2009-11-01 09:15:59

՜՜ԽԱՉՔԱՐԻ ՎԱՐՊԵՏՈՒԹԻՒՆ՝՝ ԱՆՈՒԱՆԱԿԱՐԳԸ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-Ի ՈՉ ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՑՈՒՑԱԿԻՆ ՄԷՋ։


՜՜ԽԱՉՔԱՐԻ ՎԱՐՊԵՏՈՒԹԻՒՆ՝՝ ԱՆՈՒԱՆԱԿԱՐԳԸ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-Ի ՈՉ ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՑՈՒՑԱԿԻՆ ՄԷՋ։

Հայաստանի մշակոյթի փոխնախարար Արեւիկ Սամուէլեանի գլխաւորութեամբ Հայաստանի պատուիրակութիւնը մասնակցած է դիտորդի կարգավիճակով ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան միջկառավարական կոմիտէի 4-րդ նստաշրջանին։

Հայաստանի պատուիրակութեան առաջարկութեամբ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան ցուցակին մէջ ընդգրկուելու համար ներկայացուած է Խաչքարի վարպետութիւն անուանակարգը, որ ընդունուած է առաջին ընթերցումով, իսկ մինչեւ նոյեմբեր 15 Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-էն անհրաժեշտ դիտողութիւններով նամակ ստանալէ եւ սրբագրութիւններ կատարելէ ետք պիտի նշանակէ փորձագէտներ։ Նշենք , որ 2005-ին Հայաստանի ներկայացուցած ՜՜Տուտուկը եւ իր երաժշտարուեստը՝՝ անուանակարգը արդէն իսկ ընդունուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ոչ նիւթական մշակութային ցուցակին մէջ եւս։ Հայկական պատուիրակութիւնը ներկայացած է քանի մը ելոյթներով, որոնք դրական ընդունելութիւն գտած են նստաշրջանի մասնակիցներուն կողմէ։

Նստաշրջանի ընթացքին քննարկուած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան միջկառավարական կոմիտէի պայմանագիրի մէջ առաջարկուող փոփոխութիւններու հարցը, նաեւ ուսումնասիրուած են կոմիտէի Գ. նստաշրջանին ոչ նիւթական արժէքներու ցուցակին մէջ ընդգրկուելու տարբեր երկիրներու ներկայացուցած ծրագիրները։ Նաեւ ներկայացուած է անհրաժեշտ պահպանութեան կարիք ունեցող արժէքներու ցուցակը, ու միջազգային՝ մինչեւ 25 հազար տոլար եւ աւելի օգնութեան կարիք ունեցող արժէքներու դիմումներու հարցը։ Հայկական պատուիրակութիւնը բարձրացուցած է նաեւ Հայաստանի՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան կոմիտէի կազմին մէջ ընդգրկման հարցը, եւ այդ առընչութեամբ՝ քննարկումը տեղի պիտի ունենայ Փարիզի մէջ, 2010 -ի յունիսին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր նիստի ընթացքին։ Աւելցնենք որ նստաշրջանին մասնակցած է աւելի քան 450 մասնագէտ՝ 103 երկիրներէ, որոնցմէ 25-ը կոմիտէի անդամ երկիրներէ են։ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան միջկառավարական կոմիտէի 5-րդ նստաշրջանը, ըստ նիստի աւարտին ձեռք բերուած համաձայնութեան, տեղի պիտի ունենայ 2010-ի նոյեմբերին, Քենիոյ մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.