2009-10-28 12:44:45

Լուրեր հայկական կեանքէն


Վարդան Մամիկոնեանի ու Աւարայրի ճակատամարտի մասին ֆիլմ եւ նկարահանում Հոլիվուտի մէջ-Միացեալ Նահանգներ

Հոլիվուտի մէջ կ'ընթանայ բեմադիր Ռոճըր Կուպելփանի «Բիւզանդիայէն դէպի արեւելք կամ Մամիկոնեանի պայքարը յանուն հաւատքի» ֆիլմը, որ կը պատմէ հայ ժողովուրդի պատմութեան ամենակարեւոր ճակատամարտներէն մէկը` Աւարայրի ճակատամարտի մասին: ֆրանսացի լրագրող Ժան Էքիեանի համաձայն, Հայ բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (AGBU) արդէն յայտարարած է, որ պատրաստ է աջակցիլ ֆիլմի ստեղծման: Ֆիլմի երաժշտական ձայնագրութիւնը պիտի ապահովէ ՜՜System of a Down՝՝ ռոք-խումբի մենակատար Սերժ Թանկեան:

451 թուի մայիս 26-ին, 66-հազարնոց հայկական զօրքը Վարդան Մամիկոնեանի գլխաւորութեամբ՝ Աւարայրի դաշտի մէջ հանդիպեցաւ 220-հազարանոց պարսկական բանակի հետ: Այդ ճակատամարտին երկու կողմերն ալ մեծ կորուստներ կրեցին, քաջերու մահով ինկաւ նաեւ Վարդան Մամիկոնեան: Սակայն, հանդիպելով հայերու կատաղի դիմադրութեան եւ հսկայական կորուստներ կրելով՝ պարսիկները ստիպուած էին հրաժարիլ ոտնձգութիւններէն քրիստոնէութեան եւ հայ ժողովուրդի ազգային ինքնատիպութեան դէմ:



Կլէնտէյլի մէջ ՜՜Երիտասարդութեան տարուան՝՝ տօնակատարութիւն

Կազմակերպութեամբ ԱՄՆի ազգային առաջնորդարանի առաքելութեան տարածման յանձնախումբի , ՜՜Երիտասարդութեան տարուան՝՝ տօնակատարութեան կեդրոնական ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ 3 Նոյեմբեր 2009ին (երեքշաբթի) Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։

Ձեռնարկը կը վայելէ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնը։ Այս առթիւ պիտի դասախօսէ Դոքթ. Վիգէն Եագուպեան, հետեւեալ նիւթին մասին. ՜՜Հայ Երիտասարդին ներդրումը ազգային եկեղեցական կեանքին մէջ՝՝։

Տեղի պիտի ունենայ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր մը որուն ընթացքին ելոյթ պիտի ունենայ ազգային առաջնորդարանի ՜՜Լուսաւորիչ՝՝ երիտասարդաց երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Հ. Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեանի։








All the contents on this site are copyrighted ©.