2009-11-03 13:20:25

Քահանայական տարի - Ժան Մարի Վիաննէ - Նախախնամութեան Տունը


Քահանայական տարի - Ժան Մարի Վիաննէ - Նախախնամութեան Տունը



1823ին Ժան Մրի կը սկսի իրագործել իր ծրագիրը։ Երկու օրիորդներ նշմարած է, որոնք կարծես կրնան իր գործակիցները ըլլալ։ Կը յաջողի անոնց ծնողները համոզել, որ զարգացնեն իրենց տարրական ուսումը։ Գաթերին Լազան 17 տարեկան եւ Պենուատ Լարտէ, պիտի ուսանին եւ կազմաւորուին տղոց դաստիարակութեան համար։

Նոյն տարին վարդապետը համեստ տուն մը կը վարձէ գետնայարկին վրայ մեծ սրահով մը եւ անոր վրայ երկու պզտիկ սենեակներով։ Այս դրամը հոգացեր էին իր սովորական բարերարները։

Գիւղի աղջիկները բազմութեամբ կը վազեն անմիջապէս, եւ որովհետեւ ձրի դպրոց է, դրացի գիւղերու մայրերը կը խնդրեն, որ իրենց աղջիկներն ալ ընդունի վարդապետը։ Կ'ընդունի զանոնք եւս, բայց հարկ կ'ըլլայ ննջարան մըն ալ յարմարցնել։ Կը յաջողին 16 անկողին զետեղել ցորեննոցին մէջ։ Շուտով կը լեցուին ասոնք։ Դպրոցը պզտիկ կու գայ...։

Տէր Վիաննէ ճամբայ կ'ելլէ դրամ խնդրելու։ Յաջորդ տարին կը կրկնապատկէ տունը։ Բայց անդադար գումարներ հաւաքելու է, որ ապրեցնէ իր փոքրիկները։ Մանաւանդ որ այլեւս պարզ դպրոց մը չէ, այլ որբանոց մը, աղքատ եւ իրենց ծնողներէն լքուած տղոց համար։ Կ'ընդունուին նաեւ քանի մը անձկութեան մէջ գտնուող օրիորդներ։ Այսպէսով գիշերօթիկներու թիւը կը հասնի վաթսուն որբերու։ Ամէնէն պզտիկը ութ տարեկան է, իսկ ամէնէն մեծը` քսան։ Ասոնց վրայ աւելցնելու է ցերեկօթիկ տղաքը, որ դպրոց կու գան Արսէն եւ շրջակայ գիւղերէն։

Տան կեսնականոնը շատ պարզ է, կ'ուտեն հաց, գետնախնձոր, պտուղներ ու կը պառկին մահիճներու վրայ։ Եւ սակայն ամէնքը ուրախ են, սկսեալ Տէր Վիանէէն, որու վրայ է ամբողջ ծանրութիւնը հոգալու այս ծախսերը։

-Ամէն օր, - կը պատմէ Տէր Մոնէն. –հասարակաց ճաշէն ետքը, երբ ճաշարանը կը մաքրուէր, կը հասնէր վարդապետը, եւ կը նստէր սեղանի մը ծայրը եւ պաշարուած իր փոքրիկ հասարակութենէն, աղքատ, խեղճ բայց համեստ որբուկներէն, կը խօսէր շուրջ մէկ ժամ։ Այդ աթոռին վրայ աւելի ազատ եւ ընտանի է, քան եկեղեցւոյ բեմէն, եւ կը պատմէ, կը յորդորէ եւ յաճախ կը խնդացնէ եւ մերթ ակամայ կը լացնէ զանոնք։

Իր սրտագին խօսքերը կը գրաւեն փոքրիկ աղջիկներու սրտերը։ Աւելի մեծերը, որ արդէն ճաշակած են կեանքի դառնութիւնները եւ յաճախ յուսախաբուած, կը տպաւորուին անոր խորհուրդներէն ու դարձի կու գան։ Վարդապետը կը մտածէ նաեւ անոնց ապագան, գտնելով գործ կամ տեղաւորելով ընտանիքներու մօտ։ Ասով պիտի կարենան ապրիլ բարի քրիստոնեաներու պէս։








All the contents on this site are copyrighted ©.