2009-10-30 14:07:23

Ճանչնանք Քրիստոնեայ Ափրիկէն։ԿԸՎԻՆԷԱ ՊԻՍՍԱՈՒ։


Ճանչնանք Քրիստոնեայ Ափրիկէն։

ԿԸՎԻՆԷԱ ՊԻՍՍԱՈՒ։ Երկրի Սահմանադրութիւնը կ՝արգիլէ կրօնական եզրերու եւ Եկեղեցիներու անուանումներու գործածութիւնը՝ քաղաքական կուսակցութիւններու ճանաչումին համար եւ սակայն կը ճանչնայ կրօնքի ազատութեան իրաւունքը։ Կրօնաւորական խումբերը արձանագրուելու պարտաւորութիւնն ունին ։ Շուրջ 1 միլիոն 400 հազար բնակիչներու հարիւրէն 45,2 տոկոսը ափրիկեան աւանդական կրօններու հետեւորդներ,ապա հարիւրէն 39,9 տոկոսը իսլամներ, հարիւրէն 13,2 տոկոսը քրիստոնեաներ, իսկ հարիւրէն 1,7 տոկոսը այլ դաւանանքներու պատկանողներ։ ԿԸՎԻՆԷԱ ՊԻՍՍԱՈՒԻ մէջ կան 186.000 կաթողիկէներ,եկեղեցական 2 գաւառներով եւ ունին 2 Եպիսկոպոսներ։ Թեմական մէկ վարդապետ ունեցող ժողովրդապետութիւններու ընդհանուր թիւը 31 է, իսկ առանց քահանայի կան այլ 2 ժողովրդապետութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.