2009-10-30 14:07:08

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը



Ուրբաթ 30 Հոկտեմբեր 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեց տիկին Տելիա Քրիստի Պանամայի նոր դեսպանը, հաւատարմագրերու ներկայացում։

Կարտինալ Անճելօ Պանիասքօ գահերէցը Իտալիոյ եպիսկոպոսական դասին,

Վատիկանի աստղադիտարանի ժողովին մասնակցողները, Աստղագիտութեան հարիւրամեակին առիթով։

Իսկ յետմիջօրէին Նորին Սրբութիւնը ընդունեց կարտինալ Ուիլիամ Լեվատան` կառավարիչը Հաւատոյ ժողովին։



Նոյեմբեր ամսուայ աղօթքի ընդհանուր ու միսիոնարական դիտաւորութիւնները։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը նոյեմբեր ամսուան համար Աստուծոյ ժողովուրդէն կը խնդրէ որ աղօթեն, որպէս ընդհանուր դիտաւորութիւն. որպէսզի աշխարհի այրերն ու կիները, յատկապէս երբ ստնաձնած են քաղաքական ու տնտեսական պատասխանատուութիւն, կարենան յանձնառումով աշխատիլ արարչագործութեան պահպանումին։

Որպէս միսիոնարական դիտաւորութիւն, որպէսզի տարբեր կրօններու հաւատացեալները, իրենց կեանքի վկայութեամբ ու եղբայրական երկխօսութեամբ, բացայայտ նշան տան, որ Աստուծոյ անունը խաղաղութիւն է։



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կը վաւերացնէ Անկլիգան եկեղեցւոյ հայող առաքելական սահամանադրութիւնը, արտօնելով անգլիկան կղերին ու հաւատացեալներուն յարումը կաթողիկէ եկեղեցւոյ։

Ուեսթմինսդերի կաթողիկէ առաջնորդին եւ անկլիգան հաղորդութեան գահերէցի միացեալ յայտարարութիւնը։



Ընդառաջելով Անկլիգան բազմաթիւ կղերի ու հաւատացեալներու խնդրանքին յարելու Կաթողիկէ եկեղեցւոյ, Սրբազան Քահանայապետը, վաւերացուց անկլիգան եկեղեցւոյ հայող առաքելական սահամանդրութիւնը, մամուլին յայտարարած է, կարտինալ Լեվատա` կառավարիչը հաւատոյ ժողովի։

Կարտինալ Ուիլիամ Լեվատան մամուլին բացայայտեց թէ Սրբազան Հայրը ընդառաջեց անոնց յարումի բաղձանքին, պահելով հանդերձ անկլիգան հոգեւոր ու ծիսական ժառանգութեան կարգ մը տարրերը։ Կաթողիկէ եկեղեցին, մատնանշեց կարտինալ Լեվատան, համապատասխանելով՝ աշխարհի զանազան վայրերէն հաւատացեալներու դիմումներուն, արտօնեց անոնց լիիրաւ յարումը կաթողիկէ եկեղեցւոյ։

Առաքելական սահամանադրութիւնը որ մօտ օրէն լոյս պիտի տեսնէ կը ներկայացնէ պատշաճ պատասխան մը այս երեւոյթին։








All the contents on this site are copyrighted ©.