2009-10-29 13:09:41

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը

Հինգշաբթի հոկտեմբեր 29 Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեց.
Տիար Ալի Աքպար Նասերի` Իրանի իսլամական հանրապետութեան նոր դեսպանը, հաւատարմագրերու ներկայացում
կարտինալ Իվան Տիաս կառավարիչը ժողովուրդներու աւետարանութեան
եւ Ընկերային հաղորդակցութեան քահանայապետական խորհուրդի լիանիստ գումարին մասնակցողները, թիւով 60 հոգի։
Անոնց ուղղած ճառով Սրբազան Հայրը շեշտը դրաւ հաղորդակցութեան միջոցներու կարեւորութեան ու հարկաւորութիւնը հետեւելու անոնց արագընթաց յեղաշրջումին։ Վստահ եմ թէ Ընկերային Հաղորդակցութեան Քահանայապետական խորհուրդը մշտատեւ կը հետեւի այդ յեղաշրջումին` միշտ հետեւելով Եկեղեցւոյ ցուցմունքներու։ Ան պատասխանատուութիւնը ունի հովուական առաջնորդութիւն կատարել եւ դիմագրաւել ներկայացող մարտահրաւէրները օգտագործելու ներկայացող տեխնիքական նոր յատնաբերումները յօգուտ լաւագոյն աւետարանութեան մը։
Ապա Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. 2009ի ընկերային հաղորդակցութեան միջազգային օրուան առթիւ պատգամին մէջ քաջալերեցի հաղորդակցութեան պատասխանատուները զարգացնելու մշակոյթը յարգանքի, մարդու արժանաւորութեան ու անհատին արժէքը, երկխօսութիւն մը հիմնաւորուած ճշմարտութեան անկեղծ փնտռտուքով եւ զարգացնել տաղանդները ի սպաս մարդկային հասարակութեան։
Հուսկ Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց թէ այս տարի կը յիշատակուի Վատիկանի կինոդարանի 50-րդ տարեդարձը, հիմնուած Երանելի Յովհաննէս 23-րդ Քահանայապետի կամքով։ Այդ կինոդարանը կը ներփակէ 1896էն այսօր կինոներ, որ կարող է ցուցադրել Եկեղեցւոյ պատմութիւնը։ Վատիկանի կինոդարանը ունի հարուստ մշակութային ժառանգութիւն, որ կը պատկանի համայն մարդկութեան։ Սրբազան Հայրը իր ճառը եզրափակեց երախտագիտութիւն յայտնելով ցայժմ կատարուածին համար եւ քաջալերելով քահանայապետական ընկերային հաղորդակցոււթեան խորհուրդը շարունակելու հաւաքածոյի իր աշխատանքը, որ կը լուսաբանէ քրիստոնէութեան վաւերական հանգրուանները, պատկերի միջոցաւ։







All the contents on this site are copyrighted ©.