2009-10-29 12:32:21

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՓԻԹԸՐ ՍԵՄՆԵՊԻՆ։
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Փիթըր Սեմնեպին։ Սարգսեան եւ Սեմնեպի քննարկեցին շրջանային խնդիրներ, մասնաւորապէս՝ անդրադարձան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։ Սեմնեպի ըսաւ, որ Եւրոպական Միութիւնը կ՝ողջունէ արձանագրուած յառաջընթացը եւ պատրաստ է աջակցելու երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման։ Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին արձանագրութեան վաւերացման վերաբերեալ, եւ անգամ մը եւս ընդգծեցին, որ յարաբերութիւններու հաստատումը պէտք է տեղի ունենայ առանց նախապայմաններու։
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՄԼՈՅ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՆՍԿԻ ԽՄԲԱԿԻ ԿԱԶՄԻ ՄԱՍԻՆ։
Սի. Էն. Էն.Թիւրք Թրքական հեռուստակայանը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Պուրաք Էօզիւկերկին յայտնած է, թէ Թուրքիա իսկապէս կը փափաքի Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորել։ Ան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է, որ Թուրքիոյ նպատակը ոչ միայն Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումն է, այլ նաեւ Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման համար հող նախապատրաստելը։ Մենք իսկապէս կուզենք Հայաստանի հետ մեր յարաբերութիւնները կարգաւորել։ Խնդիրներու կարգաւորումը ամբողջ շրջանի օգտին պիտի ըլլայ (նշած է ան) եւ աւելցուցած ՝՝Մինսքի խմբակի աշխատանքներուն Վիեննայի մէջ մասնակցած է նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Իւնալ Չեւիքէօզը, Էօզիւկերկին ըսած է, որ Չեւիքէօզին ոչ ոք առարկած է, երբ ան խօսած է Մինսքի խմբակի կազմին մէջ Թուրքիոյ մասնակցութեան կարելիութեան մասին՝՝։
Ըստ Ազգային Ժողովի Նախագահին Հայաստան Պատրաստ Է Համարժէք Քայլերու Դիմել։
Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան, Հոկտեմբեր 28ին, Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոպական միութեան ներկայացուցիչ Փիթըր Սեմնեպիի հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարած է. «Թուրքիայի կողմից արձանագրութիւնների վաւերացման ձգձգումը կ՛արժանանայ հայկական կողմի համարժէք վերաբերմունքի։ ԱԺ հասարակայնութեան հետ կապերի վարչութիւնից NEWS.am կայքէջին յայտնում են, որ հանդիպման առանցքում եղել է առանց նախապայմանների հայ-թուրքական յարաբերութիւնները կարգաւորելու գործընթացը»: Ազգային Ժողովի նախագահը վերահաստատած է հայկական կողմի դիրքորոշումը այդ հարցի վերաբերմամբ եւ շեշտած, որ այդ արձանագրութիւններով Հայաստան չէ ստանձնած որեւէ միակողմանի պարտաւորութիւն, եւ դիմած է այդ քայլին՝ երկու երկիրներու միջեւ բնականոն յարաբերութիւններ հաստատելու համար անհրաժեշտ հիմքեր ստեղծելու նպատակով: Յովիկ Աբրահամեան տեղեկացուցած է Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչին, որ եթէ Թուրքիա «խելամիտ ժամկէտներում» չվաւերացնէ այդ արձանագրութիւնները, ապա հայկական կողմն առանց յապաղելու կը ձեռնարկէ համապատասխան համարժէք քայլեր:
ԼԻԲԱՆԱՆ ։ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌԻՉԸՐՏ ՌԱՅԼԻՆ։
Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Պուրճ Համուտի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Մերձաւոր Արեւելքի բաժանմունքի տնօրէնի փոխանորդ Ռիչըրտ Ռայլին, որուն կընկերանար ամերիկեան դեսպանատան քաղաքական հարցերու պատասխանատուն։ Ամերիկացի դիւանագէտը Լիբանան իր կեցութեան ընթացքին կը հանդիպի լիբանանեան զանազան կողմերու ներկայացուցիչներուն՝ ներկայ հանգրուանին եւ ապագայի կապակցաբար իրենց պատկերացումներուն տեղեակ ըլլալու համար։ Բագրատունի լայնօրէն անդրադարձաւ լիբանանեան ներկայ իրավիճակին՝ շեշտելով հայ համայնքի պատմական ներկայութիւնը իբրեւ եօթը հիմնական համայնքներէն մէկը։







All the contents on this site are copyrighted ©.