2009-11-03 13:20:41

Ծիսական Ժամանակացոյց

Երկուշաբթի 2 Նոյեմբերէն Շաբաթ 7 Նոյեմբեր 2009։


Երկուշաբթի 2 Նոյեմբերին տօնն է Հռոմի Ստեփանոս հայրապետին եւ անոր հետ նահատակուած քահանաներուն, սարկաւագներուն եւ ժողովուրդին։

Ստեփանոս հայրապետ՝ ծնունդով հռոմայեցի էր, Լուկիոս քահանայապետին յաջորդեց 254-ին։ Վաղերիոսի հալածանքներուն մեծ անձնուիրութիւն ցոյց տուաւ իր հօտը սրտապնդելու համար։ Իր քահանաներէն, սարկաւագներէն եւ ժողովուրդէն շատերը իր հետ նահատակուեցան, երբ օր մը պատարագի ընթացքին, հազիւ ներկաներուն Ս. Հաղորդութիւնը տուած ու ինք եւս ճաշակած անկէ, զինուորները եկեղեցի խուժելով սպաննեցին Ստեփանոս հայրապետը ու ներկաները։ Անոնց նահատակութիւնը տեղի ունեցաւ 257-ին։ Ստեփանոս հայրապետին կը վերագրուի այն տնօրէնութիւնը որով կ՝արգիլուի Ս. Խորհուրդներուն ընթացքին գործածուած զգեստները գործածել առօրեայ կենցաղի ընթացքին, ինչ որ կը հաստատէ որ մինչեւ Գ. դարուն կէսերը Ս. Պատարագը եւ այլ խորհուրդները կը կատարուէին սովորական զգեստներով։ Հաւատացեալները պատուով կը թաղեն զայն: Ը. դարուն աճիւնները կը փոխարդուին իր անունը կրող վանքի մը մէջ եւ այնտեղ կը հանգչի ան այսօր:

Երեքշաբթի 3 Նոյեմբերին տօնն է Ակիփսիմոս եպիսկոպոսին եւ Յովսէփ քահանայ եւ Այիթալա սարկաւագի եւ Պղատոն վկային։

Ակիփսիմոս վկան Դ. դարուն ապրած պարսիկ ծերունի եպիսկոպոս մը էր: Ան պարսիկ մոգպետէն հաւատաքննութեան եւ ուրացութեան կը հրաւիրուի: Հաստատ մնալով իր հաւատքին  վրայ բանտ կը նետուի, ուր կը մնայ երեք տարիներ, աւելի զօրանալով ու աճելով իր հաւատքին մէջ: Երեք տարիներ ետք դարձեալ ուրացութեան համար ատեան կը քաշուի, բայց իր ցուցաբերած քաջութեան ու հաւատքի զօրութեան պատճառով, բրածեծ ըլլալով չարաչար կը տանջուի, որուն չդիմանալով հոգին կ’աւանդէ արժանի ըլլալով երկնային լոյս խորանին:

Իսկ Յովսէփ վկան     Ակիփսիմոս եպիսկոպոսին ապրած օրերուն նահատակուած պարսիկ ծերունի քահանայ մը եղած է : Նոյնպէս կը կանչուի հաւատաքննութեան եւ իր ունեցած զօրաւոր հաւատքին համար կը չարչարուի: Ի վերջոյ կը փոխադրեն զինք այլ քաղաք մը ուր բռնի ոյժով կը ստիպեն քրիստոնեայ հաւատացեալները, որ քարկոծեն զինք, որու տարափին տակ իր հոգին կ’աւանդէ, լոյս Արքայութեան մէջ, այլ սուրբերու միանալով:

Գալով   Այիթալա վկային ան եղած է Ակիփսիմոս եպիսկոպոսին սարկաւագը եւ նահատակակիցը, նոյնպէս՝ ազգութեամբ պարսիկ :

Հուսկ՝ Պղատոն վկայն . ան  Անկիւրացի ազնուական եւ քրիստոնեայ ընտանիքի զաւակ էր , որ փոքր տարիքէն կը դաստիարակուի քրիստոնէական կրթութեամբ եւ սակայն որբ կը մեծնայ: Ունեցած հարստութիւնը աղքատներուն բաժնելէ ետք կը նուիրուի հեթանոսները դարձի բերելու առաքելութեան:     Ատեան կը կանչուի քաղաքի դատաւորին կողմէ, որ տեսնելով Ս. Պղատոնի հաւատքն ու համբերութիւնը, խիստ չարչարանքներու կ’ենթարկէ զայն եւ կը բանտարկէ: Ի վերջոյ, 304 թուականին, ծանր տանջանքներէ ետք, գլխատելով կը նահատակէ սուրբը:

Հինգշաբթի 5 Նոյեմբերին տօնն է  Սրբոց հայրապետաց Մետրոփանէսի, Աղեքսանդրոսի եւ Պօղոս խոստովանողի, ինչպէս նաեւ Սուրբ նօտարներ Մարկիանոսի եւ Մարտիրոնի։

Մետրոփանէս հայրապետ եղած է Կ.Պոլսոյ առաջին եպիսկոպոսը, 306 թուականէն մինչեւ 325 թուական: Ան ապրած ըլլալով Կոստանդին կայսեր օրերուն, ականատես կ’ըլլայ թէ ինչպէս Բիւզանդիոն քաղաքը կը վերածուի մայրաքաղաքի, որով նաեւ եպիսկոպոսական աթոռին դիրքն ու հեղինակութիւնը բարձրանալով կը վերածուի պատրիարքութեան:  Մետրոփանէս Հայրապետ ծեր ըլլալով, կարողութիւն չունենար մասնակցելու եկեղեցւոյ Տիեզերական առաջին ժողովին, որ տեղի կ’ունենայ Նիկիոյ մէջ՝ 325 թուականին: Ներկայացուցիչ կը նշանակէ Աղեքսանդրոս եպիսկոպոսը, որ ապա կը յաջորդէ իրեն: Աւանդութիւնը կ’ըսէ, թէ Նիկիոյ ժողովին մասնակցած բոլոր հայրապետները, ժողովէն ետք կ’այցելեն ծերունի հայրապետին, որ օրհնելէ ետք բոլորը, հոգին կ’աւանդէ:

Իսկ Աղեքսանդրոս հայրապետ, եղած է յաջորդը Կ.Պոլսոյ Մետրոփանէս Հայրապետին: Որպէս ներկայացուցիչը Մետրոփանէս հայրապետին ներկայ կը գտնուի Նիկիոյ Տիեզերական առաջին ժողովին: Մետրոփանէս Հայրապետի վախճանումէն ետք, Նիկիոյ ժողովին մասնակից հայրապետներու կողմէ եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի եւ կը նշանակուի Կ.Պոլսոյ աթոռին գահակալ: Եղած է պերճախօս, առատաձեռն եւ խիստ պահեցող: Հոգին կ’աւանդէ խաղաղ վախճանով՝ 304 թուականին:

Գալով Պօղոս Հայրապետին ան եղած է յաջորդը Աղեքսանդրոս Հայրապետին, Կ.Պոլսոյ աթոռին վրայ: Ան իր գահակալութեան ընթացքին երեք անգամներ կ’աքսորուի Աթոռէն եւ ապա կը վերադառնայ իր Աթոռը: Ըլլալով ուղղափառութեան պաշտպան եւ աղանդաւորներուն դէմ պայքարող Հայրապետ, իր երրորդ աքսորի ընթացքին, 348 թուականին Կոկիսոնի մէջ, կը նահատակուի կայսեր պահակներուն ձեռքով, եմիփորոնով խեղդամահ ըլլալով:

Հուսկ՝ Մարկիանոս եւ Մարտիրոն վկաները անոնք եղած են երկու աւագ դպիրներ որոնք Պօղոս Խոստովանող հայրապետին մօտ նօտարութիւն կ’ընէին:  Երբ Պօղոս Խոստովանող Կոստանդիոս կայսեր զինուորներուն ձեռքով կը նահատակուի, Մարկիանոս եւ Մարտիրոն դպիրները լուր կը տարածեն քաղաքի հաւատացեալ բնակիչներուն, թէ՝ Ս. Պօղոս Խոստովանող նահատակուած է իր ունեցած ուղղափառ եւ հակա-արիոսական կեցուածքին համար եւ այսպիսով ուղղափառութեան կը դարձնեն բոլորը: Այս լսելով կայսրը, անմիջապէս գլխատել կու տայ դպիրները՝ 350ական թուականներուն, որոնք քաջաբար պաշտպանելով քրիստոնէութիւնը, կը միանան իրենց նահատակ հայրապետին:

Շաբաթ 7 Նոյեմբերին տօնն է Սրբոց հրեշտակապետացն Գաբրիէլի եւ Միքայէլի եւ ամենայն երկնային զօրացն։

Աստուածաշունչ մատեանին մէջ հրեշտակներուն յիշատակութեան կը հանդիպինք Ծննդոց գիրքի առաջին գլուխներէն սկսեալ, հասնելով մինչեւ Յայտնութիւն Յովհաննու՝ Աստուածաշունչի վերջին գիրքը: Այստեղ հրեշտակները կը ներկայանան մարդկութեան որպէս պատգամաւորներ, որոնք յատուկ կերպով կը ղրկուին Աստուծոյ կողմէ պատգամ մը փոխանձելու նշանակեալ անձին: Հրեշտակները երկնային այն արարածներն են, որոնք կատարեալ ստղեծուած են փառաբանելու համար Աստուծոյ զօրութիւնն ու էութիւնը: Անոնք նաեւ պաշտօն ունին տրուած Աստուծմէ պահելու եւ պաշտպանելու համար հաւատացեալները, իրենց երկրաւոր կեանքի ընթացքին դիմագրաւած փորձութիւններէ եւ մեղանչումէ: Աստուածաշունչին մէջ նշանաւոր է Գաբրիէլ հրեշտակը, որ աւետեց Մարիամ Աստուածամօր, Քրիստոսի ծնունդին մասին: Նաեւ ընդունուած է թէ Գաբրիէլ հրեշտակապետը ինքն է որ պիտի հնչեցնէ մեռելներու յարութեան փողը, Քրիստոսի երկրորդ գալստեան ժամանակ: Գաբրիէլ անունը կը նշանակէ ՙԱստուծոյ զօրութիւնը՚ կամ ՙԱստուծոյ մարդը՚: Միքայէլ հրեշտակապետը նաեւ կը յիշուի որպէս չարին դէմ պայքարող իշխան: Աւանդաբար կ’ըսուի թէ երբ Արուսեակ հրեշտակապետը կ’ապստամբի Աստուծոյ դէմ, Միքայէլ հրեշտակապետն է որ իր բանակով կը պայքարի անոր դէմ: Ըստ Դիոնիսիոս Արիսպագացիին գրած ՙԵրկնային Քահանայապետք՚ գիրքին, հրեշտակները ունին երեք քահանայապետական բաժանումներ, իւրաքանչիւրը երեք ստորաբաժանումներով:

Ա. քահանայապետութիւն՝ Քերովբէներ, Սերովբէներ եւ Աթոռք:

Բ. քահանայապետութիւն՝ Տէրութիւնք, Զօրութիւնք եւ Իշխանութիւնք:

Գ. քահանայապետութիւն՝ Պետութիւնք, Հրեշտակապետներ եւ Զինուորութիւնք:

Իսկ հրեշտակապետներու խմբակին մէջ կը յիշուին նաեւ 9 հրեշտակապետներուն անունները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր պաշտօնը ունի Աստուծմէ տրուած, հաւատացեալներուն հանդէպ, որոնք են՝ Միքայէլ, Գաբրիէլ, Ռաֆայէլ, Ուրիէլ, Անայէլ, Ադոնիէլ, Տակուէլ, Փանուէլ եւ Բարագիէլ:








All the contents on this site are copyrighted ©.