2009-11-01 12:09:07

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը:


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը:

Կիրակի, Նոյեմբեր մէկ , Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց, իր գրասենեակի պատշգամէն, տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Այս կիրակին կը զուգադիպի Ամենայն Սրբոց տօնին հետ, որ կը հրաւիրէ ուխտաւոր Եկեղեցին նախաճաշակելու երկնային հասարակութեան երանաւէտ կեանքը ու վերարծածելու մեր սրտերու մէջ յոյսը յաւիտենական կեանքին։

Ապա Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն յիշեցուց թէ 14 դար առաջ Հռոմի կարեւոարագոյին կառոցներէն մէկը` Բանթէոնը սահմանուեցաւ քրիստոնեական պաշտամունքի ու նուիրուեցաւ Ս. Կոյս Մարիամի ու բոլոր նահատակներու։ Այսպէսով հեթանոսական աստուածներու տաճարը դարձաւ յիշատակարանը անոնց, ինչպէս կը կարդանք Ս. Յովհաննէսի Յայտնութեան Գիրքին մէջ, որոնք ''կու գան մեծ նեղութիւններէն, լուացին իրենց հագուստները եւ սպիտակացուցին զանոնք Գառնուկին արեան մէջ''։ Ապա բոլոր նահատակներու տօնը ներփակեց բոլոր սուրբերը. դարձեալ Ս. Յովհաննէս, Յայտնութեան Գիրքին մէջ կը գրէ. ''մեծ բազմիւթիւն մը անթիւ` բոլոր ազգերէն, ժողովուրդներէն եւ լուզներէն, որոնք կանգնած էին աթոռին եւ Գառնուկին առջեւ , հագած էին սպիտակ հագուստներ իրենց ձեռքերուն մէջ բռնած էին արմաւինիի ոստեր ու բարձր ձայնով կ'աղաղակէին. 'Փրկութիւնը մեր Աստուծոյ է որ կը բազմի աթոռին վրայ, ինչպէս նաեւ Գառնուկին''։

Հուսկ Սրբազան Հայրը ըսաւ Քահանայական այս ատրուան ընթացքին, հաճոյքով ու յատուկ ջերմեռանդութեամբ կը յիշեմ սուրբ քահանաները, ըլլայ անոնք որ Եկեղեցին սրբադասեց ներկայացնելով զանոնք որպէս առաքինութեան ու հովուութեան ճշմարիտ տիպարներ եւ ըլլայ անոնք, որոնք բազմաթիւ են, յայտնի են Տիրոջ։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը երախտապարտօրէն յիշէ անոնցմէ ոմանք, որոնք կ'օգնեն հաւատքի մէջ աճելու եւ անոնց միջոցաւ ճանչցանք Աստուծոյ բարութիւնը ու անհուն ողորմութիւնը ու մօտիկութիւնը։

Սիրեցեալ եղբայրներ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը իր խորհրդածութիւնը եզրափակելով որքան մխիթարական է սուրբերու հաղորդութիւնը` իրողութիւն մը որ նշանակութիւն կու տայ մեր կեանքին։ Մենք բնաւ առանձին չենք, այլ մաս կը կազմենք հոգեւոր ընկերութեան մը, ուր կը տիրէ զօրակցութիւնը. իւրաքանչիւրին բարիքը բոլորիս օգտակար է։ Ասիկա խորհրդուրդ մըն է, որ կարող ենք նախաճաշակել մեր այս երկրաւոր կեանքիին մէջ։ Թող Ամենասուրբ Կոյս Մարիամը օգնէ մեզի յառաջնալու սրբութեան ճանապարհին վրայ եւ իր գթութիւնը յայտնէ ընէ բոլոր ննջեցեալներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.