2009-11-02 12:59:56

Լուրեր հայկական կեանքէն


Հայ գիրքի 31-րդ ցուցահանդէսի բացման հանդիսաւոր արարողութիւն-Լիբանան:

Արամ Ա կաթողիկոսի ձեռամբ՝ կիրակի 1 նոյեմբեր 2009-ին, կաթողիկոսարանի շրջափակին մէջ, Անթիլիաս բացումը կատարուեցաւ աւանդութիւն դարձած հայ գիրքի տարեկան ցուցահանդէսի։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրավանքին Մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. պատարագէն անմիջապէս ետք, միաբան հայրերու եւ դպրեվանքի սաներու թափօրը՝ գլխաւորութեամբ վեհափառին, ուղղուեցաւ դէպի կաթողիկոսարանի թանգարանի շրջափակը, ուր լարուած հսկայ տաղաւարի մը ներքեւ կազմակերպուած էր ցուցահանդէսը։ Տաղաւարը անցնող տարիներուն նման, տրամադրուած էր Խաչատուրեան եղբայրներու կողմէ։

Ցուցահանդէսին կը մասնակցին լիբանանահայ եւ արտասահմանեան շարք մը հրատարակչատուներ, ինչպէս նաեւ անհատ հեղինակներ եւ կաթողիկոսարանին մէջ գործող բոլոր հրատարակչատուները։

Այս առթիւ վեհափառը իր արտասանած խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայ գիրքին ունեցած առանցքային դերակատարութեան հայ մարդուն կեանքին մէջ ։

Ան ըսաւ Հայ գիրքը՝ ի սպաս հայ մշակութային արժէքներու կենսագործման։ Հայ գիրքը ինքնակեդրոն, ինքնաբաւ ու ինքնանպատակ իրականութիւն մը չէ։ Անոր նպատակն է մեր հոգեմտաւոր արժէքները, մեր մշակութային արժէքները տարածել, կենսագործել մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Վեհափառը խօսեցաւ հայ գիրքը ի սպաս հայ մշակոյթի տարածման ՜՜ Առաքելութեան ՝՝ մասին, որուն լծուած է գիրքը գրողը, զայն տպողն ու սիրողը՝ ։ Մշակոյթը ժողովուրդի մը ինքնութեան ամէնէն պերճախօս, ամէնէն շօշափելի ու վաւերական արտայայտութիւնն է։ Մանաւանդ մեր ժողովուրդին համար, մշակոյթը աւանդութիւն, սովորութիւն ու կենցաղակերպ չէ եղած, այլ մեր ժողովուրդի հոգեկան արժէքներուն ու հոգիի ձգտումներուն հարազատ պատկերը եղած է անիկա։ Հայ մշակոյթի ծիրին մէջ մեր հոգեմտաւոր արժէքները՝ գիրն ու գրականութիւնը իրենց կարեւոր տեղն ու դերը ունեցած են։

Արամ Ա կաթողիկոս անդրադարձաւ հայ լեզուի կարեւորութեան, եւ մերժեց այն պարտուողական տեսակէտը, թէ հայ լեզուն սփիւռքի մէջ նահանջի մէջ է։ Ան ցոյց տուաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կոչին ընդառաջած հարիւրաւոր սփիւռքահայ աշակերտներու հայ լեզուին մասին գրութիւնները, որոնք մէկ հատորի մէջ խմբելու խոստում տուած էր անցնող տարուան գիրքերու ցուցահանդէսին օրը։ Վեհափառը, քանի մը հատուածներ ընթերցելով նշեալ գիրքէն, հայ աշակերտին վառ ապրումներուն հաղորդ դարձուց ներկաները։ Տողեր, ուր հայ աշակերտը իր սէրն ու հոգածութիւնը ցոյց կու տայ հանդէպ իր մայրենիին։ Այս առիթով վեհափառը գնահատեց հայկական բոլոր վարժարաններուն աշակերտները, Լիբանանէն մինչեւ Սուրիա, Եւրոպա ու Ամերիկաները, որոնք մասնակցած էին Զհայ մեր հանապազորդ խորագրեալ գիրքի հրատարակութեան՝ իրենց մտածումները թուղթին յանձնելով եւ Անթիլիասի մայրավանքը ղրկելով։

Հուսկ վեհափառը յայտնեց, թէ հայ գիրքի անթիլիասեան այս ցուցահանդէսը յաջորդ տարիէն սկսեալ շատ աւելի ծաւալուն պիտի դառնայ՝ ընդգրկելով ամբողջ Սփիւռքի հրատարակչատուները եւ անհատները, որոնք կը փափաքին մաս կազմել անոր։

Վեհափառին պատգամէն ետք ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը որմէ յետոյ, ներկայ մշակութասէր ժողովուրդը մօտեցաւ սեղաններուն, որոնց վրայ ցուցադրուած էին հոգեւոր, եկեղեցագիտական, իմաստասիրական, գրական, մանկապատանեկան, գրադատական, գրականագիտական, երաժշտական եւ մշակոյթի այլ մարզերը շօշափող հրատարակութիւններ։ Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ 22 նոյեմբեր 2009։

Էրվէ Մակրօ այցելած է Պոլսոյ Ազգային պատրիարքարան

Իսթանպուլի մօտ ֆրանսայի նորանշանակ աւագ հիւպատոս Էրվէ Մակրօ, փափկավարական այցելութիւն տուած է Ազգային պատրիարքարան. ուր ընդունուած է Պատրիարքական աթոռի Լուսարարապետ եւ կրօնական ժողովի ատենապետ՝ Գերշ. Արմ արք. Աթէշեանի կողմէ (կը հաղորդէ Պոլսոյ Ժամանակ օրաթերթը) ։ Զրոյցին ընթացքին Սրբազանը պարզած է համայնքին իրավիճակը եւ շնորհակալութիւն յայտնած նորանշանակ աւագ հիւպատոսին, իրեն յաջողութիւն եւ կարողութիւն մաղթելով ։

ԺԱՆ ԺՈՐԷՍ - 150ամեակ (1859-1914)

Ֆրանսացի հասարակական-քաղաքական գործիչ, ընկերվարական Ժան Ժորէս հայասէրը, ծնած էր 1859ի Սեպտեմբեր 3-ին Կաստրի մէջ։ 1885-ին ընտրուած է Կաստրի պատգամաւոր։ Իր քաղաքական գործունէութեան սկզբնական շրջանին՝ (1880-ական թուականներուն) ան կը համագործակցէր հանրապետականներուն հետ, սակայն 1893-էն յարած էր ընկերվարական խումբին։ 1902- ին. Ժան ԺորԷս կը գլխաւորէր ընկերվարականներու աջ կուսակցութեան, իսկ 1905-ին. Ֆրանսայի ընկերվարական կուսակցութեան հետ միաւորումէն յետոյ՝ միացեալ ընկերվարական կուսակցութեան աջ թեւը կը կազմէր։ 1904-ին. անոր ջանքերով հիմնադրուեցաւ Հումանիտէ թերթը։ Իր հրատարակութիւններուն մէջ, յօդուածներուն մէջ եւ ելոյթներուն, Ժ. Ժորէս բազմիցս ներկայացաւ քննադատութեամբ ՜՜Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու դէմ իրագործուող հալածանքներու ու զանգուածային սպանութիւններուն՝՝ ։ 1896-ին Նոյեմբեր 3-ին, 1897-ի Փետրուար 22-ին եւ 1897-ի. Մարտ 15-ին Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ արտասանած իր ճառերուն ընթացքին, դատապարտելով՝ հայկական կոտորածները եւ եւրոպական երկիրներու մասնաւորապէս Ֆրանսայի անտարբերութիւնը այդ հարցի վերաբերեալ, ան կը նշէ. ՜՜Ինչպիսի կատարեալ լռութիւն լրատութեան կողմէն, որուն ինձ յայտնի կուսակցութիւն մը ուղղակի կամ անուղղակի վճարած է լռելու համար, լռութիւն իր մեծ հանդէսէն, որու գլխաւոր ներդնողները օսմանեան շահառուներն են, սակայն, յատկապէս Ֆրանսայի կառավարութեան լռութիւնը։ Ինչպէս ամբողջ այդ հեղեղուած արեան առջեւ, այդ ոչնչացումներուն եւ վայրագութիւններուն առջեւ, Ֆրանսայի մէջ խօսքի եւ մարդու իրաւունքներու այս ճնշման առջեւ ոչ մէկ ճիչ դուրս չեկաւ ձեր բերաններէն, ոչ մէկ խօսք դուրս չեկաւ ձեր գաղափարներէն, եւ դուք լուռ վկայ էք, հետեւաբար ջարդերու կատարեալ մեղսակից՝՝։

Համիտեան ջարդերուն Ժ. ԺորԷս անդրադարձաւ նաեւ 1903-ի Փետրուար 15-ին Փարիզի մէջ արտասանած իր ճառին մէջ։ Ժ. Ժորէսը արձագանգեց նաեւ 1909-ի. Կիլիկիոյ Ապրիլեան կոտորածներուն։ Երկար տարիներ Ժ. Ժորէսը եղած է նաեւ Pro Armenia երկշաբաթաթերթի խմբագրական կոմիտէի անդամ։ Ժան Ժորէս սպանուած է 1914-ի Յուլիս 31-ին Փարիզի մէջ՝ Ռաուլ Վիլենի կողմէ։ Թաղուած է Փարիզի Պանթէոնին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.