2009-11-01 09:16:35

Ճանչնանք Քրիստոնեայ Ափրիկէն։


Ճանչնանք Քրիստոնեայ Ափրիկէն։

ԼԵԶՕԹՀՕ։ Սահմանադրութիւնը կը ճանչնայ կրօնքի ազատութիւնը ։ Լեզօթհոյի շուրջ 3 միլիոն բնակիչներու հարիւրէն 91 տոկոսը քրիստոնեայ է, հարիւրէն 7,7 տոկոտսը ափրիկեան աւանդական կրօններու հետեւորդ, իսկ հարիւրէն 1,3 տոկոսը այլ դաւանանքներու պատկանող։ Կաթողիկէները կը հաշուէն 1.190.000,եկեղեցական 4 գաւառներով եւ 4 Եպիսկոպոսներով։ Ապա կան թեմական մէկ վարդապետով 69 ժողովրդապետութիւններ,իսկ կան այլ 13 ժողովրդապետութիւններ առանց քահանայի։



ԼԻՊԵՐԻԱ։ Երկրի Սահմանադրութիւնը կը ճանչնայ կրօնական ազատութիւն։ Կրօնաւորական բոլոր խումբերը պէտք է որ արձանագրուին եւ յանձնեն նաեւ յայտարարութիւն մը՝ իրենց կազմակերպութեան նպատակի մասին։ Լիպերիայի 3ուկէս միլիոնէն քիչ մը աւելի բնակիչներու հարիւրէն 42,9 տոկոսը հետեւորդ է ափրիկեան աւանդական կրօններու, հարիւրէն 39,3 տոկոսը քրիստոնեաներ,ապա հարիւրէն 16 տոկոսը մահմետականներ ,հուսկ հարիւրէն 1,8 տոկոսը այլ կրօններու պատկանողներ։ Լիպերիայի կաթողիկէները կը հաշուէն 308.000,անոնք ունին եկեղեցական 3 գաւառներ եւ 3 ալ Եպիսկոպոսներ։ Թեմական մէկ վարդապետով կան 38 ժողովրդապետութիւններ,իսկ առանց վարդապետի կան այլ 7 ժողովրդապետութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.