պիտի ըլլայ Կեսարիոյ կուսակալը եւ քաղաքապետը։ Հանդիսութեան մասնակցելու հրաւէր ուղղուած է նաեւ նախագահ Կիւլին։ Եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Կարպիս Պաղտատ ըսած է, որ եկեղեցւոյ օծման հրաւիրուած են ամբողջ համայնքը, կեսարացիները եւ հաւատացեալները։ Եկեղեցին, որ նախապէս հանդիսաւոր օրերուն միայն բաց կը մնար, այսուհետեւ միշտ բաց պիտի մնայ, պաշտպանութեան  նախարարութենէն պատասխանատու անձի մը հսկողութեամբ։
ՉԵԽԻԱ ՎԵՐՋԱՊԷՍ ՝՝ԱՅՈ ՝՝ ԸՍԱՒ ԼԻԶՊՈՆԻ ՈՒԽՏԻՆ։
Չեխ Հանրապետութեան նախագահ Վաքլավ Քլաուս ստորագրեց Լիզպոնի Ուխտը, որ Եւրոպական Միութեան պիտի պարգեւէ իր առաջին նախագահը եւ պիտի ճշդէ 27 պետութիւններէ բաղկացած միութեան մէջ որոշումները տալու կարգը։ Չեխիա Եւրոպական Միութեան անդամ միակ երկիրն էր , որ Լիզպոնի Ուխտը չէր վաւերացուցած։ Ուխտը ուժի մէջ մտնելու համար անհրաժեշտ էր որ Եւրոպական Միութեան բոլոր անդամները վաւերացնեն զայն։







All the contents on this site are copyrighted ©.