2009-11-02 12:59:20

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին խորհրդածութիւնը հաւատացեալ ննջեցեալներու յիշատակի օրուան առթիւ


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին խորհրդածութիւնը հաւատացեալ ննջեցեալներու յիշատակի օրուան առթիւ



Երկուշաբթի 2 նոյեմբեր 2009, հաւատացեալ ննջեցեալներու յիշատակութեան օր է։ Այս առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը յետմիջօրէին պահ մը պիտի ամփոփուի Սուրբ Պետրոս տաճարի գետնայարկը, ուր կը ննջեն քահանայապետները եւ անոնց համար պիտի աղօթքէ։

Կիրակի օրը, Ամենայն Սրբոց տօնին օրը, Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքին, Սրբազան Հայրը խորհրդածութիւն մը կատարեց ննջեցեալներու յիշատակի օրուան մասին։

Նոյեմբեր 2-ին, ըսաւ Սրբազան Հայրը, քրիստոնեայ աշխարհը, կը ոգեկոչէ հաւատացեալ ննջեցեալներու յիշատակը։ Կ'ուզեմ հրաւիրել ձեզ որ ապրիք այս յիշատակութիւնը քրիստոնէական ճշմարիտ հոգիով, այսինքն Յարուցեալ Քրիստոսի խորհուրդի լոյսով։ Քրիստոս մեռաւ եւ յարութիւն առաւ ու մեզի բացաւ դուռը Հօր Աստուծոյ տան`որ կեանքի ու խաղաղութեան Արքայութիւնն է։ Ով որ Յիսուսի կը հետեւի այս աշխարհի վրայ, ըսաւ Սրբազան Հայրը, պիտի ընդունուի հոն` ուր Տէրը մեզ կանխեց։

Հետեւաբար, սիրելիներ, մինչ գերեզմանատուն այցելութիւն կը կատարենք, յիշենք թէ գերեզմանի մէջ կը հանգչին մահկանացու աճիւնները մեր սիրելիներուն, վերջնական յարութեան սպասումով։ Անոնց հոգիները, ինչպէս կ'ըսէ Աստուածաշունչը, արդէն իսկ կը գտնուին Աստուծոյ ձեռաց մէջ։ Մինչ այն, լաւագոյն ու պատշաճ ձեւը յիշատակելու ու մեծարելու մեր սիրելի ննջեցեալները, աղօթք կատարելն է անոնց համար, ընծայելով անոնց ներգործութիւնները հաւատքի, յոյսի ու սիրոյ։

Սուրբ Պատարագին մասնակցելով,ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, կարողութիւն կ՝ունենանք բարեխօսելու անոնց յաւիտենական փրկութեան համար ու փորձարկելու սերտ հաղորդութիւնը անոնց հետ, սպասելով` միասին վերագտնուելու պահուն, միասնաբար, մշտապէս վայելելու համար ՜՜ Սէրը՝ Աստուած, որ մեզ ստեղծեց ու փրկեց՝՝։

Սիրելի բարեկամներ , ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը իր խորհրդածութիւնը եզրափակելով ՜՜մեծապէս մխիթարական է սուրբերու հաղորդութիւնը` իրողութիւն մը որ նշանակութիւն կու տայ մեր կեանքին։ Մենք բնաւ առանձին չենք, այլ մաս կը կազմենք հոգեւոր ընկերութեան մը, ուր կը տիրէ զօրակցութիւնը։ Մեզմէ իւրաքանչիւրին բարիքը օգտակար է բոլորիս։ Ասիկա խորհուրդ մըն է, որ կարող ենք նախաճաշակել մեր այս երկրաւոր կեանքին մէջ, ընտանեկան յարկէն ներս, բարեկամութեան մէջ ու Եկեղեցւոյ հոգեւոր հաղորդութեան մէջ։

Թող Ամենասուրբ Կոյս Մարիամը օգնէ մեզի յառաջնալու սրբութեան ճանապարհին վրայ եւ իր գթութիւնը յայտնէ բոլոր ննջեցեալներուն ըսաւ Պետենիկտոս ԺԶ եզրափակելով իր խորհրդածութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.