2009-11-03 13:05:28

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԱՐԳԱՒՈՐՈՒՄԸ ՉԻ ՆՇԱՆԱԿԵՐ ՀՐԱԺԱՐՈՒՄ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄԷՆ։
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ պարզաբանելով հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը, անգամ մը եւս ընդգծեց, որ անիկա որեւէ ձեւով չի նշանակեր Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ջանքերէն հրաժարում։ Նախագահ Սարգսեան այս հարցին անդրադարձաւ Ս. Էջմիածինի մէջ՝ պատասխանելով Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ թեմական ներկայացուցչական ժողովի մասնակիցներու հարցումներուն։ Նախագահ Սարգսեան նշեց, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ իբրեւ միջազգային յարաբերութիւններու համակարգի պատասխանատու դերակատար, մնայուն կերպով հաւատարիմ եղած է իր ստանձնած յանձնառութիւններու կատարումին եւ պատրաստ է առաջ շարժելու ստորագրուած արձանագրութիւններու տառին ու ոգիին համաձայն՝ առանց նախապայմաններու եւ ողջամիտ ժամկէտներու մէջ յարաբերութիւններ հաստատելու Թուրքիոյ հետ։

ԻՏԱԼԻՈՅ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ։
Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ճիորճիօ Նափոլիթանօ երէկ կէսօրէ ետք, պաշտօնական այցելութեամբ մը Պէյրութ ժամանեց։ Երեկոյեան Նափոլիթանօ Պաապտայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ։ Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան - իտալական երկկողմանի յարաբերութիւններուն բարելաւումը։ Նախագահ Սլէյման շեշտեց Իտալիոյ կարեւոր դերակատարութիւնը՝ Եւրոպական Միութեան եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութեան ծիրին մէջ։ Նախագահ Սլէյման շնորհակալութիւն յայտնեց Իտալիոյ՝ լիբանանեան բանակին մատուցած անոր զինուորական օժանդակութիւններուն համար։ Նախագահ Սլէյման նշեց, որ Լիբանան ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Միջին Արեւելքի մէջ արդար եւ ամբողջական խաղաղութիւն հաստատելու, ինչպէս նաեւ պաղեստինցի գաղթականներուն տունդարձի իրաւունքը գործադրելու համար։
Իր կարգին՝ Նափոլիթանօ ըսաւ, թէ Իտալիա մնայուն կերպով նեցուկ պիտի կանգնի Լիբանանին եւ պիտի նպաստէ ՄԱԿ-ի բանաձեւերուն գործադրութեան։Նափոլիթանօ շեշտեց, որ լիբանանեան - իտալական երկկողմանի յարաբերութիւնները բացառիկ են ան ըսաւ, թէ Միջին Արեւելքի տագնապին առնչութեամբ նախագահ Սլէյմանի
կեցուածքն ու պատկերացումը գնահատելի են։ Նափոլիթանօ ըսաւ նաեւ թէ Իտալիա կը շարունակէ զօրակցիլ Լիբանանի եւ ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ շրջանին մէջ արդար եւ ամբողջական խաղաղութիւն հաստատելու առումով։

Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկայի ՀՅԴ մարմիններու խորհրդաժողով։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ամերիկեան ցամաքամասի եւ Աւստրալիոյ մարմինները Ուրբաթ, 30 Հոկտեմբերէն Կիրակի, Նոյեմբեր 1, 2009, Պուէնոս Այրէսի մէջ, ՀՅԴ Բիւրոյի հրաւէրով գումարեցին խորհըրդակցական ժողով մը։ Հարաւային Ամերիկայի (Արժանթին, Ուրուկուայ եւ Պրազիլ), Գանատայի, Արեւմտեան եւ Արեւելեան Ամերիկաներու եւ Աւստրալիոյ մէջ ործող ՀՅԴ մարմիններու այս խորհըրդաժողովին, մասնակիցները մանրամասն զեկոյցներ լսեցին քաղաքական վերջին իրադարձութիւններու, յատկապէս հայ-թրքական յարաբերութեանց ու անոնց առնչուող ներազգային ու միջազգային զարգացումներու մասին։

ՈՒԱՇԻԿԹԸՆ։ Այսօր Ուաշինկթընի մէջ կը դիմաւորուի Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել, որ ելոյթ պիտի ունենայ ամերիկեան Գոնկրէսէն ներս, Պերլինի պատի փլուզման 20ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներու ծիրէն ներս։ Նախապէս Մերքել հանդիպում կ՝ունենայ նախագահ Պարաք Օպամայի հետ։ Նշենք որ 1957ին կատարուած Քոնրանտ Ատենաուէրի այցելութենէն ետք, առաջին անգամն է որ գերմանացի ղեկավար մը խօսք պիտի ուղղէ ԱՄՆ Գոնկրէսի եւ Ծերակոյտի անդամներուն։

ՏՈՒՊԱՅ։ Եռօրեայ իր այցելութիւնը Փաքիստան աւարտելէ ետք, Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն այցելեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, ուր հանդիպում ունեցաւ պաղեստինցի ղեկավար Մահմուտ Ապասի հետ։







All the contents on this site are copyrighted ©.