2009-10-31 12:21:35

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


ՇՈՒԷՏԻ ԸՆԿԵՐՎԱՐ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՄԱՆ Ի ԽՆԴԻՐ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ։
Շուէտի Ընկերվար ժողովրդավարական կուսակցութիւնը որոշած է շարունակել Շուէտի, Եւրոպական Միութեան եւ ՄԱԿ-ի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ իր աշխատանքները։ Շուէտի հայկական ընկերակցութիւններու միութիւնը կը յայտնէ, որ Շուէտի Ընկերվար ժողովրդավարական կուսակցութեան նիստը երկարատեւ քննարկումներէ ետք որոշած է անտեսել շուէտական կառավարութեան առաջարկը եւ հաստատել J28 առաջարկի առաջին մասը, ըստ որուն, ընկերվար ժողովրդավարականները պէտք է աշխատին 1915-ի
Ցեղասպանութեան եւ քիւրտերու ցեղասպանութեան՝ Շուէտի, Եւրոպական Միութեան եւ ՄԱԿ-ի կողմէ ճանաչման համար։ Շուէտի հայկական ընկերակցութիւններու միութիւնը ողջունած է այս որոշումը եւ միեւնոյն ժամանակ նշած, որ այս որոշումը պիտի չազդէ Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան զարգացման, ցեղասպանութեան հետաքննութեան եւ Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման վրայ։

ՏԱԿԱՒԻՆ ՅԱՅՏՆԻ ՉԷ, ԹԷ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒԱԾ ՄԱՏՐԻՏԵԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐԸ ԿՈՂՄԵՐՈՒՆ ԵՐԲ ՊԻՏԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԻՆ (ԿԸՍԷ ԵՈՒՐԻ ՄԵՐԶԼԵԱՔՈՎ)։
Ազրպէյճանական ՝՝Թրենտ՝՝ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ռուս համանախագահ Եուրի Մերզլեաքով յայտարարած է, որ տակաւին յայտնի չէ, թէ բարեփոխուած Մատրիտեան սկզբունքները կողմերուն ե՛րբ պիտի ներկայացուին։ Ան յայտնած է, որ այդ սկզբունքները պատրաստ էին արդէն Քրաքովի հանդիպումէն ետք, սակայն բարձր մակարդակով իւրաքանչիւր հանդիպումէն ետք համանախագահները ստիպուած են փոփոխութիւններ մտցնել Մատրիտեան փաստաթուղթին մէջ, այդ պատճառով ալ յայտնի չէ, թէ ե՛րբ անիկա պիտի ներկայացուի կողմերուն։

Թուրքիոյ Դեսպանին Տան Դիմաց Բողոքի Ցոյց՝ Թէլ Աւիւի Մէջ։
Հոկտեմբեր 28ին, Իսրայէլի մօտ Թուրքիոյ դեսպանի Թէլ Աւիւի տան դիմաց, կազմակերպութեամբ Երուսաղէմի Հայ Դատի յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց, Թուրքիոյ հանրապետութեան 86ամեակի առիթով։ Այդ առիթով, Թուրքիոյ դեսպանի տան մէջ, երեկոյեան ժամը 6։30-էն 8։30 տեղի կ՛ունենար ընդունելութիւն։ Ընդունելութեան ամբողջ ընթացքին, աւելի քան 30 հայ ցուցարարներ, Թուրքիան դատապարտող պաստառներով, Ցեղասպանութեան նկարներով եւ Եռագոյն դրօշներով, Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման լոզունգներ կը կանչէին եւ ազգային-հայրենասիրական երգեր կ՛երգէին, գրաւելով հիւրասիրութեան մասկնակիցներու ուշադրութիւնը։ Մասնակիցներու մէջ էին Իսրայէլի քաղաքական եւ զինուորական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, Իսրայէլի մէջ գործող դեսպաններ, դիւանագիտական ներկայացուցիչներ։ Տեղական լրատուամիջոցները անդրադաձան ցոյցին եւ հարցազրոյցներ ունեցան Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն հետ։

ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐ Կ՝ԱՅՑԵԼԷ ԺԸՆԵՎԻ ՔԱՂԱՔԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ։ (Ժամանակ)
Պեռնի մօտ Հայաստանի Դեսպան եւ ՄԱԿ-ի Ժընեւի Գրասենեակի մօտ մշտական ներկայացուցիչ Շարլ Ազնաւուր այցելեց Ժընեւի քաղաքային խորհուրդը ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհուրդի նախագահ Տէնիըլ Հիլէրի հետ։ Հանդիպման ընթացքին Ազնաւուր անդրադարձաւ ՄԱԿ-է ներս հայաստանի համար կարեւորութիւն ներկայացնող խնդիրներուն,բարձր գնահատելով՝ զուիցերահայ համայնքին Ժընեւի եւ շրջանի իշխանութիւններու կողմէ ցուցաբերուող ջերմ ու բարեկամական վերաբերմունքը։ Իր կարգին Տէնիըլ Հիլէր ընդգծեց Հայ Համայնքի եւ անհատներու գործունէութիւնը։ Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Ցիւրիխի մէջ հայ-թրքական արձանագրութիւններու ստորագրման եւ այդ գծով կողմերու հետագայ ծրագրերուն։







All the contents on this site are copyrighted ©.