2009-11-03 13:20:08

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ Վատիկանեան տեղեկութիւններ


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ Վատիկանեան տեղեկութիւններ

Սրբազան Քահանայապետի հանդիպումը գեղարուեստի աշխարհին հետ

Յառաջիկայ Նոյեմբեր 21ին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կ'ընդունի գեղարեուեստագէտները, այս առթիւ գերապայծառ Ճիանֆրանգօ Ռավազին` նախագահը մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդի, յառաջիկայ նիյեմբեր 5-ին, մամուլին կը ներկայացնէ հանդիպումին նպատակն ու յայտագիրը։

Հոգեհանգստեան պատարագ 2009ին վախճանած կարտինալներու ու եպիսկոպոսներու ։

Հինգշաբթի նոյեմբեր 5, առաւօտեան ժամը 11.30ին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կը գլխաւորէ հոգեհանգստաեան պատարագը 2009ին վախճանած կարտինալներու ու եպիսկոպոսներու։

Կիրակի նոյեմբեր 8, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայպետը հովուական այցելութիւն կը կատարէ Պրեշեա թեմին, այս առթիւ թեմի առաջնորդը գերապայծառ Լուչիանօ Մոնարի խօսելով Սրբազան Քահանայապետի հովուական այցելութեան մասին ըսաւ. մեզի համար Քահանայապետին այցելութիւնը երկու նշանակութիւն ունի։ Առաջինը, բնականաբար հաղորդութիւնը որ ունինք Հռոմի Եկեղեցւոյ ու Քահանայապետին հետ։ Հռոմի Պապը Պրեշիա կու գայ իր պատգամը տալու, ասիկա կը նշանակէ թէ Պրեշիայի եկեղեցին անբաժան մէկ մաս մըն է կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ կը նշանակէ ընդունիլ Սուրբ Պետրոսի յաջորդի բեռնէն Աւետարանի քարոզութիւնը։ Ճիշտ է, որ Աւետարանը քարոզուած է Պրեշիայի ժողովուրդին, սակայն Աւետարանը լսել Ս. Պետրոսի յաջորդի բեռնէն այլ հմայք եւ կենսունակութիւն ունի։

Այցելութեան եկրորդ նշանակութիւնը զօրաւոր կապը որ կայ Պօղոս Զ Քահանայապետի եւ Պենետիկտոս ԺԶի միջեւ, որովհետեւ Պօղոս Զը եպիսկոպոս ընտրլեց Ջացինկեր Քահանայապետը եւ ապա կարտինալ նշանակեց։ Արդարեւ Պօղոս Զ մեծ յոյսեր դրած էր աստուածաբան Ռացինկերի վրայ։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը , որ Պրեշեայ կու գայ նաեւ ոգեկոչելու մեր մեծ քաղաքացին` Պօղոս Զը, մեզի համար առիթ է ուրախութեան, մխիթարանքի, ու հաւատքի վերանորոգումի։ Կ'ուզենք հաւատքի մեր վկայութիւնը տալ որ արժանավայել ըլլայ Պօղոս Զ Քահանայապետի։

Հուսկ գերապայածառ Լուչիանօ Մոնարի ըսաւ ուրախ ենք որ մեզի կարելիութիւն պիտի նտրուի անսալու Քահանայապետի ձայնէն Տիրոջ Աւետարանը, ճանչնալու իր անձին մէջ հաւատարմութիւնը Աւետարանի ապրումին յաչս ժամանակակից մշակոյթի։








All the contents on this site are copyrighted ©.