2009-10-29 13:10:23

Լուրեր հայրենիքէն


Լուրեր հայրենիքէն

ՆՈՐՔ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄ

Հայաստան համահայկական հիմնադրամի Պրազիլի տեղական մարմինի ատենապետ՝ Օշին Լեւոն Մկրտչեան խումբ մը պրազիլահայերու ուղեկցութեամբ այցելած է Նորք հիւանդանոց։ 2005-2008 տարիներու ընթացքին իրականացուած են շարք մը ծրագիրներ եւ վերանորոգուած են առաջին եւ երկրորդ յարկերը, ինչպէս նաեւ՝ Բ մասնաշէնքին երրորդ եւ չորրորդ յարկերու վրայ գտնուող բաժանմունքները եւ անոր տանիքը, նաեւ կառուցուած է ջեռուցման համակարգն ու կաթսայատունը։



ԱՆՕԹԵՒԱՆ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՕՐՐԱՆ՝ ՎԱՆԱՁՈՐԻ ՄԷՋ

Վանաձորի մէջ պիտի բացուի մանուկներու ցերեկային խնամքի կեդրոն մը, որուն պիտի կարենան մաս կազմել Օրրանի մշակած չափանիշներով ընտրուած երկու խումբերու պատկանող մանուկներ՝ մուրացկանութեամբ զբաղողներ եւ ընտանիքի տնտեսական ծանր կացութեան պատճառով նոյն ճակատագրին արժանանալու վտանգին առջեւ կանգնած 5-16 տարեկան մանուկներ։ Վիվասել-Էմ Թի Էս ընկերութեան մամլոյ ծառայութենէն տեղեկացուցած են, թէ՝ Օրրանի առաջին տարուան գործունէութեան նիւթական հայթայթումը ստանձնած են՝ Բաց հասարակութեան հիմնարկը եւ Վիվասել-Էմ Թի Էսը։

Յայտնենք, որ Վանաձորի մէջ Օրրան կառուցելու նիւթական միջոցները գոյացած են մէկ տարի առաջ՝ բարեսիրական ընթրիքի ժամանակ իրականացուած աճուրդին եւ դրամահաւաքին իբրեւ արդիւնք։ Այս ընթացքին Վիվասել-Էմ Թի Էսի օժանդակութիւնը կազմած է շուրջ 200 հազար տոլար։ Յիշեցնենք, որ Օրրանը իր գործունէութեան աւելի քան տասը տարիներու ընթացքին օգնած է հարիւրաւոր ընտանիքներու։

Մանուկները խնամքի կեդրոն պիտի յաճախեն դպրոցէն անմիջապէս ետք։ Շաբաթական վեց օր Օրրանը մանուկներուն պիտի տրամադրէ առողջարար սնունդ։ Աշխատակազմի եւ կամաւորներու օգնութեամբ, անոնք պիտի կատարեն տնային աշխատանքներ եւ ուսուցողական ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ պիտի սորվին՝ փայտագործութիւն, մաքրամէ, ասեղնագործութիւն եւ կաւագործութիւն։ Ընտանիքներու ծախսերը նուազեցնելու նպատակով Օրրանը մանուկներուն պիտի տրամադրէ հագուստ, կօշիկ, գրենական պիտոյքներ։ Իսկ անոնց ազատ ժամերուն համար պիտի կազմակերպուին տարբեր խաղեր եւ մշակութային միջոցառումներ, ինչպէս՝ թատրոն այցելել, թանգարաններ, պատմական յուշարձաններ եւ զբօսայգիներ։ Նշենք, որ մանուկները արհեստավարժ անձնակազմի կողմէ պիտի ստանան նաեւ բժշկական եւ հոգեբանական ծառայութիւններ։

Ատանայի ջարդի 100-ամեակին նուիրուած համագումար՝ Անթիլիասի մէջ

1909-ին տեղի ունեցած Ատանայի կոտորածի 100-ամեակին նուիրուած համագումարին բացումը կր կատարուի Հինգշաբթի, 29 Հոկտեմբերին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրավանքին մէջ, Անթիլիաս, նախագահութեամբ Արամ Ա կաթողիկոսի։ Համագումարին կը մասնակցին աշխարհի տարբեր երկիրներէ Անթիլիաս ժամանած գիտնականներ, համալսարանի դասախօսներ եւ մասնագէտներ։ Քննարկումի նիւթ պիտի դառնան Ատանայի եւ ամբողջ վիլայէթին մէջ գտնուող հայերու ներկայութեան քաղաքական, ընկերային, ազգագրական եւ այլ տուեալները, օտարներու վկայութիւնը այդ շրջանին մէջ ապրող հայութեան մասին, Եւրոպայի դերակատարութիւնը, եւայլ նիըճթր։








All the contents on this site are copyrighted ©.