2009-10-28 08:19:55

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ Կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը


Երկուշաբթի 26 Հոկտեմբեր 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Ս. Գիրքի քահանայապետական համալսարանի անձնակազմը եւ ուսանողները։

Նախապէս Նորին Սրբութիւնը յաջորդաբար ընդունեց .

կարտինալ Նիքոլաս Ռոտրիկէզ՝ առաջնորդը Տոմինիքան հանրապետութեան Սան Տոմինքօ Թեմին, եւ կարտինալ Վարելա` առաջնորդը Սպանիոյ Մատրիտի թեմին,հուսկ՝ կարտինալ Փոլեթթօ` առաջնորդը Իտալիոյ Թորինօ թեմին,



Սրբազան Քահանայապետին Կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը



Կիրակի, 25 Հոկտեմբեր 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց, իր գրասենեակի պատշգամէն, տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Այսօր Կիրակի՝ առաւօտեան, Ս. Պետրոս տաճարին մէջ, հանդիսաւոր համապատարագով՝ փակումը կատարեցինք Ափրիկէի եպիսկոպոսական երկրորդ սիւնոդոսին։ Անոր աշխատանքները տեւեց երեք շաբաթ, եւ որուն ընթացքին աղօթքով եւ իրարու անսալով ջանացինք լսել Ս. Հոգւոյ ձայնն ու կամքը հանդէպ Ափրիկէի Եկեղեցւոյ ու Տիեզերական Եկեղեցւոյ։ Սիւնոդոսական հայրերը, եկած՝ Ափրիկէի զանազան վայրերէն իրենց միջամտութիւններուն ընթացքին ներկայացուցին տեղական եկեղեցիներու հարուստ իրավիճակը։ Միասնաբար բաժնեցինք անոնց ուրախութիւններն ու յարաճուն աճումը որակով ու քանակով։ Երախտապարտ ենք Ամենակալին։ Աւետարանի քարոզիչները, այդ ցամաքամասին մէջ, գտան բերրի հող մը, եւ կարողացան այնտեղ սերմանել Աստուծոյ խօսքը։ Ափրիկէն, այսօր ի վիճակի է, իր կարգին առաքեալներ ուղարկել երկրագունդի զանազան ցամաքամասերուն։

Ապա Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. Ընտանքի հաստատութիւնը Ափրիկէի մէջ նաեւ կորիզը կը կազմէ ընկերութեան, սակայն անիկա ենթակայ է արտաքին գաղափարախօսութիւններու վնասաբեր հոսանքին, նոյնպէս երիտասարդները եւս նոյն ճնշումի ենթակայ են։ Օտարամուտ այդ նորութիւնները հակառակ են Ափրիկէի մարդկային ու քրիստոնէական արժէքներուն։ Սիւնոդոսական Հայրերը, մատնանշեց Սրբազան Քահանայապետը, ի յայտ դրին այսօրուան Ափրիկէի մեծ հարցերը եւ այդ պատճառաւ հաշտութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան կոչ կ'ուղղեն իրենց ժողովուրդներուն։ Ափրիկէի եկեղեցին վերանորոգ խանդով աւետարանութեան ու մարդկային արժէքներու վերահաստատման աշխատանքի լծուած է։ Աստուծոյ խօսքով ու կենաց հացով սնած՝ անիկա կ'աշխատի արժանավայել կեանք երաշխաւորել ու ապահովել ամէն անհատին ։

Ապա Նորին Սրբութիւնը անդադարձաւ սիւոդոսական Հայրերու վերջնական պատգամին։ Պատգամ մը, ըսաւ Սրբազան հայրը, ուղղուած Հռոմէն, աթոռը Պետրոսի յաջորդին , սակայն անոր ծագումը Ափրիկէ կը գտնուի։ Անիկա կը դրսեւորէ ափրիկեցի ժողովուրդներու փորձառութիւնը, ակնկալութիւնները եւ ծրագիրները։ Սիւնոդոսական Հայրերը տուն վերադառնալով իրենց հետ կը տանին սիւնոդոսի հարստութիւնը, պտուղը՝ ՜՜Ս. Հոգւոյ պարգեւներուն՝՝։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ մինչ այսօր եզրափակեցինք Ափրիկէի եպիսկոպոսական երկրորդ յատուկ սիւնոդոսը, կ'ուզեմ յիշեցնել թէ յառաջիկայ տարին կը նախատեսուի այլ եպիսկոպոսական սիւնոդոս մը նուիրուած Միջին Արեւելքի Եկեղեցւոյ։ Կիպրոս կատարելիք յառաջիկայ առաքելական ճամբորդութեանս ընթացքին ուրախութիւնը պիտի ունենամ Արեւելքի Եկեղեցւոյ յանձնելու աշխատանքի թղթածրարը։ Գոհութիւն մատուցանենք Տիրոջ որ բնաւ չի յոգնիր կերտելու ու պայծառացնելու իր Եկեղեցին եւ միշտ հայցենք բարեխօսութիւնը Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին։








All the contents on this site are copyrighted ©.