2009-10-30 14:07:41

Քահանայական տարի, - Քահանան խորհուրդները կը մատակարարէ


Քահանայական տարի, - Քահանան խորհուրդները կը մատակարարէ



Քահանան խորհուրդները կը մատակարարէ, բայց Յիսուս Քրիստոս է որ իր պաշտօնեային միջոցաւ շնորհքներու աղբիւրը բանալով` հաւատացեալներու հոգւոյն վրայ կը հեղու զայն։ Մկրտութեան սուրբ աւազանին կը ներկայացուի երախայ մը, քահանան նորածնին գլխուն վրայ ջուրը կը սրսկէ եւ ահա անմիջապէս կը մաքրուի, կը վերածնի, կը սրբուիր։ Արդեօք ջուրին զորութեա՞մբ։ Ո՛չ անտարակոյս, որովհետեւ ի՞նչ յարաբերութիւն կայ նիւթական տարրի եւ աստուածային շնորհաց հեղման մէջ։ Արդեօք քահանային արդիւնքով, եւ ո՛չ իսկ։ Յովհաննէս Մկրտիչն մարդկանց սերունդին մէջ, ամենամեծը, ամենասուրբը, ամենակատարեալն էր, ան կը մկրտեր, բայց իրենց մկրտութիւնը մեղքերը չէր քաւեր։ Բայց Եկեղեցւոյ մէջ Մկրտութիւնը թէեւ կը մատակարարուի սուրբ կամ մեղաւոր քահանայէ մը, սակայն գլխաւոր արգասիքը միշտ միեւնոյնն է։ Ի՞նչ է ասոր պատճառը, որովհետեւ Յիսուս Քրիստոս է որ կը մկրտէ։

Քահանան խոստովանանքի ատեանը կը բազմի, կը ներկայանայ հոն մեղաւոր մը. Արդարութիւն եւ ողորմութիւն իրարու հետ կը մրցին հոն, արդարութիւնը կը պահանջէ յանցաւորին դատապարտութիւնը, իսկ ողորմութիւնը` կը պնդէ թէ թողութիւն տալու է։ Ո՞վ պիտի որոշէ խնդիրը. Քահանան ինքը կը վճռէ, ողորմութիւնը կը յաղթանակէ։ Եւ ի՞նչ, միթէ տկար մահկանացու մը կարողութիւնը ունի՞ Ամենակարողը զինաթափ ընելու եւ բարկութեան շանթերը ձեռքէն խլելու։ Արդարեւ ոչ, եթէ իր անուամբ գործեր. բայց Յիսուս Քրիստոս է, որ անոր մէջ կը բնակի եւ կը դատէ անոր բերնովը։ Եթէ Փրկիչն անձամբ իջնէր եկեղեցի մը հաշտութեան խորհուրդը մատակարարելու համար եւ ըսէր զղջացեալ մեղաւորին ''ես արձակեմ զքեզ'' եւ եթէ նոյն ատեն քահանայ մ'ալ անոր քովը նստէր սուրբ ատեանին մէջ եւ միեւնոյն խօսքերն արտաբերէր` ''ես արձակեմ զքեզ'' անտարակոյս երկու կողմանէ ալ մեղքերը հաւասարապէս պիտի թողուէին։

Քահանան հեռաւոր առաքելութեան կ'երթայ։ Դուք կը զարմանաք իր եռանդին, սիրոյն, անձնանուիրութեան վրայ, բայց Յիսուս Քրիստոս է, որ անոր միջոցաւ կը գործէ ինչ որ բնութիւնն ինքն իրեն բնաւ չպիտի կարենար ընել։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.