2009-11-02 12:45:52

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՀՀ նախագահի հրամանագրով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Երկրորդը պարգեւատրուած Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի Շքանշանով։
ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան հոկտեմբեր 30-ին հրամանագիր մը ստորագրած է Ազգային եւ Հոգեւոր արժեքներու պահպանման եւ զարգացման գործով ունեցած բացառիկ ներդրումին համար Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Գարեգին Երկրորդին Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի Շքանշանով պարգեւատրելու մասին։ Այս մասին Արմենփրես-ը տեղեկացուցած է՝ ՀՀ նախագահի մամլոյ գրասենեակը ։
ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄՆ ՈՒ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՈՒՄԸ ԱՆՋԱՏ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑՆԵՐ ԵՆ(ԿԸՍԷ ԷԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ)։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ՝՝Ռոյթըրզ՝՝ լրատու գործակալութեան հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին հերքեց Թուրքիոյ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կողմէ կատարուած այն յայտարարութիւնները, թէ Երեւանի եւ Անգարայի մերձեցման համար հայկական կողմը զիջումներով պէտք է հատուցէ ղարաբաղեան հիմնահարցին մէջ ։ Նալբանդեան նշեց, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ բանակցութիւնները աւարտած են, եւ երկու կողմերը պարտաւորութիւն ստանձնած են արագ շարժիլ 10 հոկտեմբերին ստորագրուած արձանագրութիւններուն համաձայն դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման եւ սահմանի բացման հարցերուն մէջ։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը հարցազրոյցին ընթացքին հարց տուաւ, թէ ՝՝ինչո՞ւ մենք ստորագրեցինք արձանագրութիւնները, եթէ մենք չենք պատրաստուիր վաւերացնելու զանոնք՝՝աւելցնելով, որ ամբողջ միջազգային հանրութիւնը կը սպասէ արձանագրութիւններու արագ վաւերացումին եւ անոնց դրոյթներուն գործադրումին։ Եթէ կողմերէն ոեւէ մէկը ձգձգէ կամ խոչընդոտներ ստեղծէ արձանագրութիւններու վաւերացման եւ կատարման ճամբուն վրայ, ապա տուեալ կողմը պէտք է իր վրայ ամբողջ պատասխանատուութիւնը ստանձնէ բացասական հետեւանքներուն համար, (յայտարարած է ան)։ Էդուարդ Նալբանդեան նշեց, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները եւ ղարաբաղեան տագնապին շուրջ ընթացող բանակցութիւնները երկու անջատ գործընթացներ են։ Ասիկա ոչ միայն հայկական կողմի մօտեցումն է, այլ նաեւ՝ միջազգային հանրութեան։ Ան յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ բանակցութիւնները աւարտած էին փետրուարին։ Խօսելով ղարաբաղեան տագնապի լուծման մասին՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ըսաւ, որ ՝՝բանակցութիւններուն մէջ կը նկատուի դրական ընթացք՝՝։ Սակայն չենք կարծեր, որ շատ լուրջ է ըսել, թէ վաղը կամ մէկ ամիս ետք կամ շատ կարճ ժամանակ ետք մենք համաձայնութեան կը հասնինք։
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ։
Երեսփոխան Յակոբ ԲաԳրատունի շաբաթ առաւօտ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ ։Բագրատունի հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց երկրի քաղաքական ընդհանուր իրավիճակը եւ այս ծիրին մէջ կառավարութեան կազմութեան հետ առնչուող հոլովոյթն ու ցարդ անլոյծ մնացած դժուարութիւնները։ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց նաեւ հայ համայնքին հետ առնչուող կարգ մը հարցեր, որոնց կարգին՝ պետական հաստատութիւններուն մէջ հայ պաշտօնեաներու եւ պատասխանատուներու նշանակման խնդիրը։
- Ժառանգութիւն կուսակցութիւնը Հայաստանի խորհրդարանի նախագահին առաջարկ ներկայացուցած է 24 Ապրիլը ո՛չ միայն ցեղասպանութեան զոհերու օր նշելու, այլ նաեւ՝ հայրենազրկման դատապարտման օր։ - "Հիւրրիյէթ" օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը "արարողութեան մը" ընթացքին յայտնած է, թէ "ժամանակն է փոխ-հատուցման հարցը օրակարգի վրայ դնելու։ Ցեղասպանութեան ճանաչման համար ջանքերը պէտք է շարունակուին"։ Նշենք, որ Արամ Ա. կաթողիկոս սոյն յայտարարութիւնը կատարած էր Ատանայի ջարդերու 100-ամեակին նուիրուած համագումարի փակման ընթացքին։ Շարլ Ազնաւուր իտալական ՝՝Ռայ 3՝՝պետական պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, թէ "1924-ին, ծննդեանս տարին, կարգ մը համաձայնութիւններու հիմամբ հայերու հողեր խոստացուեցան։ Այդ խոստումը չկատարուեցաւ։ Չեմ կրնար յաւելեալ 85 տարի սպասել"։- "ԱզերԹաժ" լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ թուրքիոյ վարչապետ Էրտողան պատկերասփռուած ճառի մը ընթացքին շեշտած է, թէ հարկ է, որ պատմաբաններ թուրքերուն եւ՛ հայերուն միջեւ գտնուող հարցերը ուսումնասիրեն։







All the contents on this site are copyrighted ©.